Ծիսական գիտելիքներ : Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է 14-23) «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, այլ անոր` որ զիս ղրկեց»
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Խաւարակ

Ծիսական գիտելիքներ : Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է 14-23) «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, այլ անոր` որ զիս ղրկեց»

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

07 Mayıs 2023  

Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է 14-23) «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, այլ անոր` որ զիս ղրկեց»



Եկէք, սիրելի հաւատացեալներ, ամէն գործի մէջ տեսնենք Աստուծոյ ծրագիրը, որպէսզի նոյնիսկ երբ այդ գործը իրականացնենք մեր անձնական ջանքերով, արժանիքն ու պատիւը միշտ վերագրենք Աստուծոյ. Ամէն։

Այսօր Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Խաչի 4 տօներէն մին, անոր Երեւման տօնը, Երուսաղէմի մէջ, 351 թուականին: Աւելի փայլուն քան արեւի լոյսը, այս խաչի նշանը կ՛երկարէր Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց պարտէզը եւ երեք օր մնաց երկնքի մէջ: Ըստ պատմագիրներուն, այդ օրերուն բազմաթիւ հրէաներ քրիստոնեայ դարձան: Արեւելեան միւս Եկեղեցիները կը տօնեն զայն Մայիս 7-ին:

Չորրորդ դարէն սկսեալ՝ Խաչի նշանը դարձաւ քրիստոնեաներու նշանը, ամէն մէկ քրիստոնեայի նշանը. Մինչ այդ' ան ամօթալի նշան մըն էր, որով կը ներկայացնէր չարչարանքի ահաւոր գործիք մը, նոյնիսկ քրիստոնեաներուն համար: Իսկ այսօր, քրիս-տոնեան կը պարծենայ այդ նշանով, որ կը պահէ ու կը պաշտպանէ զինք եւ որով կ'օրհնուին իր անձն ու գործերը: Ամէն անգամ որ խաչի մէկ տօնը կը կատարենք, հարկ է որ մեր մէջ աւելնայ մեր հաւատքը եւ զօրանայ մեր յոյսը հանդէպ անոր որ խաչուեցաւ անոր վրայ եւ իր մահով փրկեց մեզ կորուստէ ու դատապարտութենէ: Մենք հայերս կը պաշտենք խաչը առանց Յիսուսի, այսպէսով բացայայտելով թէ խաչէն աւելի, Քրիստոսն է որ կը պաշտենք, որ իր յարութեամբ մեզի նոր կեանք պարգեւեց:

Սուրբ Խաչի ակնյայտ այս երեւումը, Երուսաղէմի երկնքն ի վեր, մեծապէս ազդեց հրէայ ժողովուրդին վրայ եւ շատեր այն օրը խնդրեցին մկրտուիլ եւ քրիստոնեայ դառնալ, ինչ որ բնական է. Սակայն մնացեալ հրէաները, մանաւանդ անոնց մեծամեծները անդրդուելի մնացին, հակառակ այդ սքանչելի երեւոյթին, որովհետեւ իրենց սրտերը փակած էին Քրիստոսի բերած երկնային պատգամին դիմաց:

Այսօրուայ Աւետարանին մէջ վկայ կ'ըլլանք թէ ինչպէս Հրէայ մեծամեծները կը դատեն Յիսուսը որպէս օրինազանց երբ ան կատարած է հրաշք մը, առոջութիւն պարգեւելով անբուժելի հիւանդի մը: Ըստ իրենց հիւանդագին դատողութեան, շաբաթ օրը հանգստեան օր ըլլալով, կարելի չէ օգնել դժուարութեան մէջ գտնուող անձի մը, կամ բուժել հիւանդ մը, կամ որեւէ բարիք մը ընել մէկու մը: Ինչ յիմար կուրութիւն – եւ մինչեւ այսօր անոնք տակաւին կը մնան այդ կուրութեան մէջ -, որով չեն ուզեր ընդունիլ Քրիստոսի բերած լուսաւոր օրէնքը, սիրոյ օրէնքը:

Այսօր Յիսուս կու տայ իբրեւ փաստ իր վարդապետութեան ճշմարտութեան, այս խօսքը թէ ինք, այս բոլոր հրաշքները կատարելով' իր անձնական փառքը չէ որ կը փնտռէ այլ` մեծագոյն փառքը զինք աշխարհ ղրկողին, այսինքն Հօր, որ է Աստուած ու արարիչ բոլոր արարածներուն։ Այս պատճառով' իր սորվեցուցած վարդապետութիւնը ճշմարիտ է եւ անոր հաւատացողը իսկապէս կը փրկուի:

Մենք մեր վրայ կը վերցնենք Յիսուսի այս պատգամը: Յարմարագոյն կերպը յայտնելու մեր գոհունակութիւնը եւ միեւնոյն ատեն օգտակար նպատակի մը ծառայած ըլլալու հետեւեալն է. կատարել ամէն գործ Աստուծոյ փառքին համար։ Արդէն ինչ բարեմասնութիւն որ ունինք` ստացած ենք Արարիչէն, մեր խելքն ու կամքը, մեր բոլոր յատկութիւններն ու բարեմասնութիւնները աստուածատուր պարգեւներ են, որոնց համար յարատեւ շնորհակալութիւն յայտնելու ենք Տիրոջ եւ փառք ընծայելու իրեն։

Ուստի եկէք, սիրելի հաւատացեալներ, ամէն գործի մէջ տեսնենք Աստուծոյ ծրագիրը, որպէսզի նոյնիսկ երբ այդ գործը իրականացնենք մեր անձնական ջանքերով, արժանիքն ու պատիւը միշտ վերագրենք Աստուծոյ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+