ԻՊ-ն Ստանձնած Է Փարիզի Ահաբեկչութիւններուն Պատասխանատուութիւնը - Gündem
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շաւաղօտ

Gündem :

14 Kasım 2015  

ԻՊ-ն Ստանձնած Է Փարիզի Ահաբեկչութիւններուն Պատասխանատուութիւնը -

ԻՊ-ն Ստանձնած Է Փարիզի Ահաբեկչութիւններուն Պատասխանատուութիւնը ԻՊ-ն Ստանձնած Է Փարիզի Ահաբեկչութիւններուն Պատասխանատուութիւնը

Իսլամական պետութիւն (ISIS) խմբաւորումը ստանձնած է Փարիզի մէջ իրականացուած ահաբեկչական յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը: Տարածած յայտարարութեան մէջ ահաբեկիչները կը նշեն, որ յարձակումները իրականացուցած են «ութ եղբայրներ»: Անոնք պայթուցիկ գօտիներ կրած են ու զինուած եղած են ինքնաձիքներով:

Ինչպէս կը հաղորդէ Associated Press գործակալութիւնը, խմբաւորումը այդ մասին յայտարարութիւն տարածած է Նոյեմբեր 14-ին արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով, որ խմբաւորման հետեւորդներու կողմէ լայնօրէն կը շրջանառուի համացանցի մէջ, սակայն դեռ հնարաւոր չէ եղած ստուգել յայտարարութեան իսկութիւնը, սակայն անիկա կը կրէ ԻՊ-ի լոկոն եւ նման է նախապէս «Իսլամական պետութեան» ըրած յայտարարութիւններուն:

Իսլամականենրը նաեւ յայտարարած են, որ յարձակումները «մարգարէին վիրաւորելու եւ իսլամական պետութեան տարածքը ռմբահարելու պատասխանն է»:

Աւելի առաջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ ահաբեկչական յարձակման համար մեղադրած էր նոյն «Իսլամական պետութիւն«-ը եւ նշած, որ անգութ պիտի ըլլան անոնց նկատմամբ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+