Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի «Քառասնօրեայ Խոհեր»Ը - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

22 Ekim 2017  

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի «Քառասնօրեայ Խոհեր»Ը -

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի «Քառասնօրեայ Խոհեր»Ը Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի «Քառասնօրեայ Խոհեր»Ը

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երիտասարդ անդամներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հրատարակած է իր անդրանիկ գիրքը։ «Քառասնօրեայ խոհեր» կը կոչուի այս գործը, որ լոյս տեսած է Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան շրջանին։ Ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութան տակ դրուած այս գիրքը հրատարակուած է Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ։ Գատըգիւղի ընտանիքը որոշած է հաստատել եկեղեցւոյ անունով մատենաշար մը՝ թաղի անցեալի հրատարակչական աւանդութիւնները հնարաւորինս վերակենդանացնելու առաջադրութեամբ։ Ուրեմն, այս մատենաշարի առաջին գիրքը կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի գիրքը, որ ձօնուած է հայերէն տպագրեալ առաջին Աստուածաշունչ մատեանի 350-ամեայ յոբելեանին։ 178 էջէ բաղկացեալ գիրքը կ՚ընդգրկէ հոգեւոր խորհրդածութիւններ եւ օրագրութիւններ։ Պարունակութեան մէջ տեղ գտած են նաեւ հեղինակին կողմէ գրի առնուած քարոզներ՝ քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանին։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութեամբ հրատարակուած այս գիրքը կարելի է ապահովել Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն։ Գատըգիւղի թաղային խորհուրդի անդամներէն Արման Հիլքաթ եղած է այս գիրքին մեկենասը՝ ի յիշատակ իր հանգուցեալ մեծմօր՝ Սոֆիա Խրիսոսթոմիտիսի։ Կողքի ձեւաւորումը կատարած է Մուրատ Կոստանեան։

Գիրքի սկիզբին հեղինակը գրի առած է սրտի խօսք մը, ուր կը ներկայացնէ «Քառասնօրեայ խոհեր»ու պատրաստութեան նպատակը։ Այս բաժնին մէջ կը կարդանք.

«Երբ անցեալ օրերու մասին կը մտածեմ, կը խոստովանիմ, որ լաւ ըրեր եմ ամենօրեայ մտորումներս ու օրագրութիւններս գրի առնելով։ Կրնամ ըսել, թէ գրուածները պարզապէս կը ներկայացնեն որոշ դէպքեր, դասեր եւ մտածումներ, զորս կը ջանամ սեւագրել առանց որեւէ պաշտօնական կաղապարի։ Երբեմն կարճ քարոզ մը կ՚ըլլայ այս, երբեմն դէպքի մը արձագանգը, երբեմն դէմքերուն թողած ազդեցութիւնը։ Այս բոլորը պարզապէս կը փորձեմ անմահացնել տկար տողերովս։ Այս առիթ մըն է դէպի մեր ներքին աշխարհը ճամբորդելու եւ մեր գտածները գրութեան վերածելու։ Այլ խօսքով, այս բոլորը պարզ գրիչի մը արտադրութիւնն է։ Ան կը ջանայ ներկայացնել հեղինակին քառասուն օրերը եւ ապրումները։ Սա փաստն է, թէ խօսքը կը թռչի, իսկ գիրը կը մնայ։ Եթէ յիշողութեանս վստահէի եւ գրելէ փախուստ տուած ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի յիշէի մանրամասնութիւնները այս իւրայատուկ եւ անկրկնելի շրջանին։ Ինչպէ՞ս պիտի յիշէի մեզի տրուած խրատները, մեր քաղած դասերը։ Երբեմն ինքնադատողութեան լաւագոյն ճամբան պիտի ըլլայ յիշեալ էջերը։ Ցոյց պիտի տան, թէ ի՞նչ էինք, ի՞նչ եղանք։ Անձնական հանգամանք ունին անշուշտ այս բոլորը եւ կը ներկայացնեն Յարութիւն Աբեղայի ներքին աշխարհը եւ նորընծայի տեսանկիւնէն դէպքերու դիտարկումը» (19 Մարտ 2015, Հինգշաբթի)։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+