Հայր Արսէն Այտընեան (1825-1902) - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

08 Temmuz 2017  

Հայր Արսէն Այտընեան (1825-1902) -

Հայր Արսէն Այտընեան (1825-1902) Հայր Արսէն Այտընեան (1825-1902). Հայագէտ ու լեզուաբան մեծավաստակ Աբբահայրը

Յու­լիս 8ին կը լրա­նայ մա­հո­ւան 115րդ ­տա­րե­լի­ցը հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­ւի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն եւ հա­յոց լե­զո­ւի մե­ծա­վաս­տակ մշակ­նե­րէն ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի։

Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան­նե­րու այս հա­յա­գէտ Աբ­բա­հօր մա­սին գրո­ւած վկա­յու­թիւն­նե­րը թէեւ շատ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն փո­խան­ցեր ա­նոր կեան­քի տար­բեր փու­լե­րուն, հո­գե­ւո­րա­կա­նի անձն­դիր ծա­ռա­յու­թեան, ման­կա­վար­ժի գոր­ծու­նէու­թեան եւ խմբագ­րի բե­ղուն վաս­տա­կին մա­սին, բայց անխտիր բո­լոր լե­զո­ւա­գէտ­ներն ու քե­րա­կա­նա­գէտ­նե­րը հա­մա­կար­ծիք են այն ար­ժե­ւո­րու­մին հետ, որ ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան «նոր դա­րագ­լուխ» բա­ցաւ հա­յոց լե­զո­ւի գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան, մշակ­ման ու հարս­տաց­ման մէջ։


1866էն մին­չեւ 1902ի իր վախ­ճա­նու­մը, ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան Աբ­բա­հօր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս վա­րե­լու կող­քին, ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան ան­խոնջ գի­տաշ­խա­տո­ղը դար­ձաւ հա­յե­րէ­նի ճա­նա­չո­ղու­թեան։

Լե­զո­ւա­գէ­տի, քե­րա­կա­նա­գէ­տի ու հա­յա­գէ­տի իր վաս­տա­կով՝ ան դար­ձաւ հա­յոց աշ­խար­հա­բա­րի գի­տա­կան ու­սում­նա­սիր­ման եւ կար­գա­ւոր­ման նա­խա­կա­րա­պե­տը, ո­րուն մօ­տե­ցում­ներն ու տե­սա­բա­նա­կան եզ­րա­յան­գում­նե­րը մին­չեւ այ­սօր ու­ղե­ցոյ­ցի նշա­նա­կու­թիւն ու­նին հայ լե­զո­ւա­գէտ­նե­րուն եւ քե­րա­կա­նա­գէտ­նե­րուն հա­մար։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ հա­յա­գի­տու­թեան եւ հա­յե­րէ­նա­գի­տու­թեան մէջ ան­վի­ճե­լի գա­գաթ մը ե­ղաւ Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան, ո­րուն ­Գործն ու Ար­ժէ­քը շա­րու­նակ պէտք է յու­շել հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ մե­ծա­վաս­տակ գի­տու­նի իր ժա­ռան­գու­թիւ­նը վա­ւե­րա­կան աղ­բիւր է ոչ միայն ազ­գա­յին մեր հպար­տու­թեան, այ­լեւ հա­յոց լե­զուն տե­ւա­բար թար­մաց­նե­լու եւ հարս­տաց­նե­լու բա­ցա­ռիկ նո­ւի­րու­մին։


