Թշնամին Կը Հարուածէ Շուշիի Խորհրդանիշ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցին - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

09 Ekim 2020  

Թշնամին Կը Հարուածէ Շուշիի Խորհրդանիշ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցին -

Թշնամին Կը Հարուածէ Շուշիի Խորհրդանիշ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցին Թշնամին Կը Հարուածէ Շուշիի Խորհրդանիշ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Եկեղեցին

Երէկ` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Ազրպէյճան հարուածեց Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին հարուածելու մասին ըսաւ. «Անոնք կը հարուածեն մեր հոգեւոր արժէքները, այն ժամանակ, երբ մենք կը վերականգնենք մզկիթները»:

Արցախի թեմի առաջնորդը աւելցուց, թէ այս արարքին մէջ կը տեսնէ «Իսլամական պետութեան» ձեռագիրը:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ն կաթողիկոսը անդրադարձած է ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորման եւ միտումնաւոր ռմբակոծութեան: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի դատապարտող յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Տեղեկացանք այսօր Ազրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակավայրերու հերթական հրետակոծութեան ժամանակ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորման եւ միտումնաւոր ռմբակոծութեան մասին:

Ազրպէյճանը վերստին փաստեց Արցախը հայաթափելու եւ հայկական մշակութային ներկայութիւնը ոչնչացնելու իր նենգ ծրագիրին մասին` աջակից ունենալով ցեղասպան Թուրքիոյ եւ վերջինիս կողմէ վարձուած ահաբեկչական-ծայրայեղական զինեալները»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը տեսաուղերձ յղած է հայոց բանակի զինուորներուն ու ամբողջ աշխարհին` նշելով, որ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան իրենց նիւթեղէն զէնքով չեն կրնար ընկճել մեր ժողովուրդին մնայուն հաւատքը: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդին հաւատքն ու հայրենասիրութիւնը աւելի զօրեղ են, քան որեւէ նիւթական զէնք:

«Թող աշխարհը իմանայ, որ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան իրենց նիւթեղէն զէնքով չեն կրնար ընկճել մեր ժողովուրդի մնայուն կեանքը ու հաւատքը: Եթէ իրենց նիւթեղէն զէնքը իրենց հզօրութեան աղբիւրն է ու ապաւէնը, հայոց բանակի եւ մեր ժողովուրդի հաւատքի զէնքը, վճռականութեան զէնքը, հայրենասիրութեան զէնքը աւելի զօրեղ են, քան աշխարհի ամէն տեսակ զէնքերը», ըսած է Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը դիմելով հայոց բանակի զինուորներուն, նշած է, որ պէտք է յաղթենք եւ միշտ յաղթենք:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով` «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարելու մասին» որոշումին մէջ փոփոխութիւններ կատարուած են:

«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարելու մասին» որոշումը լրացուած է նոր կէտերով, որոնք կը սահմանեն.

«Պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ պաշտօնատար անձերու` ռազմական դրութեան իրաւական դրութեան ապահովման եւ պետական անվտանգութեան ապահովման առնչուող գործողութիւնները (այդ կարգին` ելոյթները, հրապարակումները) քննադատող, հերքող, անոնց արդիւնաւէտութիւնը կասկածի տակ դնող կամ որեւէ այլ ձեւով արժեզրկող հաղորդումներու հրապարակումը արգիլուած է:

Կ՛արգիլուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանունակութեան ու անվտանգութեան դէմ ուղղուած քարոզչութիւնը, այդ կարգին` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանունակութիւնը կասկածի տակ դնող հաղորդումներու հրապարակումը»:

Երէկ Դիմատետրի իր էջով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան ըսած է, որ երեկոյեան ժամը 7:30-էն 9:20-ի ժամանակահատուածին Վարդենիսի շրջանին մէջ խոցուած է թշնամիի 7 անօդաչու թռչող սարք:

Շուշան Ստեփանեան յայտնած է նաեւ, որ տակաւին յստակ չէ, թէ խոցուածները ի՛նչ տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր են:

Երէկ առաւօտեան Շուշան Ստեփանեան գրած է, որ «կանուխ առաւօտեան ժամը 8:30-ի շուրջ, հարաւային ուղղութեամբ թշնամին կեդրոնացման շրջանէն գրոհի փորձի ձեռնարկած է, սակայն կորսնցնելով երեք միաւոր ռազմական մեքենայ եւ տալով աւելի քան 20 սպաննուած ու վիրաւոր, Ճեպրայիլի մատոյցներէն գումարտակի կազմով դիմած է փախուստի:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛արձանագրէ, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի մէջ լրագրողներու թիրախաւորումը միտուած է Ազրպէյճանի բանակի ռազմական յանցագործութիւններու լուսաբանումը խոչընդոտելուն: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած մարտական գործողութիւններու առաջին հինգ օրերուն ընթացքին թշնամիի սպառազինութեան կորուստներու չափը չափազանց բարձր էր: Այս մասին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

Աւելի կանուխ, Յովհաննիսեան ըսած էր, որ երէկ առաւօտեան Ազրպէյճանի զինուած ուժերը անգամ մը եւս վերսկսած են յարձակողական գործողութիւնները, թէ՛ հիւսիսի, թէ՛ ալ հարաւային ուղղութեամբ: Հայկական կողմը ոչնչացուցած է թշնամիի զգալի թիւով կենդանի ուժ: Թշնամին շպրտուած է մինչեւ ելման բնագիծերը: Յամառ մարտեր տեղի ունեցած են յատկապէս հարաւային ուղղութեամբ:

8 հոկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Վրաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գիորգի Սականելիծէն:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ դեսպանին խնդրանքով նախարար Տօնոյեան տեղեկատուութիւն ներկայացուցած է Արցախի մէջ Ազրպէյճանի նախաձեռնած ռազմական գործողութիւններու եւ անոնց զարգացման վերաբերեալ:

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծած է, որ ռազմաճակատի վրայ իրադրութեան հետագայ սրումը կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ շրջանին համար:

Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արգիշտի Քյարամեանը ազատ կացուցուած է պաշտօնէն:

Նախագահի այլ հրամանագիրով մը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող նշանակուած է Միքայէլ Համբարձումեան:




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+