Կիպրոսի Հարցով Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին 18 Յունուարին - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

16 Ocak 2017  

Կիպրոսի Հարցով Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին 18 Յունուարին -

Կիպրոսի Հարցով Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին 18 Յունուարին Կիպրոսի Հարցով Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին 18 Յունուարին

«Թուրք Զինուորները Պիտի ՇարունակենՄնալ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Կիպրոսի հիմնախնդիրին շուրջ յունական եւ թրքական կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 18 յունուարին` թեքնիք մակարդակով:

«Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 18 յունուարին եւ նոյն կազմով, պիտի ըլլան ՄԱԿ-ի, կիպրական երկու կողմերու եւ բանակցութիւններու երաշխաւոր երկիրներու ներկայացուցիչները», ըսած է ան:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ խօսած է կղզիին հիւսիսային հատուածը գրաւած թրքական բանակի ներկայութեան մասին եւ յայտարարած, որ թրքական զինեալ ուժերը պիտի պահպանեն իրենց ներկայութիւնը եւ պնդած, որ ատիկա կարեւոր է Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ ապրող թուրք ժողովուրդին համար:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտարարեց, որ թրքական բանակին Կիպրոսէն հեռացման հարցը քննարկման առարկայ չէ` աւելցնելով, որ Կիպրոսի հարցի լուծման վերաբերեալ յոյները տակաւին թուրքերուն սպասումներէն այլ սպասումներ ունին:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցան Կիպրոսի հիմնախնդիրին շուրջ կղզիի թրքական եւ յունական հատուածներու ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւնները: ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ժընեւեան բանակցութիւնները նկարագրած էր իբրեւ յառաջընթացի համար «պատմական կարելիութիւն»:

Բանակցութիւններու երկրորդ փուլին, հոլովոյթին միացան Կիպրոսի անվտանգութեան երաշխաւոր երկիրներու` Բրիտանիոյ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները:

Կղզին 1974-ի թրքական ներխուժումէն ի վեր մասնատուած կը մնայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+