Հոլանտայի Կառավարութիւնը Կը Մերժէ Ներում Հայցել. Էրտողան. «Հոլանտան Գինը Պիտի Վճարէ» - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

13 Mart 2017  

Հոլանտայի Կառավարութիւնը Կը Մերժէ Ներում Հայցել. Էրտողան. «Հոլանտան Գինը Պիտի Վճարէ» -

Հոլանտայի Կառավարութիւնը Կը Մերժէ Ներում Հայցել. Էրտողան. «Հոլանտան Գինը Պիտի Վճարէ» Հոլանտայի Կառավարութիւնը Կը Մերժէ Ներում Հայցել. Էրտողան. «Հոլանտան Գինը Պիտի Վճարէ»

Հոլանտա շաբաթ օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն փոխադրող օդանաւին արգիլեց էջք կատարել իր հողերուն վրայ եւ Թուրքիոյ ընտանեկան ծրագրաւորման նախարար Պեթուլ Սայան Քայան վտարեց Գերմանիա: Անոնք կը ծրագրէին Ռոթերտամի մէջ թուրք համայնքին առջեւ խօսք մը արտասանել: Հոլանտական կառավարութիւնը յայտնեց, որ այդպիսի ձեռնարկներ Հոլանտայի մէջ չորեքշաբթի օր նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին լարուածութիւն պիտի ստեղծեն:

Շուրջ հազար թուրքեր բողոքի ցոյց կատարեցին Ռոթերտամի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ, սակայն հոլանտական ապահովական մարմինները ջրաշիթ մեքենաներ եւ ձիաւոր ոստիկաններ օգտագործելով ցրուեցին ցուցարարները:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ակնարկելով Հոլանտային ըսաւ. «Անոնք անկասկած գինը պիտի վճարեն, եւ նաեւ սորվին, թէ ի՛նչ է դիւանագիտութիւնը»:

Ան ըսաւ, որ հոլանտացիները «անամօթաբար» կը գործեն` աւելցնելով. «Հոլանտա՛, եթէ թուրք-հոլանտական յարաբերութիւնները կը զոհէք չորեքշաբթի օրուան ընտրութիւններուն համար, ատոր գինը պիտի վճարէք»:

«Արեւմուտքը անցնող քանի մը օրուան ընթացքին իր իսկական դէմքը յստակօրէն ցոյց տուաւ: Այն ինչ որ տեսանք… իսլամաֆոպիայի յստակ երեւոյթ է: Ըսած եմ, որ կը կարծէի, թէ նացիականութիւնը վերջ գտած է, սակայն ատիկա սխալ է: Նացիականութիւնը կենդանի է Արեւմուտքին մէջ», ըսաւ ան:

Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` երէկ Չաւուշօղլուին Մեց այցելել ու թուրք համայնքի հաւաքին խօսք արտասանել արտօնելուն համար: «Ֆրանսան այդպիսի խաղերէ չխաբուեցաւ», ըսաւ ան:

Չաւուշօղլու Մեցի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հոլանտայի կատարածը «ամօթալի հարց է եւրոպացիներուն համար, եւ զայն կարելի չէ որեւէ պարագայի ընդունիլ»` նշելով, որ հոլանտացիները չեն ուզեր ուժեղ Թուրքիա մը տեսնել, «սակայն անոնց կը խոստանանք, որ Թուրքիան սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք պիտի դառնայ աւելի հզօր»:

Ան ըսաւ, որ Հոլանտայի մէջ աջակողմեան եւ ձախակողմեան ուժերը իրարմէ տարբերութիւն չունին, եւ երկիրը ինկած է վատ կացութեան մը մէջ, որ Եւրոպայի մէջ արձանագրուող աղէտի մը ցուցանիշն է: Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ հոլանտացիներուն ներում հայցելը բաւարար չէ, եւ թրքական կառավարութիւնը «պիտի շարունակէ քայլերու ձեռնարկել»: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ Հոլանտայի դեսպանը, որ արձակուրդի մեկնած է, պէտք չէ վերադառնայ Թուրքիա: «Ան չի կրնար գալ, չի կրնար մուտք գործել», ըսաւ ան:

Հոլանտայի կառավարութիւնը, սակայն, երէկ յայտարարեց, որ թրքական իշխանութիւններէն ներում պիտի չհայցէ եւ թրքական պատժամիջոցներուն պիտի չհակադարձէ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ իր կարգին Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու հետ գրգռութիւններէ եւ մագլցումէ զգուշանալու:

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութ յայտնեց, որ շաբաթ օր Էրտողանի արտասանած այն խօսքը, թէ հոլանտացիները «նացիներու եւ ֆաշականներու մնացորդներ են», անընդունելի է` աւելցնելով, որ Թուրքիա սպառնացած է պատժամիջոցներ հաստատել, եւ «մենք այսպիսի շանթաժի տակ երբեք չենք կրնար գործակցիլ: Կարմիր գիծ մը գծեցինք», ըսաւ ան:

Ռութ երէկ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք պատրաստ էին Չաւուշօղլուի հետ Ռոթերտամի մէջ «փոքր տարողութեամբ» հանդիպում մը կազմակերպելու, սակայն ատիկա դադրեցուցած են, երբ Հոլանտայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու սպառնալիքներ ուղղած է: «Հոլանտայի մէջ խօսքի ազատութիւն կայ, սակայն չենք կրնար սպառնալիքները ընդունիլ եւ շանթաժի ենթարկուիլ ընդունիլ», ընդգծեց ան:

Հոլանտական կառավարութիւնը չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ սուր մրցակցութեան մէջ է Կերթ Վիլտըրսի ղեկավարած ծայրայեղ աջակողմեան Ազատութիւն կուսակցութեան հետ: Վիլտըրս վերջերս երկրի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էր խստիւ արգիլելու Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հանրաքուէի նախօրեակին նախընտրական քարոզչութեան ծիրին մէջ ոեւէ թուրք պաշտօնատարի մուտքը Հոլանտա: Ան յայտարարած էր, որ եթէ վարչապետ ըլլար, թուրք նախարարներն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարները մինչեւ 16 ապրիլ` Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հանրաքուէի կայացումը Հոլանտայի մէջ «անբաղձալի մարդիկ» կը յայտարարէր:

Ռութ իր կարգին յայտարարած էր, որ իր կառավարութիւնը Չաւուշօղլուին պիտի մերժէ պաշտօնական ընդունելութիւն տրամադրել, եթէ ան Թուրքիոյ մէջ հանրաքուէի օգտին քարոզչութիւն կատարելու նպատակով այցելէ Հոլանտա: Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քենտերս իր կարգին հեռաձայնած էր իր թուրք գործընկերոջ եւ յայտնած, որ անոր այցելութիւնը անցանկալի է եւ այցելելու պարագային պաշտօնական ընդունելութեան պիտի չարժանանայ:

Միւս կողմէ, երէկ բազմահազար թուրքեր բողոքի ցոյց կատարեցին Պոլսոյ մէջ Հոլանտայի հիւպատոսարանին առջեւ եւ անոր վրայ ծածանող հոլանտական դրօշը փոխարինեցին թրքականով: Անոնք նաեւ հիւպատոսարանի շէնքին վրայ հաւկիթներ ու նարինջներ նետեցին: Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդեց` յիշեցնելով, որ թրքական իշխանութիւնները պատասխանատու են հոլանտացի դիւանագէտներու անվտանգութեան:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ Անգարա «ամենայն խստութեամբ» պիտի հակադարձէ հոլանտական իշխանութիւններուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+