​Էրտողանի Աւագ Խորհրդականներէն Մէկը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Թուրքիան Պատրաստ Է Յարաբերութիւններու Կա - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

06 Şubat 2021  

​Էրտողանի Աւագ Խորհրդականներէն Մէկը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Թուրքիան Պատրաստ Է Յարաբերութիւններու Կա -

​Էրտողանի Աւագ Խորհրդականներէն Մէկը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Թուրքիան Պատրաստ Է Յարաբերութիւններու Կա ​Էրտողանի Աւագ Խորհրդականներէն Մէկը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Թուրքիան Պատրաստ Է Յարաբերութիւններու Կարգաւորման, Եթէ Հայաստանը Ուզէ»

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի թուրք աշխատակից Ասլը Այտընթաշպաշ օրաթերթին մէջ հրապարակած է յօդուած մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Ճօ Պայտընի նախագահութեան ընթացքին թուրք-ամերիկեան խարխլած յարաբերութիւններու կարգաւորման:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթի թուրք լրագրողը զրուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մէջ շարք մը անանուն աղբիւրներու հետ, ներառեալ Էրտողանի աւագ խորհրդականներէն մէկը:

Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները խարխլած այլ կարեւոր խնդիրներու կողքին, խորհրդականը նշած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ յայտնած զանոնք կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին:

«Աւելի զարմանալի էր, որ Էրտողանի աւագ խորհրդականը ինծի ըսաւ, թէ Անգարան պատրաստ է «կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ», նշեց Այտընթաշպաշ:

Թուրքիան նոյեմբերին աջակցած էր Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի զինուորական արշաւին, սակայն պաշտօնատարը այժմ կը նշէ, որ իրենք կրնան համագործակցիլ իրենց պատմական թշնամիին հետ եւ նոյնիսկ բանալ սահմանները:

«Մեզի համար մշտապէս խնդիր էր Ազրպէյճանի տարածքներու Հայաստանի կողմէ բռնագրաւումը: Սակայն այդ հարցը այժմ լուծուած է: Եթէ Հայաստան փափաքի քայլ կատարել, մենք պատրաստ ենք», Էրտողանի խորհրդականին խօսքերը կը մէջբերէ Այտընթաշպաշ:

Լրագրողը կը նշէ, որ թէեւ Հայաստանը եւ Կիպրոսը չեն նկատուիր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու միջուկը, բայց եւ այնպէս, այդ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ Արեւմուտքին հետ Թուրքիոյ մերձեցման:







Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+