Ինչ­պէս ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան կը վկա­յէ իր «­Դար մը գրա­կա­նու­թիւն» գոր­ծին Ա. հա­տո­րին մէջ, «­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի «Քն­նա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն աշ­խար­հա­բար կամ ար­դի հա­յե­րէն լե­զո­ւի» կո­թո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը (1866) ան­գե­րա­զան­ցե­լի կը մնայ մին­չեւ այ­սօր, զոյգ միա­բա­նու­թիւն­նե­րու քե­րա­կա­նա­կան վաս­տա­կին մէջ։ Աշ­խար­հա­բար լե­զո­ւի ծագ­ման, զար­գա­ցու­մին եւ կա­րե­լիու­թեանց շուրջ իր լայն խո­րա­ցում­նե­րով՝ այս աշ­խա­տան­քը նաեւ մե՛ր օ­րե­րու քե­րա­կան­նե­րուն հա­մար աղ­բիւր է եւ մեկ­նա­կէտ՝ գի­տա­կան հաս­տա­տում­նե­րու, ծա­նօ­թու­թեանց լայն աշ­խար­հի մը։ ­Լե­զո­ւա­կան ա­ռողջ տե­սա­կէտ­ներ իր հա­մո­զում­նե­րը կը ձգտին ար­դի հա­յե­րէ­նը ճո­խաց­նե­լու, զար­գաց­նե­լու եւ պա­տո­ւաս­տե­լու գա­ւա­ռա­կան ա­ռու­թիւն­նե­րով, ըն­դու­նե­լով հան­դերձ կեան­քին եւ ա­րեւմ­տեան քա­ղա­քակր­թու­թեան պատ­շա­ճե­լու ստի­պո­ղու­թիւն մը։ Այ­տը­նեան նաեւ ձայնն էր ողջմ­տու­թեան՝ լե­զո­ւա­կան այն պայ­քա­րին մէջ, որ կը մղո­ւէր գրա­բա­րեան­նե­րու եւ աշ­խար­հա­բա­րեան­նե­րու մի­ջեւ.- Ար­ձա­կու­նակ եւ ան­պա­տաս­խա­նա­տու ձե­ւով մը աշ­խար­հա­բար լե­զու «կեր­տե­լու» ա­նիշ­խա­նու­թեան դէմ՝ ի՛նքն էր, որ լսե­լի դար­ձուց քե­րա­կա­նա­կան կար­գա­պա­հու­թեան մը են­թար­կո­ւե­լու, չծան­ծա­ղե­լու կար­գա­խօ­սը»։


Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան ծնած է 7 ­Յու­նո­ւար 1825ին, ­Պո­լիս, ուր չորս տա­րի տե­ղա­կան նա­խակրթա­րան յա­ճա­խե­լէ ետք, 10 տա­րե­կան մա­նուկ հա­սա­կին, 1835ին, ղրկո­ւած էր ­Վիեն­նա՝ Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան ա­շա­կեր­տե­լու հա­մար։


Ու­սում­նա­տենչ պա­տա­նիին առ­ջեւ բա­ցո­ւե­ցաւ ոչ միայն հո­գե­ւո­րա­կան իր կո­չու­մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու լայն աս­պա­րէզ, այ­լեւ լե­զո­ւա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան իր ու­նա­կու­թիւն­ներն ու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րա­րե­լու եւ ընդ­լայ­նե­լու ան­պա­րա­գիծ ամ­բողջ աշ­խարհ մը։ Եւ ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի կեան­քը այդ­պէ՛ս հարս­տա­ցաւ ու հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը հարս­տա­ցուց կո­թո­ղա­կան գոր­ծե­րով։


Նո­րօծ վար­դա­պե­տին ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րը ան­ցան Զ­միւռ­նիա­յի եւ Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ, ուր ան կո­չո­ւե­ցաւ ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ եր­կա­րա­մեայ ու­սու­ցի­չի բե­ղուն վաս­տա­կի մը սկզբնա­ւո­րու­մը կա­պե­լով իր ա­նու­նին եւ, միա­ժա­մա­նակ, իր բո­լոր ու­ժե­րով նո­ւի­րո­ւե­լով լե­զո­ւա­բա­նի գի­տա­կան աշ­խա­տան­քին։ ­Լե­զու­ներ սոր­վե­լու բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թիւն ու­նէր եւ հին թէ նոր 7 լե­զու­նե­րու՝ հա­յե­րէ­նի կող­քին ի­տա­լե­րէ­նին, ֆրան­սե­րէ­նին, անգ­լե­րէ­նին, գեր­մա­նե­րէ­նին, ա­րա­բե­րէ­նին եւ թուր­քե­րէ­նին կա­տա­րե­լա­պէս կը տի­րա­պե­տէր։


