Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Յիսնակաց (24 Դեկտեմբեր 2023- 1 Յունուար 2024)
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Կամաւօտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Յիսնակաց (24 Դեկտեմբեր 2023- 1 Յունուար 2024)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

27 Aralık 2023  

​Եկեղեցական գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Յիսնակաց (24 Դեկտեմբեր 2023- 1 Յունուար 2024)



Արեւելեան Եկեղեցիները՝ հայերը, Ասորիները եւ Ղպտիները, սովորութիւն ունին Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը տօնելու 6 Յունուարին:
Ունկնդրէ լուրըՔրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։

Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս։

Կիրակի 24 Դեկտեմբեր` Յիսուսի ծննդեան Ճրագալոյց է: Այդ օրը կը կարդացուին նախապէս Եսայիի եւ Միքիայի մարգարէութիւնները որոնք Յիսուսի Ծննդեան կը հային, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ Ճրագալոյցի հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը:

Երկուշաբթի, 25 Դեկտեմբեր, տօնն է Քրիստոսի Ծննդեան: Օրուան աւետարանը Ղուկասինն է, որ կը պատմէ թէ ինչպէս Յովսէփ եւ Մարիամ ստիպուեցան թողուլ իրենց բնակավայրը` Նազարէթ, ու մեկնիլ դէպի Բեթղեհէմ քաղաքը, որ Յովսէփի ազգատոհմին բնիկ քաղաքն էր, հպատակելու համար նոյն շրջանի Հռովմայեցի կայսեր` Օգոստոսի հրամանին, որով ան կ՛ուզէր մարդահամար կատարել իր կայսրութեան ենթակայ բոլոր ժողովուրդներուն։

Այսպէսով` անգիտակցաբար անոնք կ՛իրագործէին Միքէ մարգարէի դարեր առաջ կատարած մէկ մարգարէութիւնը, որով ան` ներշնչուած Տիրոջմէ, կը գուշակէր թէ Փրկիչը պիտի ծնէր Բեթղեհէմի մէջ։ Յետ օթեւանի մը ապարդիւն փնտռտուքին, ի վերջոյ Յովսէփ կը գտնէ անասուններու համար պատրաստուած մսուր մը, եւ այդ աղքատ վայրին մէջ է որ Մարիամ ծնունդ կու տայ Աստուածորդւոյն։

Եկեղեցիներուն մէջ, սովորութիւն կայ մսուրներ շինել եւ արձանիկներով զարդարել յիշատակելու համար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը:

Արեւելեան Եկեղեցիները՝ հայերը, Ասորիները եւ Ղպտիները, սովորութիւն ունին Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը տօնելու 6 Յունուարին:

Այս աւանդութիւնը անշուշտ աւելի հին է քան դեկտեմբերին ծնունդը տօնելու սովորութիւնը, որ յետագային ներմուծուած է Յունա-Հռովմէական իշխանութիւններու կողմէ՝ որոնք Դ.դարուն վերջն է միայն որ այս որոշումն առին, արեւու ծննդեան հեթանոսական տօնը վերջնականապէս ջնջելու համար ժողովուրդի յիշատակէն, զայն փոխարինելով Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնով:

Երեքշաբթի 26 Դեկտեմբերին` աշխարհի բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ – իսկ Հայերու մօտ` 25-ին – կը տօնուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը. Ան առաջինը հանդիսացաւ որ Քրիստոսի համար իր կեանքը զոհեց եւ մեռաւ քարկոծուելով Հրեաներու կողմէ, երբ կը քարոզէր Աւետարանը։

Հինգշաբթի 28 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու գլխաւոր առաքեալները, Պետրոս եւ Պօղոս։ Պետրոս կը կոչուէր Սիմոն եւ Յիսուս զինք անուանեց Պետրոս, որ կը նշանակէ ժայռ, որով իր հաւատքին վրայ հիմնեց իր Սուրբ Եկեղեցին։ Իսկ Պօղոս դարձի եկաւ երբ կը հալածէր քրիստոնեաները, Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան հանդիսացաւ այն առաքեալը որ Քրիստոսի պատգամը տարածեց ամբողջ աշխարհին վրայ։

Պետրոս եւ Պօղոս նկատուած են որպէս գլխաւորները Քրիստոսի առաքեալներուն։ Անոնք եկան Հռոմ եւ երկուքն ալ նահատակուեցան սոյն քաղաքին մէջ։ Պետրոսի գերեզմանը կը գտնուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագ խորանին ներքեւ, իսկ Ս. Պօղոս, որ գլախատուած էր Հռոմէն դուրս, թաղուած է Սուրբ Պողօսի Պազիլիքայի խորանին ներքեւ։

Շաբաթ 30 Դեկտեմբերին` տօնն է երկու առաքեալ եղբայրներուն` Յովհաննէս եւ Յակոբ, որոնք կոչուած են Եկեղեցւոյ կողմէ Որդիներ որոտման։ Արդարեւ իրենք էին որ խնդրեցին Յիսուսէն կայծակներ տեղացնել Սամարացիներու մէկ քաղաքին վրայ, որովհետեւ զիրենք չէին ընդունած։ Ըստ աւանդութեան, Յակոբ, զոր պէտք չէ շփոթել Յակոբոսի հետ, որ կը կոչուի նաեւ Տեառնեղբայր եւ որ Պետրոս առաքեալի կողմէ պետ կարգուեցաւ Երուսաղէմի առաջին քրիստոնեաներուն, հանդիսացաւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներէն մին։ Իսկ Յովհաննէս ամենաերկար կեանքն ունեցաւ, մինչեւ 100 տարիքը հասաւ ըստ ոմանց, եւ ինքն է որ գրեց չորրորդ աւետարանը, ինչպէս նաեւ սիրոյ խրատներով լի երեք նամակները։ Իրեն կը վերագրուի նաեւ Յայտնութեան գիրքը որ վերջին հատորն է Սուրբ Գրքին։


Կիրակի 31 Դեկտեմբերը, 2023 տարւոյն վերջին օրը, Յիսուսի Ծննդեան եօթներորդ օրն է.։


Երկուշաբթի 1 Յունուար 2024` Կաղանդ է, որ կը նշանակէ տարուան առաջին օրը։

Քրիստոնեաները կը տօնեն այդ օր Յիսուսի տնօրէնութեան, կամ անուանկոչութեան տօնը։ Ըստ օրինի, իր ծննդենէն 8 օր վերջ` ան թլփատուեցաւ եւ Յիսուս անունով կոչուեցաւ, ինչպէս որ որոշած էր Գաբրիէլ հրեշտակը նախապէս։

Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։

Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

Նաև այդ օրը, հայ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս Պատարագին կը կատարուի ՜՜ վասն Հայրապետին՝՝ կարգ մաղթանացը։

Շնորհաւոր նոր Տարի բոլորիդ. Թող 2024 տարին ըլլայ բարեբեր տարի մը.

Կը մաղթենք որ ըլլայ «Խաղաղութեան ու համերաշխութեան տարի մը բոլորիս համար»։

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+