Ծիսական գիտելիքներ : Քրիստոսի Երեք Գալուստները
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Զօրացեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Քրիստոսի Երեք Գալուստները

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

12 Aralık 2021  

Քրիստոսի Երեք Գալուստները



Ծնունդի պատրաստութեան այս ժամանակաշրջանին, եկէք նախ մեր աչքերը Յիսուսի դարձնենք, խոստովանանքով նորոգենք մեր կեանքերը, փնտռենք Աստուծոյ արքայութիւնն ու արդարութիւն, եւ բոլոր մնացած բաները պիտի աւելնան մեզի: Եւ Յիսուսի երրորդ գալուստը պիտի իրականանայ մեր մէջ:

Ըստ եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին ծնունդին առաջնորդող ժամանակաշրջանը Գալստեան Յիսնակ (L'Avent) կը կոչուի: «Գալուստ» արտայայտութիւնը բնականաբար ակնարկ է Յիսուսի աշխարհ գալուն: Աւետարանները մեզի բարի լուրը կը փոխանցեն, թէ ժամանակներու լրումին Յիսուս ծնաւ Ս. Կոյս Մարիամէն, «որպէսզի ով որ անոր հաւատայ ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանքը ունենայ» (Յովհ.3:15): Նոր Կտակարանը յոյսի այլ աւետիս մը եւս ունի մարդկութեան, այդ ալ Քրիստոսի երկրորդ գալուստն է: Ամէն Կիրակի եւ իւրաքանչիւր պատարագին կ'արտասանենք եկեղեցւոյ հաւատամքը ըսելով՝ «Գալոց է նովին մարմնովն եւ փառօք Հօր ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս, Որոյ թագաւորութեանն ոչ գոյ վախճան»։ Այս երկրորդ գալուստն է, որ հաւատացեալներուն յոյսն ու աղօթքն է, ինչպէս կը կարդանք Յայտնութիւն Յովհաննու 20:22-ի մէջ՝ «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ Եկեղեցին ծնունդի ժամանակահատուածին իր ծիսական աղօթքներու մէջ առաջին գալուստին կողքին կը յիշէ նաեւ այս երկրորդ գալուստը, որ պիտի պատահի ժամանակներու կատարումին:

Կարգ մը եկեղեցւոյ հայրեր սակայն կը խօսին երրորդ գալուստի մը մասին, որ կը պատահի հաւատացեալին կեանքին մէջ այսօր: Որպէս քրիստոնեաներ մենք բոլորս մկրտուած ենք, դառնալով Աստուծոյ ընտանիքի անդամներ, որով Աստուծոյ որդիներ ըլլալու իշխանութիւնը կ'ունենանք: Այս Յիսուսի երրորդ գալուստն է հաւատացեալին կեանքին մէջ: Սակայն կը պատահի, որ զանազան պատճառներով, մենք կը հեռանանք Աստուծմէ եւ կը մոռնանք մկրտութեան ուխտն ու խոստումները: Ամբողջական գիտակցութեամբ վերադարձը Աստուծոյ, նորոգելով մկրտութեան մեր ուխտն ու խոստումները, կարգ մը վարդապեէտներու կողմէ կը կոչուի «վերստին մկրտութիւն»: Հարկ է յիշեցնել, որ կրկին անգամ մկրտութեան աւազանին մէջ թաթխուելու կարիքին մասին չէ խօսքը հոս: Այլ ամբողջական գիտակցութեամբ վերադառնալ Աստուծոյ խոստովանանքի խորհուրդի միջոցով. որով Քրիստոս մեր կեանքերէն ներս վերստին ծնած կ'ըլլայ:

Սակայն անցանկալի իրականութիւն մը կ'ապրինք ներկայիս, այդ ալ՝ թէ մարդիկ Քրիստոս կը փնտռեն ոչ ճշգրիտ նպատակներու համար: Ծնունդի առիթով յայտագիր մը սփռուեցաւ, որու խորագիրն էր՝ «Փնտռել Յիսուսը»: Հարցին հեգնութիւնը այն էր, որ յայտագիրը դիտողը կը կորսնցնէր Յիսուս եւ չէր գտնէր զայն, ինչպէս խորագիրը կը յաւակնէր:

Քրիստոս եկաւ աշխարհ մարդկութիւնը փրկելու համար: Սակայն մարդիկ զինք կը փնտռեն, եկեղեցի կու գան եւ կամ եկեղեցականին կը դիմեն, ոչ իրենց հոգիներու փրկութիւնը խնդրելու, այլ իրենց զանազան կարիքներու պատասխան գտնելու համար: Եկեղեցին հետեւելով իր Տիրոջ պատուէրին, կը կերակրէ անօթին, կը բժշկէ հիւանդը, կ'այցելէ բանտարկեալնն ու անտեսուածը, սակայն իր գլխաւոր առաքելութիւնը ասոնք չեն, այլ հոգիներու փրկութիւնն է: Յիսուս ըսաւ՝ «խնդրեցէք նախ Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներ պիտի տրուին ձեզի» ( Մտթ. 6:33)։ Ինչ իմաստ ունի եթէ մի ոմն աշխարհի ամբողջ մարդկութեան ճաշի բեկոր մը բաժնէ, գիտնալով որ երկու ժամեր ետք անոնք բոլորը կրկին պիտի անօթենան: Սակայն կենդանի Աստուծոյ Որդին՝ «կենաց հացը» եթէ ճաշակենք, յաւիտենական կեանք պիտի ունենանք:

Հետեւաբար սիրելիներ, ծնունդի պատրաստութեան այս ժամանակաշրջանին, եկէք նախ մեր աչքերը Յիսուսի դարձնենք, խոստովանանքով նորոգենք մեր կեանքերը, փնտռենք Աստուծոյ արքայութիւնն ու արդարութիւն, եւ բոլոր մնացած բաները պիտի աւելնան մեզի: Եւ Յիսուսի երրորդ գալուստը պիտի իրականանայ մեր մէջ:



+