1866ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Աբ­բա­հայր ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան եւ այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ մահ, ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով մե­ծար­ժէք վաս­տակ մը կա­պեց իր ա­նու­նին։ Իբ­րեւ ման­կա­վարժ՝ ամ­բողջ սե­րունդ­ներ հաս­ցուց իր մտքի եւ հո­գիի շուն­չով ու լոյ­սով։ Իբ­րեւ հայ մտքի մշակ՝ 1887ին հի­մը դրաւ ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան­նե­րու «­Հան­դէս Ամ­սօ­րեայ» գի­տա­կան պար­բե­րա­կա­նին, որ իր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեամբ եւ հրա­պա­րակ բե­րած մտա­ւո­րա­կան ու­ժե­րով՝ ու­րոյն դպրոց մը դար­ձաւ հա­յոց հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։


Բայց յատ­կա­պէս լե­զո­ւա­գի­տա­կան, քե­րա­կա­նա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց բնա­գա­ւա­ռին մէջ, ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան նո­ւա­ճեց բար­ձունք մը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն ան­մահ­նե­րու շար­քին ար­ժա­նա­ւոր տեղ ա­պա­հո­վեց ի­րեն։ 1866ին հրա­տա­րա­կո­ւած իր կո­թո­ղա­կան «Քն­նա­կան ­Քե­րա­կա­նու­թիւն» գոր­ծէն ետք, ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան տա­րի­նե­րով աշ­խա­տե­ցաւ Է. Վ. ­Չա­լը­խեա­նի «­Քե­րա­կա­նու­թիւն ­Հայ­կազ­նեան Լե­զո­ւի» մե­ծար­ժէք գոր­ծին վրայ եւ մշա­կո­ւած տես­քով զայն հրա­տա­րա­կեց 1885ին։


Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան ապ­րե­ցաւ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, երբ լե­զո­ւա­գի­տու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս կը բո­լո­րէր ո­րո­նում­նե­րու հանգ­րո­ւա­նը։ ­Մինչ այդ լե­զո­ւա­գի­տու­թեան մէջ կ­’իշ­խէր բնա­գի­տա­կան դպրո­ցը, որ լե­զու­նե­րուն կը նա­յէր իբ­րեւ բնա­կան օր­կա­նիզմ­ներ՝ լե­զու­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման ու զար­գաց­ման մէջ վճռո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն տա­լով բնա­խօ­սա­կան գոր­ծօն­նե­րուն։ Այ­տը­նեան կա­նու­խէն վի­ճար­կեց բնա­գի­տա­կան դպրո­ցի ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցու­մը եւ ընտ­րեց հա­սա­րա­կա­կան հա­յե­ցա­կար­գը՝ լե­զու­նե­րու բնաշր­ջա­կան զար­գաց­ման տե­սու­թեան փա­րե­լով եւ մայ­րե­նի լե­զու-ազ­գա­յին հա­սա­րա­կու­թիւն փո­խազ­դե­ցու­թեան տա­լով հիմ­նա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն։

Այդ մօ­տե­ցու­մով ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան լծո­ւե­ցաւ հա­յոց լե­զո­ւի զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թը գի­տա­կա­նօ­րէն բնո­րո­շե­լու, բնաշրջ­ման փու­լե­րու բաժ­նե­լու եւ դա­սա­կար­գե­լու աշ­խա­տան­քին։ Հին հա­յե­րէ­նի պատ­մա­կան զար­գաց­ման տար­բեր շրջան­նե­րը, մի­ջին հա­յե­րէ­նի ա­ռա­ջա­ցումն ու բիւ­րե­ղա­ցու­մը, բայց մա­նա­ւանդ աշ­խար­հա­բա­րի եր­կու ճիւ­ղե­րով՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով զար­գա­ցու­մը գի­տա­կան հա­յե­ցա­կար­գի բե­րո­ւե­ցան Այ­տը­նեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րով։

Նոյն­պի­սի ընդգր­կու­մով ան լծո­ւե­ցաւ նաեւ հա­յոց բար­բառ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ գի­տա­կան վեր­ծան­ման՝ աշ­խար­հագ­րա­կան բա­ժա­նում­նե­րու հի­ման վրայ ա­նոնց իւ­րա­յա­տուկ բա­րեշրջ­ման հո­լո­վոյ­թը ներ­կա­յաց­նե­լով եւ հա­մա­պա­տաս­խան դա­սա­կար­գում կա­տա­րե­լով։


Ինչ­պէս որ «­Հայ­կա­կան ­Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ին մէջ ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի նո­ւի­րո­ւած իր ներ­կա­յաց­ման մէջ Ա. Աբ­րա­հա­մեան դի­տել կու տայ, մե­ծա­վաս­տակ լե­զո­ւա­գէ­տը ան­շուշտ իր ո­րո­շա­կի ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­ներն ալ ու­նե­ցաւ։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, ­Հայր Ա. Այ­տը­նեան, հա­յոց լե­զո­ւի բնաշր­ջա­կան հո­լո­վոյ­թը հա­յոց հա­սա­րա­կա­կան զար­գաց­ման կշռոյ­թին հետ կա­պե­լու իր հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գին մէջ, յան­գե­ցաւ բա­ցար­ձա­կա­պաշ­տու­թեան՝ պաշտ­պա­նե­լով այն տե­սա­կէ­տը, որ ք­.ե. հին­գե­րորդ դա­րուն տար­բեր հա­յե­րէն­ներ կը գոր­ծա­ծէին հայ ժո­ղո­վուր­դի ռա­միկ խա­ւերն ու իշ­խա­նա­ւոր ազ­նո­ւա­կա­նու­թիւնն ու կղե­րը։


Բայց այդ չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րը ո­չինչ կը պակ­սեց­նեն ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի մե­ծա­վաս­տակ ներդ­րու­մէն հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան գան­ձա­րա­նին մէջ։ Ընդ­հա­կա­ռակն կը շեշ­տեն իր գոր­ծին եւ վաս­տա­կին հսկա­յա­կան ար­ժէքն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ հա­յոց լե­զուն ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու գի­տա­կան պա­շա­րով ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ կար­գա­ւո­րե­լու կեն­սա­կան բնա­գա­ւա­ռին մէջ։


Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ 1902 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 8ի այս օ­րը իր քրտնա­ջան աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կած Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան Աբ­բա­հայ­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կը հան­դի­սա­նայ նա­հա­պե­տը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց լե­զո­ւա­գի­տա­կան զար­թօն­քին։


Իր յի­շա­տա­կի ո­գե­կո­չու­մը պսա­կենք ­Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեա­նի ծննդեան 140ա­մեա­կին ա­ռի­թով «­Պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան ­Հան­դէս»ի (1965, թիւ 4) է­ջե­րուն Ա.Գ.­Վար­դա­նեա­նի հրա­տա­րա­կած յօ­դո­ւա­ծին հե­տե­ւեալ դի­պուկ վկա­յու­թեամբ՝

