Ծիսական գիտելիքներ : ​Գ. Կիրակի Վերափոխման - Մարկոս 6, 30-44 Հացերու բազմացում. մարմանաւոր հրաշքը նշան է հոգւոյ փրկութեան
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Առագոտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Գ. Կիրակի Վերափոխման - Մարկոս 6, 30-44 Հացերու բազմացում. մարմանաւոր հրաշքը նշան է հոգւոյ փրկութեան

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

07 Eylül 2022  

​Գ. Կիրակի Վերափոխման - Մարկոս 6, 30-44 Հացերու բազմացում. մարմանաւոր հրաշքը նշան է հոգւոյ փրկութեան



Հոգեւոր հացը նաեւ Քրիստոսի մարմինն է, այն կերակուրը զոր ինք մեզի թողուց իր մահուընէ առաջ, որպէսզի անով կարենայինք զօրանալ եւ ամէն օր նոր կեանք ստանալ, դիմագրաւելու համար կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ յաղթահարելու բոլոր խոչընդոտներուն։

Գալիլիոյ շրջանին մէջ` Յիսուս կը գործէ այնպիսի հրաշքներ որոնք բնութեան օրէնքներուն կը հակազդեն. ջուրը գինիի կը փոխէ, ծովու մէջ` փոթորիկը կը հանդարտեցնէ, եւ այսօր ահա` կը կարդանք Սուրբ Աւետարանին մէջ, հրաշքը հացերու եւ ձուկերու բազմացումին։

Առաքեալներու մօտ` հետզհետէ աւելի կենսական կը դառնայ հարցումը. Ո՞վ է այս մարդը որ կրնայ տիրել բնութեան օրէնքներուն, որուն կը հնազանդին հովն ու ծովը, որ գրեթէ ոչինչէն կը յառաջացնէ ուտելիք հազարաւոր անձերու համար։ Ոչ, այսպիսի անձ մը չի կրնար պարզ մարդ ըլլալ եւ ոչ ալ միայն մարգարէ մը, որովհետեւ մարգարէները երբեք այսպիսի հրաշքներ չըրին, բացի Եղիա մարգարէէն, որ Սարեբթայի մէջ` այրի կնոջ մը ունեցած կաթիլ մը ձէթը բազմացուց։

Ուստի կը հասնին այն եզրակացութեան թէ Յիսուս Աստուծմէ ուղարկուած անձ մըն է, սակայն ոչ թէ պարզ հրեշտակ մը այլ աւելի բարձր կարողութիւններով օժտուած մէկը. Պետրոս առաքեալ թարգմանը պիտի ըլլայ իր ընկերներուն երբ Յիսուս իրենց կը հարցնէ թէ ըստ ձեզի, ես ո՞վ եմ. Պատասխանը կու գայ սրտէն ու հաւատքէն բխած, անձի մը` որ հաւատարիմներուն հաւատարիմը եղաւ Յիսուսի. Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին։

Քրիստոսի գործած զգայացունց հրաշքը, հինգ հացերն ու երկու ձուկերը բազմա-ցընելով եւ 5000 հոգիէն աւելի մարդոց բաժնելով, անշուշտ թէ բնական ու նիւթական հրաշք մըն է. Անոր համար մարդիկ պատրաստ էին զինք իրենց թագաւորը հռչակելու. Սակայն այդ չէ նպատակը աստուածային վարդապետին. Քրիստոս այս հրաշքը կատարեց որովհետեւ խղճաց իրեն հետեւող ժողովուրդին վրայ. Անոնք օրերէ ի վեր իրեն կը հետեւէին, եւ նոյնիսկ անապատ տեղը եկած էին իր խօսքը մտիկ ընելու եւ իր սորվեցուցած վարդապետութեան անսալու. Ձեւով մը Յիսուս ուզեց վարձատրել իրենց հաւատարմութիւնը Աստուծոյ պատգամին հանդէպ եւ գործեց այս հրաշքը։

Սակայն հրաշքին տարողութիւնը աւելի հեռու կ՛երթայ. Յիսուս կը խնդրէ մեզմէ որ կարեւորութիւն տանք ոչ թէ նիւթական կերակուրին, որովհետեւ անիկա երկրորդական է եւ ահա մէկ օրհնութեամբ ինք կրցաւ բազմացնել մի քանի հացերն ու ձուկերը եւ անով կերակրել հազարաւոր ժողովուրդ. Նոյնիսկ 12 զամբիւղ հաւաքուեցան կերակուրի մնացորդներէն։ Էականը հոգեւոր կերակուրն է, այն հացը որ կու գայ երկնքէն եւ որ վերջնականապէս պիտի յագեցնէ մեր անօթութիւնն ու ծարաւը, որովհետեւ այդ հացը ճաշակողը կը ներմուծէ ինքիր մէջ սերմը յաւիտենական կեանքին։

Հոգեւոր հացը նաեւ Քրիստոսի մարմինն է, այն կերակուրը զոր ինք մեզի թողուց իր մահուընէ առաջ, որպէսզի անով կարենայինք զօրանալ եւ ամէն օր նոր կեանք ստանալ, դիմագրաւելու համար կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ յաղթահարելու բոլոր խո-չընդոտներուն։ Սուրբ պատարագը, մանաւանդ հասարակաց Սուրբ Պատարագը, կիրակի օրը, քրիստոնեայ հասարակութեամբ լեցուն եկեղեցւոյ մէջ, մեր քրիստոնէական կեանքին կեդրոնն է, որովհետեւ անկէ յառաջ կու գան մեր մէջ կենսունակութիւնն ու սէրը, որով մեր կեանքը պիտի լեցուի Տիրոջ Հոգիով եւ մեր ամբողջ էութեամբ պիտի դիմենք դէպի յաւիտենական ու երջանիկ կեանք. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
+