Ծիսական գիտելիքներ : ​«Հոգեգալստեան տօնը եւ ներկայ Քրիստոնեան» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Առագոտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​«Հոգեգալստեան տօնը եւ ներկայ Քրիստոնեան» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

27 Mayıs 2023  

​«Հոգեգալստեան տօնը եւ ներկայ Քրիստոնեան» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը



Ս. Հոգին իր ներկայութիւնը կ'արտայայտէ հաւատացեալներու մէջ Հոգիին պտուղներովը՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն » (Գաղատացիս 5:22-23):Ս. Յարութեան տօնէն յիսուն օրեր ետք կու գայ Հոգեգալստեան տօնը: Ինչպէս անունէն իսկ կրնանք գուշակել, որ այս տօնը յիշատակումն է վերնատան մէջ Ս. Կոյսի շուրջ հաւաքած աշակերտներուն Ս. Հոգին ստանալուն:


Տէր Յիսուս խոստացաւ իր աշակերտներուն ըսելով ՝« Ես Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին, զոր այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ» (Յովհ. 14:16): Հոգեգալստեան տօնը այս խոստումին իրականացումն էր: Ս. Հոգիին գալուստը կը նշանակէ, որ Աստուած բնակարանը հաստատեց մարդուն մէջ: Ամէն անոնք որոնք հաւատացին Քրիստոսի պատգամին, Ս. Հոգին ստանալով անոնք դարձան «Աստուծոյ տաճարներ»ը: Աստուած անոնց մէջ բնակելով, անոնք եղան Իր վկաներ, որովհետեւ անոնք վերէն զօրութիւն ստացան ապրելու աստուածային պատուիրանները, ըստ որում պիտի ընդանային այնպիսի ճանապարհով մը, որ հակառակ էր աշխարհին: Ասոր համար ալ Յիսուս ըսաւ «աշխարհը չի կրնար ընդունիլ զայն»:

Ս. Հոգին իր ներկայութիւնը կ'արտայայտէ հաւատացեալներու մէջ Հոգիին պտուղներովը՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն » (Գաղատացիս 5:22-23):

Քրիստոնեան Ս. Հոգիին զօրութեամբ կը տարբերի աշխարհէն իր քրիստոսաբոյր կեանքով: Քրիստոնեան կոչուած է ապրելու հակառակ այն բոլոր արժէքներուն, զոր աշխարհ բարձր կը բռնէ: Անոր համար Յիսուս լերան քարոզին մէջ յաճախ կրկնեց ըսելով՝ «Լսեր էք...բայց ես ձեզի կ'ըսեմ»: Օրինակի համար ըսաւ՝ «Լսեր էք որ ըսուեցաւ՝ քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես։ Բայց ես կ՚ըսեմ ձեզի ՝ սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ՚ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք» (Մտթ.5:43-44): Ս. Հոգին մեզ Աստուծոյ որդիները կը դարձնէ, ըստ որում մենք իր պատկերը կ'արտացոլացնենք, լոյս եւ յոյս սփռելով այս խաւար եւ յուսահատ աշխարհին մէջ:

Ընդհանուր մտածելակերպ մը կայ ոմանց մօտ, թէ մարդ կրնայ հաւատքով լեցուն ըլլալ, բայց ոչ ոք չտեսնէ զայն: Որովհետեւ , անոնք կ'ըսեն, «իմ հաւատքս իմ եւ Աստուծոյ միջեւ է»: Նման գաղափար մը հակառակ է Քրիստոսի ուսուցումներուն: Յիսուս ըսաւ՝ «Մէկը ճրագը չի վառեր ու ծածուկ տեղ մը դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն» ( Ղուկ. 11:33): Յիսուս չի կրնար աշխարհը փոխել ծածուկ հաւատացեալներով: Ինչպէս վերեւ տեսանք, Ս. Հոգին կու գայ մեր մէջ որպէսզի աստուածային առաքինութիւնները հաստատելու համար, որպէսզի զանոնք ապրելով աշխարհ տեսնէ եւ փրկութեան աւետիսը ընդունի: Ի՞նչ իմաստ ունի 'հաւատացեալ եմ' ըսել եւ եկեղեցի չերթալ, կամ երբեք չաղօթել, եւ կամ քրիստոնէական այբուբենը չգիտնալ: Մենք կոչուած ենք աշխարհին յաղթելու, եւ իսկոյն ծածուկ հաւատքով եւ կամ եկեղեցւոյ քրիստոնէական ուսուցումին ուսուցումները չգիտնալով, երբեք չենք կրնար յաղթական ըլլալ: Այլ հակառակը, նման քրիստոնեաներ միշտ ալ իրենց պարտութիւնը կը յայտարարեն յարատեւ գանգատով եւ յուսահատութեամբ: Նշենք, որ գանգատն ու յուսահատութիւնը եկեղեցականօրէն մոլութիւններն են:

Հետեւաբար սիրելիներ եկէք այս Հոգեգալստեան տօնին անգամ մը եւս մենք զմեզ ընծայենք Աստուծոյ, որպէսզի Ան վերանորոգէ իր պատկերը մեր մէջ, ըստ որում աշխարհը տեսնէ Աստուծոյ փառքը եւ փրկութեան ճանապարհը ճանչնայ:

+