«Քն­նա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն»ը աշ­խար­հա­րա­րի ա­ռա­ջին ամ­բող­ջա­կան, գի­տա­կան քե­րա­կա­նու­թիւնն Է, որ­տեղ Ա. Այ­տը­նեան ի­րեն դրսե­ւո­րել է որ­պէս գիտ­նա­կան։ Երբ գրո­ւեց այս աշ­խա­տու­թիւ­նը, աշ­խար­հա­բա­րը դե­ռեւս լրիւ չէր ձե­ւա­ւո­րո­ւած։ ­Նոր­մա­ւո­րո­ւած (կա­նո­նա­չա­փո­ւած) չէր աշ­խար­հա­բա­րի քե­րա­կա­նու­թիւ­նը, այն իր յստակ կեր­պա­րան­քը չու­նէր, դե­ռեւս յղկո­ւած, մշա­կո­ւած մի կա­յուն հա­մա­կարգ չէր ներ­կա­յաց­նում ի­րե­նից, չկար միաս­նա­կա­նու­թիւն՝ յատ­կա­պէս գրա­կան լե­զո­ւի մէջ, աո­կայ էին բազ­մա­թիւ զու­գա­հեռ ձե­ւեր, ան­կա­նո­նու­թիւն­ներ: Ա. Այ­տը­նեան լե­զո­ւա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րի քննու­թեան, օ­րի­նա­չա­փու­թիւն­նե­րի սահ­ման­ման մէջ հան­դէս է բե­րել գիտ­նա­կան հե­տա­զօ­տո­ղին յա­տուկ հմտու­թիւն, նա կա­րո­ղա­ցել է բազ­մա­թիւ զու­գա­ձե­ւու­թիւն­նե­րի, ան­կա­նո­նու­թիւն­նե­րի մէջ ճիշդ կողմ­նո­րո­շո­ւել, ընտ­րել կա­նո­նա­ւո­րը, օ­րի­նա­չա­փը, «հե­ռան­կա­րա­յին»ը։ Դ­րա ա­պա­ցոյցն է այն, որ այդ քե­րա­կա­նու­թիւ­նը այն­պէս յա­ջո­ղու­թեամբ բռնեց իր քննու­թիւ­նը պատ­մու­թեան մէջ, նրա­նից օգ­տո­ւե­ցին հե­տա­գայ շատ քե­րա­կա­նա­գէտ­ներ, նրա հի­ման վրայ գրո­ւե­ցին բազ­մա­թիւ աշ­խա­տու­թիւն­ներ՝ նոր­մա­ւո­րե­լով աշ­խար­հա­բա­րի քե­րա­կա­նու­թիւ­նը, Այ­տը­նեա­նի աշ­խա­տու­թիւ­նը նպաս­տել է աշ­խար­հա­բա­րի հե­տա­գայ կա­նո­նա­ւոր­մա­նը, մշակ­մանն ու կա­տա­րե­լա­գործ­մա­նը։ ­Պա­տա­հա­կան չէ, որ այն­քան բարձր է ե­ղել ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րի, ժա­մա­նա­կի մա­մու­լի տո­ւած գնա­հա­տա­կա­նը Այ­տը­նեա­նին եւ նրա աշ­խա­տու­թեա­նը.- «Քն­նա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն»ը մին­չեւ այժմ էլ չու­նի իր նմա­նը»,-գրել է «Մ­շակ»ը 1902 թ., «Քն­նա­կան քե­րա­կա­նու­թեան» հրա­տա­րա­կու­թիւ­նից ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն-հինգ տա­րի յե­տոյ։ Այ­տը­նեանն աշ­խար­հա­բա­րի հար­ցե­րում մի հե­ղի­նա­կու­թիւն է, ո­րին դի­մում են ա­մէն­քը»։ «Ա­րե­ւելքն» իր հեր­թին «Քն­նա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն»ը գնա­հա­տել է իբ­րեւ մի գիրք, որն «ան­վի­ճե­լիօ­րէն բարձր է, եւ ո­րուն քով նոյ­նիսկ իր­մէ շատ ա­ւե­լի վեր­ջե­րը ե­կող բագ­մա­թիւ քե­րա­կան­ներ մին­չեւ ան­գամ շուք մը չեն կրցած եր­կա­րել։ Եւ ար­դէն աշ­խար­հա­բա­րի այդ հսկայ ու տա­րա­ծուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւնր չէ՞, որ այս­չափ ա­տեն ա­մէ­նէն գլխա­ւոր աղ­բիւ­րը ե­ղած է բո­յոր քե­րա­կա­նու­թեամբ զբա­ղող­նե­րուն, անս­պառ գրա­մագ­լուխ մը, որ ի՛նչ կեր­պով ալ, ի՛նչ հա­մե­մա­տու­թեամբ ալ շա­հա­գոր­ծո­ւի, միշտ պի­տի մնայ այդ­պէս, պա­րարտ ու նիւ­թա­յից»։ «Ա­ռանց Այ­տը­նեա­նի ա՛յդ գոր­ծին, շատ մը աշ­խար­հա­բա­րի քե­րա­կա­նու­թիւն­ներ թե­րեւս բնաւ գո­յու­թիւն չպի­տի ու­նե­նա­յին այ­սօր»։ Այժմ էլ աշ­խար­հա­բա­րի պատ­մու­թեան հար­ցե­րով զբա­ղո­ւող լե­զո­ւա­բա­նը չի կա­րող շրջան­ցել «Ա. Այ­տը­նեա­նի «Քն­նա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն»ը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+