Ծիսական գիտելիքներ : ​9-րդ Կիրակի Սուրբ Խաչին Յիսուս յարութիւն կու տայ Յայրոսի աղջկան (Ղուկաս 8, 49-57)
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Առաւօտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​9-րդ Կիրակի Սուրբ Խաչին Յիսուս յարութիւն կու տայ Յայրոսի աղջկան (Ղուկաս 8, 49-57)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

07 Kasım 2021  

​9-րդ Կիրակի Սուրբ Խաչին Յիսուս յարութիւն կու տայ Յայրոսի աղջկան (Ղուկաս 8, 49-57)



Ով որ հաւատք ընծայէ Քրիստոսի խօսքերուն, հաւատք մը առանց որեւէ տարակոյսի, լի վստահութեամբ եւ բոլորանուէր սրտով, պիտի ընդունի նոյնիսկ ամենադժուարին բանը, որ անկարելի կը կարծուի։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնըՍուրբ Աստուած-ին մէջ կ՛երգենք, մեր խօսքն ուղղելով խաչեցեալ Քրիստոսի. Որ յարեարդ ի մեռելոց. Այո՛ Յիսուս միակ անձն է որ յարութիւն տուաւ ինքիրեն. Ուստի ան ունի բացարձակ իշխանութիւն մահուան վրայ. Եթէ ինքիրեն կրցաւ յարութիւն տալ, ուրեմն եւս առաւել ուրիշներուն կրնայ յարութիւն տալ։

Յայրոսի աղջկան պատահած հրաշքը կը լուսաւորէ մարդիկը եւ կը բանայ առա-քեալներու աչքերը. Սովորական մարդ մը չէ իրենց Վարդապետը, ան բացառիկ իշխա-նութիւններ ունի. Հրաշքներու ընթացքին` ականատես եղան անոնք թէ ինչպէս կ՛իշխէր բնութեան տարրերուն վրայ, երբ ծովն ու հովը կը հանդարտեցնէր. Կ՛իշխէր նաեւ չար ոգիներուն վրայ, հանելով եւ դուրս վռնտելով դեւերը մարդոց մէջէն։

Ահա այսօր ան կեանք կու տայ մեռեալի մը. Այսպիսի կարողութիւններ ունեցող անձ մը չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ իսկական Աստուծոյ Որդի. Պետրոս զայն խոստովանեցաւ արդէն միւս բոլոր առաքեալներու առջեւ եւ անոնց անունով։ Այս բոլորը կը յուսադրեն իրեն հետեւողները. Յիսուս կը կատարէ իր խոստացածը եւ ամէն մէկ հաւատացեալի պիտի ընծայէ յաւիտենական կեանքի երջանկութիւնը, ինչպէս որ խօսք տուած է իրեն հետեւողներուն։ Յայրոսին ուղղելով իր խօսքը, Յիսուս կ՛ըսէ. Հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի. Յայրոս կը գտնուի սակայն դժուար կացութեան մը մէջ. Նախ պէտք է պայքարի ինք իր անձին տարակոյսներուն դէմ. Կեանքին մէջ առաջին անգամուայ համար կը հանդիպի մէկու մը որ կ՛ըսեն թէ բուժումի յատկութիւններ ունի, կ՛աղաչէ որ ան գայ բուժէ իր աղջիկը, եւ ահա յանկարծ լուր կու գայ իրեն թէ աղջիկը մեռած է արդէն. Կրնա՞յ վստահութիւն ունենալ Քրիստոսի խօսքերուն վրայ եւ շարունակել յուսալ անկարելի դարձած հրաշքի մը։

Միւս կողմանէ, իր բոլոր ազգականներն ու բարեկամները կը ծաղրեն Յիսուսը երբ կ՛ըսէ թէ աղջիկը կը քնանայ. Անշուշտ կը ծաղրեն նաեւ զինք' Յայրոսը, որ հաւատք կ՛ընծայէ այսպիսի շաղակրատի մը։ Ի՞նչ որոշում պէտք է առնէ ինք Յիսուսի նկատմամբ. Ստոյգ է որ ան յուսահատ մարդ մըն է, որ իր մանկամարդ աղջիկը կորսնցուցած է եւ ուրիշ ելք չունի եթէ ոչ յամառօրէն կառչիլ Յիսուսի խօսքերուն, վստահիլ անհաւատալիին եւ յուսալ որ հրաշք մը տեղի ունենայ։ Իր հաւատքը կը վարձատրուի եւ աղջիկը յարութիւն կ՛առնէ, ի մեծ ցնծութիւն բոլոր ընտանիքին։

Իսկ մեր դիրքը ի՞նչ է Քրիստոսի խօսքին նկատմամբ. Ունի՞նք արդեօք այդ յուսահատ հօր` Յայրոսի հաւատքն ու վստահութիւնը թէ մեր աստուածային Տէրն ու Վարդապետը կարող է իրականացնելու այն ամէն ինչ որ կը խոստանայ, եւ թէ առանց իրեն մենք ոչինչ կը ստանանք կեանքէն ու մեր ապագան պղտոր կ՛ըլլայ, յուսահատելու աստիճան մեր կեանքէն ու մեր երջանկութենէն։

Ով որ հաւատք ընծայէ Քրիստոսի խօսքերուն, հաւատք մը առանց որեւէ տարակոյսի, լի վստահութեամբ եւ բոլորանուէր սրտով, պիտի ընդունի նոյնիսկ ամենադժուարին բանը, որ անկարելի կը կարծուի։ Միայն հաւատա՛ կ՛ըսէ Տէրը եւ ամէն բան կարելի պիտի դառնայ։ Շատ լուրջ հարց մըն է ասիկա. Կը տեսնենք այսօրուայ դէպքին մէջ թէ Յիսուս նոյնիսկ իր բոլոր առաքեալներն իսկ չառաւ իր հետը, այլ միայն ամենահաւատարիմները, Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը. Թերեւս տակաւին բոլորովին ապահով չէր միւս առաքեալներու հաւատքի զօրութեան վրայ։ Գալով մեզի, արդեօք Քրիստոս կրնա՞յ ապահով ըլլալ մեր հաւատքին վրայ։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

+