Հետաքրքրական. Հացին Խորհուրդը Հայերուս Մէջ
Դարերէ ի վեր հայերուս մէջ հացը նոյնացած է ճաշի, հիւրընկալութեան, խաղաղութեան, խնճոյքի եւ տօնի հետ:
Հայերս շատ հաց սպառող ժողովուրդ ենք: Հին Հայաստանի մէջ հացը եղած է առատութեան, հիւրասիրութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ: Եթէ հայը հիւրին առջեւ հաց դնէր, կը նշանակէր, որ իր տան դռներն ու սիրտը բաց են անոր համար: Հոնկէ ալ եկած է աղուհացով դիմաւորելու հայկական սովորութիւնը:
Հացին հետ կապուած
հետաքրքրական գիտելիքներ
– Հայաստանի հեռաւոր գիւղերուն մէջ մինչեւ օրս ալ հացը դանակով չեն կտրեր, այլ կը բաժնեն ձեռքով, որպէսզի հացը ցաւ չզգայ դանակի սուր շեղբէն:
– Հայկական աւանդական հարսանեկան արարողութիւններուն մէջ հացը գլխաւոր դեր ունի. տան շեմին փեսային հայրը մէկական լաւաշ կը փռէ նորապսակներու ուսերուն, որպէսզի հարսը «հացով մտնէ տուն»:
– Հայերը սուրբ համարած են թոնիրը, որուն մէջ հացը թխուած է: Բոլոր գիւղերուն մէջ թոնիր շինելու ատեն կանչած են քահանան, որպէսզի զայն օրհնէ: Թոնիրէն հանուած առաջին հացը կը ղրկուէր այն տունը, ուր հիւանդ կար: Հացը տեսնելով` հիւանդը ապաքինելու հաւատքով կը լեցուէր:
– Դատարաններուն մէջ ժողովուրդը երդուած է հացով` զայն սուրբ համարելով:
– Հին Հայաստանի մէջ հացթուխը չէին դատեր ու չէին սպաններ. ան անձեռնմխելի է:
– Հացերէն ամէնէն երկարակեացը լաւաշն է. անիկա իր թարմութիւնը կը պահէ շուրջ 6 ամիս: Լաւաշը կարելի է չորցնել, յետոյ վրան տեղ-տեղ ջուր ցանելով` ստանալ նախկին փափկութիւնը:
– Կը պատմուի, որ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի սովորութիւն ունէր մագաղաթի վրայ գրելու ժամանակ կտոր մը հաց դնելու իր առջեւը. ատիկա նշան էր, որ ինք ճշմարտութիւնը կը գրէր: «Հացին նայելով` մարդ եօթնապատիկ ճշմարտախօս կը դառնայ», կ՛ըսէր ան:
– Հայկական սովորութիւն է Կաղանդի ծիսական տարեհացի պատրաստութիւնը, անիկա կ՛ըլլայ կլոր կամ ձուաձեւ, իսկ չափը` ըստ ընտանիքի անդամներու թիւին: Տարեհացին երեսը կը զարդարուի սերմերով, չոր ու մանր միրգերով: Հացին մէջ կը դնեն «միջինք». անիկա տան այդ տարուան բախտաբերութեան եւ հարստութեան խորհրդանիշն է, ուտելու ատեն, որու որ բաժին իյնայ, այդ անձը կը դառնայ տարուան բախտաւորը:
– 2014-ին լաւաշը ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ` որպէս հայկական մշակոյթի արտայայտութիւն:
– Մատնաքաշը Հայաստանի մէջ շատ տարածուած հացի տեսակ է, որ կը թխուի ցորենի ալիւրով: Ան ընդհանրապէս ձուաձեւ է, երբեմն ալ` կլոր: Մատնաքաշ անուանումը յառաջացած է հացի երեսին մատներով ակօսագիծեր ձեւաւորելու պատճառով:
Մեր մեծերը` հացի մասին
«Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի` սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ…» Դանիէլ Վարուժան
«Մեր լեզուն մեր խիղճն է դա, սուրբ հացը մեր սեղանի»:
«Ես կ՛ուզէի… քեզ հետ կիսել վերջին պատառն իմ հացի»: Համօ Սահեան
«Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ»: Վահան Թէքէեան
Միսաք Մեծարենց հացի հետ համեմատեց գրաբարի արժէքը.
«Օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր եւ թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռնանք գրաբարին յուռթի շտեմարաններէն օգտուիլ մանաւանդ: Ինչո՞ւ մեր Հացը գետին նետենք ու մուրացիկ, ուրիշի ետեւէն վազենք»: