Ծիսական գիտելիքներ : ​Դատաւորի Կամ Անիրաւ Դատաւորի Կիրակին (ղուկ. 18, 1 – 14 )
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Դատաւորի Կամ Անիրաւ Դատաւորի Կիրակին (ղուկ. 18, 1 – 14 )

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

10 Mart 2024  

​Դատաւորի Կամ Անիրաւ Դատաւորի Կիրակին (ղուկ. 18, 1 – 14 )

Բոլորս սիրուած եւ յարգի ենք Աստուծոյ համար, եւ ամէնակարեւորը մեզմէ ոչ մէկը մոռցուած եւ կամ անտեսուած է, սակայն մեզմէ խնդրուած է չյուսահատիլ, միշտ զԱստուած փնտրել եւ ամէնակարեւորը ունենալ խոնարհ հոգի մը՝ լի մեղաւորի զգացումներով. Ամէն:

Ահաւասիկ սիրելիներ, արդէն իսկ կը սկսինք քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանին հինգերորդ կիրակին որ կոչուած է ԴԱՏԱՒՈՐԻ եւ կամ ԱՆԻՐԱՒ ԴԱՏԱՒՈՐԻ կիրակին:

Այս կիրակին ճանչցուած է հետաքրքրական պատմութեամբ մը սիրելիներ. կը պատմուի թէ « քաղաքի մը մէջ, դատաւոր մը կար, որ ոչ Աստուծմէ կը վախնար եւ ոչ ալ մարդոցմէ կ՛ամչնար: Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր, ըսելով. « իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս»: Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. « Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»: Ապա Տէրը շարունակեց. Լսեցէք թէ ինչ կ՛ըսէ անիրաւ դատաւորը» (Ղուկ. 18, 2 – 6):

Պիտի ըսէք. « վարդապետ, ի՞նչ կրնանք սորվիլ եւ կամ հասկնալ այս պատմութենէն եւ կամ առակէն»:

1. Մեր մէջ բնաւ երբեք հաւատքը չմարել

2. Միշտ յոյսով լեցուն ըլլալ

3. Անդադար խօսիլ մեր երկնաւոր Հօր հետ

4. Միշտ խնդրել մեր երկնաւոր Հօրմէն եւ զԻնք վստահիլ

5. Չյոգնիլ խնդրելէ, նամանաւանդ մեր հոգիներուն փրկութեանը համար

6. Երկիւղով խնդրել եւ միշտ փնտռել Անոր կամքը

7. Աստուած մեզ բնաւ երբեք չէ մոռցած եւ ոչ ալ կը մոռնայ...կարեւորը մենք զԻնք չլքենք, չհեռանանք Անկէ ու զԻնք չմոռնանք...յիշենք անառակ որդին

Այս բոլորէն ետք պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, այս բոլորը կը փորձենք կարելի եղածին չափ իրագործել մեր կեանքին մէջ...տակաւին ի՞նչ կը պակսի մեզի որպէսզի Աստուծոյ աչքին հաճելի ըլլանք, մեր զոհերը բուրումնաւէտ ըլլան, եւ արժանի ըլլանք կոչուելու մեր երկնաւոր Հօր զաւակները»:

Կրկին կը պատմուի թէ « երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ՛աղօթէր. « Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ՛ըսէր. « Աստուած, ներէ մեղաւորիս մեղքերը» (Ղուկ. 18, 10 – 13):

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. բոլորս սիրուած եւ յարգի ենք Աստուծոյ համար, եւ ամէնակարեւորը մեզմէ ոչ մէկը մոռցուած եւ կամ անտեսուած է, սակայն մեզմէ խնդրուած է չյուսահատիլ, միշտ զԱստուած փնտռել եւ ամէնակարեւորը ունենալ խոնարհ հոգի մը՝ լի մեղաւորի զգացումներով. Ամէն:
+