Ծիսական գիտելիքներ : Տեառնընդառաջ
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Տեառնընդառաջ

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

02 Şubat 2023  

Տեառնընդառաջ



Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, երկինքէն իջաւ եւ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Այս մէկը աստուածային սիրոյ գերագոյն դրսեւորումն է Արարիչէն հեռացած արարածին հանդէպ։ Մարդացած Աստուածորդին ամէն պահ կը դիմէ մեզի՝ Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ (Մատթ ԺԱ 28)2 Փետրուարին, տօնն է Տեառնընդառաջի. Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։

Արդարեւ ըստ Հրէական Օրէնքի` ամէն արու զաւակի ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանան սրբագործման քառասուն օրերը, նորածինին մայրը իր երեխայի հետ կ՛այցելէր Տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն:

Այսպէս Ս. Աստուածամայրը քառասնօրեայ Յիսուս Մանկան հետ կը ներկայանայ Տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս Աւետարանիչը: Ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը՝ Աւետարանիչը կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիին մասին, որուն Ս. Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:

Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, երկինքէն իջաւ եւ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Այս մէկը աստուածային սիրոյ գերագոյն դրսեւորումն է Արարիչէն հեռացած արարածին հանդէպ։ Մարդացած Աստուածորդին ամէն պահ կը դիմէ մեզի՝ Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ (Մատթ ԺԱ 28)

Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ, Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ:

Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։

+