Եկեղեցական Գիտելիքներ Բ. Շաբաթ Առաջաւորի (13- 20 Փետրուար 2022)
Շաբաթ 19 Փետրուարին` տօնն է մեր մեծագոյն հայրապետներէն` Սուրբ Սահակ Պարթեւի, որուն շնորհիւ է որ Մեսրոպ Մաշտոց կրցաւ նուիրուիլ գրերու գիւտին։
Ունկնդրէ լուրըԱռաջաւորի երկրորդ շաբաթը կը սկսի Քրիստոսի պատուէրով որ ուտենք իր մարմնէն, քանի ինքն է երկնքէն իջած կեանքի հացը։
Իր ժամանակակիցներուն համար` բոլորովին անհասկնալի բառեր, որոնք կը գայթակղեցնեն ու շփոթի կը մատնեն նոյնիսկ առաքեալները։ Միայն Յովհաննէս է որ կը հասկնայ խոր իմաստը այս բառերուն եւ, առանց վարանելու զայն կը դնէ իր Աւետարանին մէջ, մինչ միւս աւետարանիչները կը զգուշանան այդ խօսքերը դնելէ Քրիստոսի բերնին մէջ Աւագ Հինգշաբթիէն առաջ։
Յիսուս երբ կը խօսի երկնքէն իջած հացին մասին, խորհրդանշական նմանութիւն մը կը կատարէ Աստուծոյ խօսքին. Այո, երկնքի հացը Աստուծոյ խօսքն է որ կը պարգեւէ զայն ընդունող եւ անոր հաւատացող մարդուն` յաւիտենական կեանք։ Ասոր համար է որ իր աւետարանին սկիզբէն արդէն, Յովհաննէս կ՛որակէ Քրիստոսը որպէս Բանն Աստուծոյ, այսինքն Խօսքն Աստուծոյ որ կու գայ երկնքէն եւ որ հաւասար է Հօր։
Երկուշաբթի 14 Փետրուարին, տօնն է Ատովմանց զօրավարաց։ Այս անունով երկու սուրբերու խումբեր կան մեր Յայսմաւուրքին մէջ. Առաջինը` Ատոմ Գնունին է եւ իր հետ եղող` Մանաճիհր Ռշտունի, որոնք Վարդանանց զօրավարներէն առաջ նահատակուեցան Յազկերտ Բ. Պարսից թագաւորի հրամանաւ, որպէսզի օրինակ հանդիսանան միւս հայ զօրավարներուն համար թէ ինչպէս կը պատժուին արքայից արքայի չհնազանդողները։ Երկրորդ խումբը Ատովմանց, արաբական շրջանին է որ կը նահատակուին Բուղա ոստիկանին ձեռամբ։
Երեքշաբթի 15 Փետրուարին` տօնն է Սուքիասանց ճգնաւորացն. ասոնք 18 պալատականներ էին Ալաններու որոնք Հայաստան եկած էին առաջին դարուն եւ, մկրտուելով Ոսկեան քահանաներու կողմէն, քրիստոնեայ դարձած էին ու ճգնողական կեանք մը կ՛անցընէին Սուկաւէտ լերան մօտ` քարայրներու մէջ պահուըտած։ Ոսկեանց նահատակութենէն ետք` թաղեցին անոնց մարմինները եւ շարունակեցին ապրիլ իրենց ճգնողական կեանքը, աւելի խիստ կերպով. Իրենց հագուստները բոլորովին մաշած ըլլալով` իրենց մարմնի մազերով կը ծածկէին իրենց մերկութիւնը. Անոր համար ալ կոչուեցան Քօշ, որ կը նշանակէ մամրոտ ժայռ։ 130 թուին` Ալաններու Շապուհ թագաւորը զիրենք փնտռել տուաւ եւ ուզեց որ վերադառնան իրենց երկիրը, սակայն անոնք չուզելով ուրանալ իրենց կրօնքը, նախընտրեցին նահատակութիւնը։
Հինգշաբթի 17 Փետրուարին` տօնն է Ոսկեանց քահանաներուն։ Ասոնք, թուով հինգ, որոնց գլխաւորն էր Ոսկի անունով մէկը,կ՛ապրէին ըստ աւանդութեան Հայաստանի մէջ, առաջին դարուն։ Թադէոս առաքեալի աշակերտելով` մկրտուեցան եւ Ոսկի քահանայ ալ ձեռնադրուեցաւ։ Առաքեալին նահատակութենէն ետք` անոնք քաշուեցան Ծաղկոտն գաւառի Ծաղկէոյ լերան վրայ, ուր 40 տարի ճգնողական կեանք մը անցուցին. 107-ին, Սուքիասի եւ իր հետ ընկերացող իշխաններու մկրտութենէն ետք` անոնք, հինգը միասին, նահատակուեցան Հայոց թագաւորի հրամանով։
Շաբաթ 19 Փետրուարին` տօնն է մեր մեծագոյն հայրապետներէն` Սուրբ Սահակ Պարթեւի, որուն շնորհիւ է որ Մեսրոպ Մաշտոց կրցաւ նուիրուիլ գրերու գիւտին։ Հետագային Սահակ եւս մասնակցեցաւ Սուրբ Գրքի հայերէն թարգմանութեան։ Սահակ որդին էր Մեծն Ներսէս հայրապետին, ծնած էր 348-ին եւ 387-ին` կը հանդիսանայ Հայոց կաթողիկոս. Կը վախճանի 437 թուին, յետ երկարամեայ արդիւնաւոր կեանքի մը. Կղերական չեղած` ան ամուսնացած էր եւ ունէր աղջիկ մը`Սահականոյշ, որ պիտի հանդիսանար մայրը Վարդան Մամիկոնեանի։