​Թուրքիոյ Պետութիւնը, Ըստ Սահմանադրութեան, Չի Կրնար Միջամտել Պոլսոյ Հայոց Պատրիաքի Ընտրութեան. Մաշալ - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

07 Nisan 2017  

​Թուրքիոյ Պետութիւնը, Ըստ Սահմանադրութեան, Չի Կրնար Միջամտել Պոլսոյ Հայոց Պատրիաքի Ընտրութեան. Մաշալ -

​Թուրքիոյ Պետութիւնը, Ըստ Սահմանադրութեան, Չի Կրնար Միջամտել Պոլսոյ Հայոց Պատրիաքի Ընտրութեան. Մաշալ ​Թուրքիոյ Պետութիւնը, Ըստ Սահմանադրութեան, Չի Կրնար Միջամտել Պոլսոյ Հայոց Պատրիաքի Ընտրութեան. Մաշալեան

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան մեղադրած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վրայ մնալ շարունակող Արամ Աթէշեանը`Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն շուրջ Սթամպուլի նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին տեղեկութիւները խեղաթիւրելուն համար:

Ինչպէս կը յայտնէ «Ակօս»-ը, Մաշալեան շեշտած է, որ «Թուրքիա պետութիւնը օրինական ձեւով չի կրնար միջամտել Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն, քանի որ ատիկա բացառապէս եկեղեցական կարգով լուծուող խնդիր է, եւ Աթէշեանի` պետութեան արգելքներուն ու «անյարմար հանգամանքներուն» մասին պնդումները անհետթեթ են»:

«Քրիստոնեայ համայնքները այս երկրին մէջ պէտք է ունենան կրօնական ազատութիւն եւ իրենց կրօնական ծէսերը կատարելու իրաւունք: Ատիկա ամրագրուած է նաեւ սահմանադրութեամբ», – ըսած է Մաշալեան:

Նշենք, որ օրեր առաջ Արամ Աթէշեան ու Սահակ Մաշալեան հանդիպում ունեցած էին Սթամպուլի փոխնահանգապետին հետ: Պոլսոյ պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդի նախագահը դրական եւ արդիւնաւէտ գնահատած էր տեղի ունեցած հանդիպումը ու շեշտած, որ անիկա անցած է բարիդրացիական մթնոլորտի մէջ:

Իսկ երբ արքեպիսկոպոս Պեքճեան Պոլիս ժամանած է, Արամ Աթէշեան հրաժարած էր ընդունելէ զայն որպէս Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ: Յայտնի է նաեւ, որ հրաւիրուած ժողովի ընթացքին Աթէշեան երկու անգամ լքած էր ժողովի սենեակը:

Հանդիպման ընթացքին Ժողովը համաձայնած է պատրիարքարանին կողմէ պաշտօնական նամակ կազմել, որ պիտի ուղղուի Էջմիածին:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+