14 Kasım 2015
Անատոլու լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Էռնեսթ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 15 նոյեմբերին Անթալիոյ մէջ պիտի ունենան երկկողմանի հանդիպում մը:
Հանդիպումը պիտի կայանայ Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 15-16 նոյեմբերին` թրքական Անթալիա քաղաքին մէջ:
Կը հաղորդուի, որ հանդիպումին կեդրոնական նիւթերը պիտի ըլլան Սուրիան եւ սուրիական զարգացումները: