23 Şubat 2016
Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ յայտնեց, որ իր գլխաւոր նպատակը սուրիական հողամասերէն «ահաբեկչական խմբաւորումներուն» վտարումն է, իսկ քիւրտերը երկրին հիւսիսը անկախ պետութեան մը հաստատման չեն ձգտիր:
«Սուրիոյ քիւրտերը կը ձգտին Սուրիոյ մէջ իրենց սահմանադրական իրաւունքներուն ապահովման: Անոնք թրքական սահմանին մօտ անկախ պետութիւն մը չեն ուզեր», յայտարարեց Մուսլիմ:
Քրտական կուսակցութեան ղեկավարը ըսաւ, որ Անգարան «քիւրտոֆոպիա»-է կը տառապի եւ իր իրաւունքներուն տիրացող ոեւէ քիւրտ իրեն համար վտանգ կը նկատէ:
Մուսլին ըսաւ, որ Հալէպի գիւղական հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Ազեզ քաղաքը ներկայիս քրտական ուժերուն համար թիրախ մը չէ` նոյն ատեն հերքելով, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը քաղաքին տիրելու համար ճակատամարտի ձեռնարկելէ երբեք չեն վախնար: