Յայտարարութիւն -
Յայտարարութիւն
Ստանպուլի Կուսակալութունը, 29 Օգոստոս 2020, Շաբաթ օր, յայտարարած է՝ Նահանգային Առողջապահական Խորհուրդի կողմէ առնուած Քորոնայի Համավարակի հետ առընչուած յաւելեալ միջոցառումները։
Պատրիարքական Աթոռը, սոյն յայտարարութիւնը նկատի ունենալով, ըրած է հետեւեալ տնօրինութիւնները.
1. Ս. Պսակի, մկրտութեան եւ յուղարկաւորութեան աւարտին փակ սրահներու մէջ սարքելի ընդունելութիւնները առկախուած են։ Բացօթեայ միջավայրի մէջ կարելի է սարքել, նկատի ունենալով միջավայրի տարողութեան 1/3 համեմատութիւնը։
2. Բացի հարսին եւ փեսային առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց, արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։
3. Բացի հանգուցեալի առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց, յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։
4. Բացի երախայի առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց, մկրտութեան արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։
Սոյն տնօրինութիւնները ի զօրու կը դառնան եւ բծախնդրութեամբ կը կիրարկուին 31 Օգոստոս 2020, Երկուշաբթի առաւօտէն սկսեալ։ Մեր համայնքի ուշադրութեան կը յանձնենք
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com