Ամրան Տաքին Դիմանալու 6 Պարզ Միջոցներ
Ամրան եղանակին արեւին տակ երկար մնալը կրնայ յանգեցնել մորթային այրուածքի, ջրազրկումի եւ նոյնիսկ արեւահարութեան:
Ջրազրկումը ամրան եղանակի ամենատարածուած խնդիրներէն մէկն է: Անիկա կը սպառնայ բոլոր տարիքի մարդոց, բայց աւելի շատ` մանուկներուն եւ տարեցներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ջրազրկումէ պաշտպանուելու միջոցներ:
1. Ջրազրկումը կանխելու լաւագոյն տարբերակը օրուան ընթացքին շատ ջուր խմելն է: Ջուրին կրնաք աւելցնել կիտրոնի շերտ մը, թարմ անանուխի տերեւներ… Հրաժարեցէք քաղցր եւ շատ պաղ ըմպելիքներէն:
2. Ամրան եղանակին կրեցէք բաց գոյնի, թեթեւ հագուստներ: Հրաժարեցէք սենթեթիք կտորներէն եւ նախապատուութիւնը տուէք բամպակեայ տարբերակներուն:
3. Պաշտպանուեցէք արեւի ուղիղ ճառագայթներէն: Ջանացէք կէսօրուան ժամերուն դուրսերը չթափառիլ, իսկ եթէ այլ տարբերակ չունիք, գլխարկ ու ակնոց կրեցէք եւ արեւապաշտպան սերեր գործածեցէք:
4. Խուսափեցէք միջամուղներէն: Միզամուղ դեղերն ու մթերքները կը նպաստեն մարմնի հեղուկի կորուստին: Չափաւորեցէք սուրճը, քոլան եւ այլն…
5. Պտուղ եւ բանջարեղէն կերէք: Ձմերուկը, վարունգը, լոլիկը, հազարը, խաղողի հիւթը եւ միքրոտարրեր պարունակող մթերքներ են, առատօրէն սպառեցէք զանոնք, իսկ կծու, իւղոտ եւ առատօրէն համեմուած ուտեստները չափաւորեցէք:
6. Հրաժարեցէք երկար եւ ծանր մարզումներէն, որոնք քրտնարտադրութիւն կը պատճառեն, ինչ որ իր կարգին ջրազրկումի պատճառ է: Ձեզի հետ շիշով ջուր ունեցէք, որպէսզի մարզումէն առաջ, ընթացքին եւ յետոյ քիչ քիչ խմէք: