09 Eylül 2015
Թուրքիոյ «Պիլկի մերքեզի» հետազօտական եւ հրատարակչական ընկերութեան սեփականատէրեր Մուրատ Ռումեւլեքլիօղլուն, Մուրատ Պիչերը եւ թարգմանիչ Եաւուզ Այտընը այցելած են Սթամպուլի Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանին:
Վկայակոչելով թրքական «Beyazgazete.com» լրատուական կայքը՝ Ermenihaber.am կը նշէ, թէ այցի ընթացքին անոնք պատրիարքարանին նուիրած են Թուրքիոյ կրօնական հարցերով նախարարութեան աջաակցութեամբ հայերէնի թարգմանուած Քուրանի 1000 օրինակ, որոնց 500-ը` արեւելահայերէնով, 500-ը` արեւմտահայերէնով:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցին համար եւ նշած, որ մինչ այժմ Քուրանի որեւէ պիտանի հայերէն թարգմանութիւն չէ եղած , չնայած, որ թարգմանելու քանի մը փորձ նախապէս ալ եղած է:
«Թրքերէն չիմացող յոյնը, հրէան կամ հայը պէտք է կարդան Քուրանը, ընկալելու այդ մշակոյթը: Ըմբռնելու այնտեղ եղած արժէքաւոր խօսքերը: Պէտք է ճանչնայ Մուհամետ մարգարէն: Նոյն կերպ Աստուածաշունչը թարգմանուած է աշխարհի տարբեր լեզուներով եւ կը կարդացուի իւրաքանչիւր հասարակութեան կողմէ: Ես մէկական օրինակ պիտի ուղարկեմ բոլոր եկեղեցիներուն, բոլորը պիտի ունենան զայն, ժողովուրդէն փափաքողներուն եւս պիտի բաժնեմ»,- ըսած է պատրիարքի փոխանորդը:
Ըստ աղբիւրին` ընդհանուր առմամբ հրատարակուած է հայերէն Քուրանի 5000 օրինակ, սակայն նպատակ կայ այդ թիւը հասցնելու 300.000-ի: