​Միացեալ Նահանգներ Եւ Թուրքիա Փոխադարձաբար Դադրեցուցած Են Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

10 Ekim 2017  

​Միացեալ Նահանգներ Եւ Թուրքիա Փոխադարձաբար Դադրեցուցած Են Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը -

​Միացեալ Նահանգներ Եւ Թուրքիա Փոխադարձաբար Դադրեցուցած Են Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը ​Միացեալ Նահանգներ Եւ Թուրքիա Փոխադարձաբար Դադրեցուցած Են Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, ապա ի պատասխան Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի աշխատակիցի ձերբակալութեան ամերիկեան քայլին` Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը, յայտարարած են, թէ կը դադրեցնեն մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութեան աշխատակիցը անցեալ շաբաթ ձերբակալուած է Պոլսոյ մէջ` անցեալ տարի յեղաշրջման փորձի պատասխանատու նկատուող ընդդիմադիր իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու մեղադրանքով:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Պոլսոյ մէջ ամերիկեան գլխաւոր հիւպատոսարանի աշխատակից Մեթին Թոփուզի ձերբակալութեան առնչութեամբ եւ անոր դէմ մեղադրանքները կը նկատէ անհիմն եւ հակասող Թուրքիոյ հետ գործընկերային յարաբերութիւններուն:

«Վերջին իրադարձութիւնները Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ստիպած են վերագնահատել Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան եւ անձնակազմին նկատմամբ Թուրքիոյ կառավարութեան յանձնառութիւնը: Այդ վերագնահատման ընթացքին մեր դեսպանատուն եւ հիւպատոսութիւններ այցելուներու թիւը կրճատելու համար մենք դադրեցուցած ենք բոլոր ոչ ներգաղթային մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումը Թուրքիոյ մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ», նշուած է Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան յայտարարութեան մէջ:

Այդ յայտարարութեան յաջորդած է Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան յայտարարութիւնը, որ գրեթէ նոյնութեամբ կրկնած է նախորդ յայտարարութիւնը` երկիրներու անունները փոխելով:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հաղորդումով, Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի աշխատակիցը Թուրքիոյ քաղաքացի է եւ ձերբակալուած է չորեքշաբթի` լրտեսութեան եւ Թուրքիոյ սահմանադրական կարգին ու իշխանութեան վնաս հասցնելու փորձերու մեղադրանքով:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր մօտ կանչած է Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ անոր ներկայացուցած մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման առկախման ճգնաժամին վերջ տալու առաջարկ մը:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+