Ծիսական գիտելիքներ : ​Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, խոնարհ եւ հեծած իշու մը վրայ (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17) - Ծաղկազարդ
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շաւաղօտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, խոնարհ եւ հեծած իշու մը վրայ (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17) - Ծաղկազարդ

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

10 Nisan 2022  

​Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, խոնարհ եւ հեծած իշու մը վրայ (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17) - Ծաղկազարդ



Այսօր աւելի քան երբեք, համայն աշխարհի վրայ սպառնացող պատերազմի մը սպառնագին օրերը կ'ապրինք. Յյուսահատելու չենք, այլ մանաւանդ պատրաստուելու ենք միասնաբար մուտք գործելու եւ վերադառնալու Քրիստոսի հետ` եկեղեցի եւ հոն` անդրադարձ մը կատարելու մեր հաւատքին շուրջ, քննելով թէ որքա՜ն հաւատարիմ եղած ենք մեր մկրտութեան խոստումին։ Մեր պապերու հաւատքը կարելի չէ խախտել մեր սրտերուն մէջէն եւ անով միայն կրնանք ըլլալ կատարեալ հայեր եւ կատարեալ քրիստոնեաներ աշխարհի վրայ:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնըՄէկ կողմէն՝ Երուսաղէմի մանուկները կը գոչեն «Ովսաննա Դաւթի Որդւոյն», սակայն առանց գիտնալու իրենց ըսածին իմաստն ու իսկական տարողութիւնը. Հաւանաբար իրենց ըսուած է թէ այս մարդը որ կու գայ տաճար՝ մարգարէ մըն է, բացառիկ անձնաւորութիւն մը, որուն կատարած հրաշքները միայն Աստուծոյ միջամտութեամբ կրնան տեղի ունենալ. Բայց վստահաբար նաեւ Սուրբ Հոգին է որ կը ներշնչէ իրենց այս խօսքերը, որոնք կ՛աւետեն Մեսիայի գալուստը։

Միւս կողմէն՝ դպիրներն ու քահանաները գայթակղած` կը յանդիմանեն զինք մանուկներու այս արտասանած խօսքին համար. Յիսուս կ՛ըսէ իրենց թէ մանուկներու բերնէն է որ ճշմարտութիւնը ի յայտ կու գայ, մանաւանդ հոգեւոր փառաբանութեան մէջ։ Ինք միշտ մօտիկ եղած է մանուկներուն, խնդրելով առաքեալներէն որ արգելք չհանդիսանան անոնց որ կ՛ուզեն իրեն մօտենալ եւ նոյնիսկ յայտարարած է թէ երկնքի արքայութիւնը մտնելու համար, հարկ է ըլլալ նման մանուկներու։

Դռնբացի այսօրուան հայկական արարողութեան ընթացքին, կ՛երգցուի «Իմաստուն Կուսանք» շարականը, որ կը յիշեցնէ մեզի Յիսուսի պատմած մէկ առակը ճիշդ այս շրջանին, այսինքն Ծաղկազարդէն մինչեւ Աւագ հինգշաբթի։ Այս առակով` Յիսուս կ՛ուզէ մեզ պատրաստել իր վերջին գալստեան, երբ պիտի գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ Այն կոյսերը որոնք աւելորդ ձէթ առած են իրենց հետ, անոնք են որ պատրաստ են Տիրոջ առջեւ ելլելու, որովհետեւ իրենց հաւատքի կանթեղը միշտ լուսաւոր մնացած է, շնորհիւ իրենց իմաստութեան ու խոհեմութեան։ Իսկ անոնք որ նոյն իմաստութիւնը չունեցան եւ չամբարեցին աւելորդ ձէթ, այսինքն հարկ եղած պաշարը կանթեղին լոյսը միշտ վառ պահելու համար, պիտի չկարենան մտնել Տիրոջ արքայութեան մէջ։

Ծաղկազարդի օրը սովորութիւն կայ կատարելու թափօրը մանուկներու. Անոնք էին որ տաճարին մէջ` Յիսուսի գովասանքը կը հիւսէին զինք կոչելով Դաւթի Որդի։ Քահանաները անշուշտ չկրցան մարսել այս մէկը. Սակայն Տէրը արդարացուց անոնց աղաղակը եւ ուրախ բացագանչութիւնը, որովհետեւ մանուկներու բերնէն է որ կ՛ելլէ ճշմարտութիւնը։

Եթէ այսօր մեզի ալ տրուի կարելիութիւնը Քրիստոսի մասին արտայայտուելու, ի՞նչ պիտի ըսենք եւ ինչպէ՞ս պիտի կոչենք զինք։ Մանուկներու նման` անկեղծութիւնը պիտի ունենա՞նք արդեօք զինք կոչելու մեր Տէրն ու Աստուածը, թէ ամչնալով մեր շուրջիններէն պիտի չհամարձակինք արտայայտելու մեր հաւատքը զոր ստացած ենք մկրտութեան խորհուրդով եւ որ աճած է մեր մէջ քրիստոնէականի ուսուցումով։ Արդեօք կրնա՞նք ապահովել թէ համարձակօրէն վկայութիւն պիտի կարենանք տալ մեր հաւատքին։

Այսօր աւելի քան երբեք, համայն աշխարհի վրայ սպառնացող պատերազմի մը սպառնագին օրերը կ'ապրինք. Յյուսահատելու չենք, այլ մանաւանդ պատրաստուելու ենք միասնաբար մուտք գործելու եւ վերադառնալու Քրիստոսի հետ` եկեղեցի եւ հոն` անդրադարձ մը կատարելու մեր հաւատքին շուրջ, քննելով թէ որքա՜ն հաւատարիմ եղած ենք մեր մկրտութեան խոստումին։ Մեր պապերու հաւատքը կարելի չէ խախտել մեր սրտերուն մէջէն եւ անով միայն կրնանք ըլլալ կատարեալ հայեր եւ կատարեալ քրիստոնեաներ աշխարհի վրայ: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

+