​Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կ’առաջարկէ Եւրոպական Դատարանին Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

05 Nisan 2017  

​Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կ’առաջարկէ Եւրոպական Դատարանին Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը -

​Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կ’առաջարկէ Եւրոպական Դատարանին Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը ​Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կ’առաջարկէ Եւրոպական Դատարանին Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը

Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին գրաւոր հայց ներկայացնելով, Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին Իրաւական Յանձնախումբը յիշեալ դատարանէն պահանջեց՝

Առաջին, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին իրեն ներկայացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել, նկատի ունենալով՝ Թուրքիայէն ներս պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներուն խախտումը, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ, եւ ընդհանրապէս տիրող բռնատիրական կացութիւնը։ Արդարեւ, մտահոգիչ կացութիւն մը, որուն նկատմամբ, ինչպէս կը յիշեցնէ Իրաւական Յանձնախումբի հայցը, Եւրոպայի Խորհուրդի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի ներկայացուցիչը, 15 Փետրուարին, եւ Վենետիկի Յանձնաժողովը, 13 Մարտին, իրենց մտավախութիւնը յայտնած էին, բազմաթիւ այլ երկիրներու ու կազմակերպութիւններու շարքին։

Երկրորդ, իրաւական յանձնախումբը նաեւ կ’առաջարկէ արագացնել Սիսի Կաթողիկոսարանի դատավարութիւնը Եւրոպական Դատարանի 61-րդ յօդուածին համաձայն. նկատի ունենալով Թուրքիոյ կողմէ անոր մերժումը, ինչպէս նաեւ դատին ներկայացուցած կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին համար։

Յայտնենք, որ Իրաւական Յանձնախումբը Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ մօտէն կը հետեւի Սիսի դատին առնչուած աշխատանքներուն։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+