Ծիսական գիտելիքներ : Տօն Սուրբ Խաչի Գիւտին (Մատթէոս 24, 27-36)
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Տօն Սուրբ Խաչի Գիւտին (Մատթէոս 24, 27-36)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

24 Ekim 2021  

Տօն Սուրբ Խաչի Գիւտին (Մատթէոս 24, 27-36)



Հայ ժողովուրդը` իր աննման խաչքարերով զարդարեց ոչ միայն իր դամբարանները, այլ նաեւ զանոնք դարձուց յուշակոթողներ որոնք նոյն ատեն կը յայտնեն ժողովուրդին հաւատքը Քրիստոսի անձին հանդէպ, անոր վարդապետութեան, անոր զոհաբերումին եւ ի վերջոյ յաղթական յարութեան հանդէպԱյսօր կը տօնենք Քրիստոսի խաչելութեան գիւտին յիշատակութիւնը։

Չորրորդ դարու առաջին կէսին, մօտ 326 թուին, Սրբուհի Հեղինէ, Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, կ՛որոշէ անձամբ երթալ Երուսաղէմ եւ պեղումներ կատարել գտնելու համար այն Խաչափայտը որուն վրայ Յիսուս գամուեցաւ եւ իր արիւնը թափեց ։ Բազմաթիւ ապարդիւն փնտռտուքներէ ետք, ի վերջոյ իրեն կը ներկայացնեն Յուդա անունով Երուսաղեմացի Հրէայ մը, որ գիտէ թէ ուր պահուած է Քրիստոսի խաչը. Հեղինէ կը ստիպէ զինք որ յայտնէ անոր թաքստոցը եւ վերջապէս կը գտնեն հոն թաղուած երեք խաչեր. Սակայն ոչ ոք գիտէ թէ այդ երեքէն որն է Յիսուսի խաչը եւ որոնք են երկու աւազակներու խաչերը։

Ստուգելու համար, Սրբուհի Հեղինէ բերել կու տայ մեռած պատանիի մը դիակը եւ զայն դնել կու տայ երեք խաչերուն վրայ. Երբ խաչերէն մէկուն վրայ կը դնեն պատանին, ան անմիջապէս յարութիւն կ՛առնէ. Անոր վրայ ամէն մարդ կը համոզուի թէ այդ էր Տիրոջ խաչափայտը. Այն ատեն` Կիւրեղ, Երուսաղէմի հայրապետը կը բարձրացնէ զայն բոլորին առջեւ եւ կը հրաւիրէ երկրպագութիւն մատուցանելու։ Այս տօնը կը յիշատակուի Հոկտեմբեր 26-ին, կամ անոր ամենամօտ կիրակին։

Հայ Եկեղեցին, այս տօնին առթիւ, կը կարդայ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացւոց թուղթը, ուր Առաքեալը կը հաստատէ ու կը շեշտէ թէ մենք կը քարոզենք Խաչուած Քրիստոսը, Հրէաներուն համար գայթակղութիւն, եւ հեթանոսներուն` յիմարութիւն. Իսկ քրիստոնեաներուն համար` որոնք եկած են թէ հրէութենէ եւ թէ հեթանոսութենէ, Աստուծոյ զօրութիւն եւ իմաստութիւն:

Պօղոս եղաւ առաջինը որ համարձակեցաւ խաչը նկատել որպէս պարծանքի առարկայ եւ յաղթութեան նշան. Խաչը առաջին դարերու քրիստոնէաներուն համար նկատուած էր պարզապէս որպէս չարչարանքի անարգ գործիք եւ որեւէ մէկը չէր կրնար երեւակայել որ ան օր մը քրիստոնէաներու նշանը պիտի ըլլար. Շնորհիւ Հեղինէ կայսերամօր, քրիստոնեաները որոնք դուրս եկան գետնադամբաններէն, եւ սկսան ազատօրէն իրենց պաշտամունքը կատարել, ընդունեցան նաեւ խաչի նշանը որպէս իրենց կրօնական յաղթանակի նշան։

Իսկ հայ ժողովուրդը` իր աննման խաչքարերով զարդարեց ոչ միայն իր դամբարանները, այլ նաեւ զանոնք դարձուց յուշակոթողներ որոնք նոյն ատեն կը յայտնեն ժողովուրդին հաւատքը Քրիստոսի անձին հանդէպ, անոր վարդապետութեան, անոր զոհաբերումին եւ ի վերջոյ յաղթական յարութեան հանդէպ։ Խաչի գիւտը մեզի Հայերուս համար կը նկատուի որպէս մեծ տօն մը, թէեւ ան մաս չի կազմեր տաղաւարներուն. Հայ ծէսը կը պատկերացնէ խաչը առանց Քրիստոսի. Որովհետեւ Քրիստոս յարութիւն առած է. այսպէսով խաչը կը դառնայ նաեւ խորհրդանիշը անմահութեան եւ հոգւոյ յաւիտենականութեան. Խաչը իր ձեռքին մէջ բռնած, հայ վարդապետը ինքզինք աւելի ուժեղ կը զգայ չարին դիմաց, անով կ՛օրհնէ ժողովուրդը, կը պարգեւէ խորհուրդները եւ կը բաշխէ շնորհքները։

Աւետարանին մէջ` Յիսուս կը խօսի կանխապէս Մարդու Որդիի նշանին մասին. Այդ նշանը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Խաչը, այն նշանը զոր կը գծենք ամէն օր բազմիցս մեր կուրծքին վրայ, որպէսզի յայտնենք թէ մենք ամբողջովին կը պատկանինք Քրիստոսի եւ անոր նշանը մեր ամէնուս պարծանքը կը հանդիսանայ, ինչպէս դարեր շարունակ պարծանքի առիթ տուած է մեզ կանխող բոլոր սուրբերուն ու հաւատացեալներուն։ Սուրբ Խաչի անունով` Հայ ազգը տուած է բազմաթիւ նահատակներ. Մենք ալ` որպէս արժանաւոր յաջորդներ մեր նախնիքներուն, պարտինք հաւատարիմ մնալ միշտ Խաչի պատգամին եւ ուսուցումին. Ամէն։




+