Քրեմլին. «Տեղեակ Չենք». «Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա Համաձայնութիւն Գոյացած Է» Կը Հաղորդէ «Ա - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Խաւարակ

Gündem :

29 Aralık 2016  

Քրեմլին. «Տեղեակ Չենք». «Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա Համաձայնութիւն Գոյացած Է» Կը Հաղորդէ «Ա -

Քրեմլին. «Տեղեակ Չենք». «Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա Համաձայնութիւն Գոյացած Է» Կը Հաղորդէ «Ա Քրեմլին. «Տեղեակ Չենք». «Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա Համաձայնութիւն Գոյացած Է» Կը Հաղորդէ «Անատոլու»

Անատոլու երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ ամբողջ տարածքին զինադադարի դրութեան հաստատման ծրագիրի մը շուրջ:

Թրքական լրատու գործակալութեան տուեալներով` ռուսական եւ թրքական կողմերուն մշակած ծրագիրը պիտի առաջարկուի Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն` կառավարական եւ ընդդիմադիր ուժերուն:

Անգարա եւ Մոսկուա ջանքեր պիտի գործադրեն համաձայնութիւնը այսօր կէս գիշերէն ուժի մէջ դնելու: Զինադադարը պիտի տարածուի ամբողջ Սուրիոյ վրայ` բացառութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներուն:

Զինադադարի դրութեան յաջողութեամբ հաստատման պարագային, Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր ուժերը Ասթանայի մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ գլխաւորութեամբ պիտի սկսին բանակցութիւններու: Այդ գաղափարին զօրակցած է Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ` համաձայնելով Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ հիւրընկալել նշեալ բանակցութիւնները:

Սակայն Քրեմլին յայտարարեց, որ իրենք թրքական իշխանութիւններուն յայտարարած` Սուրիոյ վերաբերեալ համաձայնութենէն տեղեակ չեն:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Մոսկուա եւ Անգարա կը շարունակեն երկխօսութիւնը Սուրիոյ հարցով հաւանական նիւթերու շուրջ: Ըստ անոր, ատիկա կը կատարուի Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման հասնելու համար:

Սուրիական ընդդիմութեան Բանակցութիւններու բարձրագոյն կոմիտէի (ԲԲԿ) ղեկավար Ռիատ Հիժապ այդ առաջարկը նկատեց խաղաղութեան հաստատման ուղղուած «անկեղծ ջանք» եւ յայտարարեց, որ կ՛աջակցի անոր:

Հիժապի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Մենք կ՛ողջունենք տեղաշարժը միջազգային առանձին տէրութիւններու դիրքորոշումներուն մէջ եւ անկեղծ դրական ջանքերը, որոնք կրնան սուրիացի ժողովուրդի ակնկալիքներու իրականացման ելակէտ դառնալ համաձայնութեան հասնելու ճամբով, որ պիտի բերէ անվտանգութիւն եւ կայունութիւն»:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Բանակցութիւններու բարձրագոյն կոմիտէն պիտի ուզէր զինադադարի հասնիլ Սուրիոյ ամբողջ տարածքին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն համապատասխան: Ըստ Հիժապի, Բանակցութիւններու բարձրագոյն կոմիտէն առայժմ պաշտօնական որեւէ տեղեկութիւն չէ ստացած բանակցային հոլովոյթի կազմակերպման հարցերուն վերաբերեալ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարք Թոնըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը պաշտպանեն սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ուղղուած բոլոր ջանքերը:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կոչ ուղղեց` ամբողջ Սուրիոյ տարածքին զինադադար հաստատելու եւ իշխանութեան քաղաքական փոխանցում կատարելու` պայմանով որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հեռանայ իշխանութենէն:

Չաւուշօղլու նշեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ վերաբերեալ իր կեցուածքը չէ փոխած: «Լաւագոյն լուծումը քաղաքական լուծումն է», ըսաւ ան` նշելով. «Սուրիոյ տագնապի լուծման համար գոյութիւն ունին երկու պատրաստ լուծումներ, որոնք կը վերաբերին քաղաքական մարզին եւ զինադադարին»:

Մինչ այդ, ՄԱԿ պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու Սուրիոյ վերաբերեալ Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան համաձայնութեան գործադրութեան:

Միւս կողմէ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրաքը կրնայ միանալ Սուրիոյ հարցով բանակցող «եռեակ»-ին:

«Այդ գաղափարը քննարկուած է… ՏԱՀԵՇ-ը մեր մօտ եկած է Սուրիայէն: Այդ պատճառով այդ երկրին մէջ կարգաւորումը պիտի լուծէ ո՛չ միայն սուրիական խնդիրը, այլ նաեւ իրաքեան ճգնաժամը», ըսած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+