Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-ամեակ - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

08 Şubat 2017  

Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-ամեակ -

Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-ամեակ Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-ամեակ

Արտաքին գործոց նախարարներ Էդվարդ Նալպանտեան և Ճուլի Պիշոփ ուղերձներ փոխանակեցին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան և Աւստրալիոյ Միութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի առնչութեամբ:

Նախարար Նալպանտեան իր ուղերձին մէջ կը նշէ, որ միջպետական յարաբերութիւններու սկզբնաւորումէն ի վեր մեր պետութիւնները յաջողած են ձեւաւորել վստահութեան և յարգանքի վրայ հիմնուած ամուր և անկեղծ գործընկերութիւն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վստահութիւն կը յայտնէ, որ առկայ է յարաբերութիւնները զարգացնելու մեծ ներուժ, ինչին կը ծառայեն քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնումը, մարդկային շփումները, իրավապայմանագրային դաշտի զարգացումը:

Նախարար Պիշոփ իր ուղերձին մէջ կը նշէ, որ նախորդ 25 տարիներու ընթացքին Հայաստանը և Աւստրալիան ունեցած են ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ՝ հիմնուած մարդկային ամուր կապերու և միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան հարցերով միասնական շահերու վրայ: Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարը կ՛աւելցնէ, որ մեր համատեղ ջանքերը նպաստած են՝ զարգացնելու լայն քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ բնապահպանական օրակարգ՝ եւ երկկողմ, եւ բազմակողմ ձեւաչափերով:

Երկու նախարարները գոհունակութեամբ կը նշեն միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հաստատուած սերտ փոխգործակցութիւնը:

Էդվարդ Նալպանտեան եւ Ճուլի Պիշոփ բարձր կը գնահատեն Աւստրալիոյ հայութեան դերը երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին:

Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ ԱԳ նախարարները վստահութիւն կը յայտնեն, որ համատեղ ջանքերով մեր պետութիւններու միջև բարեկամական յարաբերութիւնները առաւել կ’ընդլայնուին եւ կը խորանան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+