Էրտողան Կը Պնդէ, Որ Մոսկուան Պէտք Չէ Սատարէ Ասատին -
Էրտողան Կը Պնդէ, Որ Մոսկուան Պէտք Չէ Սատարէ Ասատին
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Ռուսիան պէտք է դադրեցնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին իր աջակցութիւնը եւ այնտեղ գործէ Միացեալ Նահանգներուն հետ համատեղ:
Ան դրական գնահատած է Հոմսի մէջ սուրիական օդուժի ռազմակայանին դէմ ամերիկեան հրթիռային յարձակումը` իբրեւ Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքով յարձակումին արժանի պատասխան:
«Մենք յոյս ունինք, որ Ռուսիան ալ ատոր պիտի մասնակցի, կամ գոնէ պիտի դադրեցնէ Ասատին սատարել», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը ողջունած է Ռուսիոյ այն յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուայի կողմէ Սուրիոյ նախագահին աջակցութիւնը «պարտադիր չէ»:
Էրտողան չի կասկածիր Դամասկոսի մէջ քիմիական զէնքի գոյութենէն, որովհետեւ Անգարան, իր պնդումով, ունի յատուկ տուեալներ, որոնք այդ մէկը կը հաստատեն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com