Ծաղկազարդ Եւ Աւանդութիւններ
Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական շատ սիրուած ու սպասուած տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ Մեծ պահքի նախավերջին կիրակին:
Թէեւ Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիտոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ոստերով, սակայն տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական ծագում եւ նուիրուած է գարնան զարթօնքէն յարութիւն առնող բնութեան:
Ծաղկազարդը նաեւ կոչուած է Ծառզարդար: Անցեալին մարդիկ այդ առիթով իրենց տուներն ու բակերը կը զարդարէին ուռենիի կամ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով` պահպանուելու համար փոթորիկներէն եւ բուքէն. յետոյ զանոնք կ՛այրէին եւ մոխիրը կու տային հովին` փորձանքներէն հեռու մնալու հաւատքով: Ժողովուրդը այդ օրհնուած ճիւղերուն մէջ կը տեսնէր խորհրդաւոր ուժ, որուն օգնութեամբ պիտի կարենար դիմակայել բնութեան աղէտները:
Մեր օրերուն Ծաղկազարդը մանուկներու եւ երիտասարդներու տօն է: Այդ օրը բոլորը կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, փոքրեր զարդարուն մոմերով կ՛ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին:
* * *
Ծաղկազարդի յետմիջօրէին կը կատարուի դռնբացէքի արարողութիւնը, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններուն վարագոյրները: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն երկինքի արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը Աստուծմէ կը խնդրէ արքայութիւն մտնելու արտօնութիւն:
Ծաղկազարդին յաջորդող երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ տեւող շրջանը կը կոչուի Աւագ կամ Մեծ շաբաթ: Այդ օրերուն եկեղեցին կը յիշէ` Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնն ու թաղումը: Իսկ յաջորդ կիրարկի արդէն Զատիկ է` Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը:
Անհետացած Ազգային Աւանդութիւններ
– Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ Ծաղկազարդին սովորութիւն էր «վերվեր» պարել: Այդ օրը միայն տղամարդոց արտօնուած էր պարել: Նաեւ սովորութիւն էր հատիկ պատրաստել` ցորենով, սիսեռով եւ չամիչով: Հատիկը որպէս նուէր կը տանէին այցելութեան երթալու ատեն եւ կամ կը նուիրէին թաղէ թաղ շրջող եւ Ծաղկազարդի երգեր երգող երեխաներուն:
– Նուրի տիկնիկին ծէսը Ծաղկազարդի տօնին ամենակարեւոր բաղադրիչներէն էր: Տիկնիկը կը պատրաստուէր ցախաւելէ կամ փայտէ: Դէմքը կը պատրաստէին ճերմակ լաթէ, գօտին` գունաւոր կտորէ, լաչակը` փայլուն ուլունքներէ, եւ գլխուն ծաղկեպսակ կ՛ամրացնէին:
Նուրին համարուած էր Ծաղկազարդի խորհրդանիշ տիկնիկը, որմէ երաշտի ժամանակ գիւղացիները անձրեւ կը խնդրէին: Նուրիին մեծ ու նշաձեւ աչքերէն կը ծնէին շաղը, ցօղն ու անձրեւի կաթիլները: Երբ մարդ ու անասուն ջուրի պակասէ կը տառապէին, Նուրին կ՛արտասուէր, եւ անոր արցունքներով թրջուած հողը կը վերակենդանանար ու կրկին բերք կու տար:
Ծաղկազարդի տօնին աղջիկ երեխաները երգով ու պարով Նուրին տունէ տուն կը պտտցնէին, մինչ մարդիկ պատուհաններէն կուժերով ջուր կը ցօղէին, իսկ երեխաներուն հաւկիթ, պանիր, հաց եւ երբեմն ալ մետաղադրամ կը նուիրէին: Այսպէս, շրջակայ տուներէն հաւաքուած մթերքներով երեխաները խնճոյք կը կազմակերպէին…
– Ջաւախքի մէջ ուռենիի ճիւղերով անասունները թեթեւակի կը հարուածէին` ըսելով. «քամու տեղ, սրտի դեղ», յուսալով, որ հիւանդութիւններէ հեռու կը մնան:
– Նոր Պայազիտի մէջ օրհնուած ճիւղերը կ՛ամրացնէին խնոցի պարանին, որպէսզի «կաթը իւղոտ ըլլայ, ձձումէն աչք չդպչի»:
– Մարաշցիները Ծաղկազարդը կը կոչէին Ճորճարդոր: Անոնք տօնին առիթով կը կազմակերպէին ուխտագնացութիւն, հանրային տօնախմբութիւններ եւ այլն…
– Չորքմարզպանի մէջ եկեղեցիին խորանը կը զարդարէին Ամանոս լերան անտառներէն բերուած մանուշակներով:
– Շարուրի մէջ աղջիկները գունաւոր կտորներով կը զարդարէին ծառերը` իրենց երազանքներու իրականացման ակնկալիքով:
ԲԱՐԻ՛ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