Ա. Շաբաթ զկնի Պենտեկոստէի Սուրբ Երրորդութեան Շաբաթ (4_11 յունիս 2023)
Շաբաթ օրը` 10 Յունիսին, տօնն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապէն, որ սերտօրէն կապուած է Հռիփսիմեանց տօնին հետ։ Նաև կը յիշատակուի Երանելի Իգնատիոս եպիսկոպոս Մալոյեանը:
Սուրբ Երրորդութեան տօնը կը փակէ հարիւր օրերու փակագիծը զոր հայ եկեղեցին կը դնէ տարուան ընթացքին, սկսեալ Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ամենասուրբ Երրորդութիւն։
Այս շրջանը նուիրուած է Քրիստոսի Խորհուրդին – պատրաստութիւն Զատկուայ եւ Սուրբ Յարութիւն Քրիստոսի – ուստի շատ հազուագիւտ է որ որեւէ ուրիշ սուրբի տօն մը կատարուի այս բոլոր շրջանին մէջ։ Իսկ Երրորդութեան յաջորդող երկուշաբթին արդէն կը սկսին տօները Սուրբերու, հայ թէ օտար։
Առաջին տօնն է Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու տօնը, որուն անմիջապէս կը հետեւի Սրբուհի Գայանէի տօնը. Այս երկու կոյսերը եւ իրենց հետեւող միւս բոլոր կոյսերու խումբը, ըստ աւանդութեան, Հռովմայեցի էին, ու Հայաստան եկած էին փախուստ տալու համար Դիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներէն։
Անոնց թիւն էր 35, իսկ Գայանէ իրենց դաստիարակ մեծաւորուհին էր. Կ՛ապրէին Հռոմի մէջ որպէս ճգնասուն կոյսերու խումբ մը. Դիոկղետիանոս կայսրը իմանալով անոնցմէ մէկուն` Հռիփսիմէի հրաշագեղ գեղեցկութեան մասին, ուզեց զայն իբրեւ հարս առնել. Ասոր վրայ, Գայանէ ամէնքը փախցուց դէպի Արեւելք եւ բաւական տեղեր շրջելէ ետք, անոնք հասան Հայաստան եւ հաստատուեցան Վաղարշապատի մօտ – այժմու Էջմիածինը – Հնձանք կոչուած տեղը։
Դիոկղետիանոս, որ հրաժարած չէր իր առաջին գաղափարէն, եւ մանաւանդ իմանալով որ անոնք քրիստոնեայ էին, կ՛ուզէր ուրացնել տալ իրենց հաւատքէն, լրտեսներու միջոցաւ իմացաւ անոնց պահուըտած տեղը եւ, որովհետեւ դաշինք ունէր Հայաստանի հետ, խնդրեց Հայոց Տրդատ թագաւորէն որ գտնէ Հռիփսիմէն եւ իրեն ուղարկէ։
Տրդատ` տեսնելով Հռիփսիմէն հիացաւ ինք եւս անոր գեղեցկութեան վրայ եւ որոշեց ինք ամուսնանալ հետը. Հռիփսիմէ ամուր կերպով դիմադրեց Տրդատի եւ լեցուած աստուածային զօրութեամբ, գետին տապալեց հսկայ թագաւորը։ Այն ատեն Տրդատ հրամայեց անոր դաստիարակին` Գայանէի որ համոզէ իր սանը դէպի իրեն գալու, սակայն Գայանէ ընդհակառակը` յորդորեց զինք ամուր մնալու եւ տեղի չտալու. Ասոր վրայ թագաւորը հրամայեց քարերով ջախջախել Գայանէի բերանը։
Գալով Հռիփսիմէի եւ իր բոլոր ընկերուհիներուն` հրամայեց դահիճներուն սոսկալի տանջանքներով սպաննել զանոնք. Յաջորդ օրը սպաննեցին նաեւ Գայանէն իր երկու ընկերուհիներով։ Այս եղելութիւններէն ետք է որ Տրդատ վայրենի գազանի նման եղաւ եւ անտառները փախաւ։
Թագաւորին քրոջ` Խոսռովիդուխտի պնդումին վրայ, գացին հանեցին Գրիգորը Խոր Վիրապէն. Ան բուժեց թագաւորը իր հիւանդութենէն եւ Կոյսերու նահատակութենէն ինն օր ետք արդէն կրցաւ ամփոփել անոնց աճիւնները Վկայարաններու մէջ։ Հետագային Կոմիտաս կաթողիկոսը իրենց մասին շարադրեց սքանչելի շարական մը այբենական կարգով դասաւորուած երեսունվեց տուներով, որ մինչեւ օրս կ՛երգցուի եւ կը կոչուի Անձինք Նուիրեալք։
Այս շաբթուայ ընթացքին –Հինգշաբթի օրը- կը կատարենք Ս. Յովհաննէս Կարապետի եւ Ս. Աթանագինէս եպիսկոպոսին յիշատակը:
Շաբաթ օրը` 10 Յունիսին, տօնն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապէն, որ, ինչպէս ըսինք, սերտօրէն կապուած է Հռիփսիմեանց տօնին հետ։ Նաև կը յիշատակուի Երանելի Իգնատիոս եպիսկոպոս Մալոյեանը:
Կիրակի 11 Յունիսը, Բ. Կիրակին զկնի Պենտեկոստէի, տօնն է ՝՝Եկեղեցւոյ՝՝: