29 Aralık 2016
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «անհեթեթ» որակած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքին կողմէ ՏԱՀԵՇ-ին աջակցելու վերաբերեալ ապացոյցներ ունի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է. «Ատիկա անհեթեթ եւ ծիծաղելի մեղադրանք է»:
Էրտողան յայտարարած էր, որ ապացոյցներ ունի, թէ Միջազգային դաշինքը կ՛աջակցի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ին:
«Անոնք մեզ կը մեղադրէին, թէ ՏԱՀԵՇ-ին կ՛աջակցինք: Այժմ անոնք կ՛աջակցին ահաբեկչական խմբաւորումներուն… Մենք ապացոյցներ ունինք` լուսանկարներ եւ տեսանիւթ», ըսած էր ան` նշելով, որ խօսքը կը վերաբերի ՏԱՀԵՇ-ի, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ անոր զինեալ թեւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն: