​Դառնակսկիծ կորուստ մը - Հայերէն
30 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

09 Eylül 2024  

​Դառնակսկիծ կորուստ մը -

​Դառնակսկիծ կորուստ մը Մահ Սէրտար-Արաս Շահինի

2024ը նահանջ տարի է եւ իր տխուր վիճակագրութեամբ այդպիսին պիտի մնայ համայնքին համար։ Կորուստներու երկար շարք մը ունեցանք, երբեմն այնքա՛ն ծանր եւ այնքա՛ն անժամանակ, որ ներքուստ ընդվզեցանք, «ինչո՞ւ»ներու անվերջանալի հարցումներով։

Դժբախտաբար այսօր ալ բօթով մը կը սկսինք նոր շաբթուան։ Շաբաթ օր, 7 Սեպտեմբերին, տակաւին շատ երիտասարդ հասակին մէջ, անժամանակ կերպով մեզմէ բաժնուեցաւ Սէրտար-Արաս Շահինը, իր ծնողներուն մէկ հատիկ զաւակը, երկար պայքարելով անողոք հիւանդութեան դէմ։

Աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր յաճախ կը լսէինք իր անունը։ Միջոց մը ընկերային ցանցերու մէջ կը տողանցէին «կոչ»երը՝ Արասին արեան նուիրատու դառնալու համար։ Յետոյ ուրախ լուրեր կը հասնէին. Արաս յաղթահարած էր քաղցկեղը եւ նոյնիսկ գիրք գրած էր «Սահմանափակեալ կեանքեր» խորագրին ներքեւ յիշեցնելով որ «կեանքի մէջ ամէն ինչ աւելիով կ’ուզենք. աւելի շատ դրամ, աւելի շատ հարստութիւն, նոյնիսկ աւելի շատ սէր ու երբեք չենք գոհանար։ Մինչդեռ թանկագինը կեանքն էր, անգինը՝ առողջութիւնը։

Ի՜նչ մեղք որ հիւանդութիւնը դարձեալ գլուխ բարձրացուց ու այս անգամ բժշկութիւնը անզօր մնաց սիրելի Արասը կեանքի վերադարձնելու համար։ Շաբաթ օր ան իր հոգին աւանդեց, անդարմանելի մրմուռ պատճառելով ծնողներուն ու բոլոր հարազատներուն։

Կը վշտակցինք ընտանիքին, կը բաժնենք բոլոր մերձաւորներու սուգը։




Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+