Վարագայ Խաչի Շաբաթ (26 Սեպտեմբեր - 3 Հոկտեմբեր 2021)
Է. դարուն` Վանայ լիճին մօտերը, Վարագ կոչուած լերան մը վրայ, ճգնաւոր մը, Թոդիկ անունով, տեսիլք մը կ՚ունենայ, ուր իրեն կ՚երեւի լուսաւոր սուրբ խաչ մը Վարագայ վանքին մէջ։ Յովէլ անունով իր աշակերտին հետ, կը գտնեն խաչափայտի մէկ մասունքը, որ ըստ աւանդութեան, Հայաստան բերուած էր Հռիփսիմեանց կոյսերուն հետ
Կիրակի 26 Սեպտեմբեր` հայ եկեղեցին կը տօնէ Վարագայ Սուրբ Խաչի մասունքի գիւտին տօնը. այս տօնը յատուկ է միայն հայկական Եկեղեցւոյ։ Է. դարուն` Վանայ լիճին մօտերը, Վարագ կոչուած լերան մը վրայ, ճգնաւոր մը, Թոդիկ անունով, տեսիլք մը կ՚ունենայ, ուր իրեն կ՚երեւի լուսաւոր սուրբ խաչ մը Վարագայ վանքին մէջ։ Յովէլ անունով իր աշակերտին հետ, կը գտնեն խաչափայտի մէկ մասունքը, որ ըստ աւանդութեան, Հայաստան բերուած էր Հռիփսիմեանց կոյսերուն հետ։ Այս դէպքին հաւանական թուականը կը նկատուի 660-ը։ Աւելի ուշ` Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոսը կը հաստատէ Վարագայ Խաչի այս տօնը` Խաչվերացի տօնակատարութեան 3-րդ կիրակին։ Նոյն օրուան սուրբ Աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի մարգարէութիւնը աշխարհի վերջաւորութեան մասին։ Ինչպէս խաչը` նշանն է Քրիստոսի յաղթանակին չարի իշխանութեան վրայ, նոյնպէս ալ զանազան նշաններ պիտի գան յայտնելու վերջին դատաստանի գալուստը աշխարհի վրայ։
Երկուշաբթի օր` տօնն է Դաւիթ Դվնեցիի, ինչպէս նաեւ Ղամբէոսի եւ Ղամբէուհիի։ Դաւիթ ծագումով պարսիկ էր եւ բուն անունն էր Սուրհան. մայրը հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալով` ան նախընտրաբար քրիստոնեայ շրջանակներ յաճախեց եւ Ներսէս Շինող կաթողիկոսը զինք մկրտեց։ 30 տարի ապրեցաւ Դուին քաղաքին մէջ. սակայն երբ Դուինը գրաւուեցաւ արաբներէն, իրմէ պահանջուեցաւ ետ իսլամանալ, դառնալով իր հօրը կրօնքին. Դաւիթ մերժեց եւ նահատակուեցաւ 701 թուին։ Ղամբէոս եւ իր քոյրը` Ղամբէուհի, նիկոմիդիացի էին եւ քրիստոնեայ։ Անոնք նահատակուեցան 291-ին, Մաքսիմոս դատաւորի ձեռամբ։
Երեքշաբթի 28 սեպտեմբերին` տօնն է Սուրբ Եւստաքէոսի եւ կնոջը` Սրբուհի Թէոպիստէի, ինչպէս նաեւ իրենց երկու զաւակներուն։ Տօնն է նաեւ երկու կոյսերու. Երմոնէ եւ Նեքտառինէ։ Եւստաքէոս հռովմայեցի զօրավար մըն էր որ օր մը, որսի միջոցին` հանդիպեցաւ եղջերուի մը, որ իր եղջիւրներուն մէջ կը կրէր լուսաւոր խաչ մը։ Ասոր վրայ իր կնոջ` Թէոպիստէի եւ իր երկու զաւակներուն` Ագապիոսի եւ Թէոպիստոսի մկրտուեցաւ։ Ապա հալածանքներու ենթարկուելով` բոլոր ընտանիքին հետ նահատակուեցաւ Տրայանոս կայսեր օրով, Դ. դարուն սկիզբը։ Նեքտառինէ, կամ Կատարինէ, եգիպտացի կոյս մըն էր, ազնուական տոհմէ, որ իր ընկերուհիին` Երմոնէի հետ, նահատակուեցաւ Մաքսիմիանոս կայսեր օրով, Գ. դարու վերջերը, Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Այսօր Սինայի լերան վրայ, մեծ սրբավայր մը կայ, նուիրուած Սրբուհի Կատարինէի, որ տեղւոյն հնագոյն վանքերէն մին է, եւ կեդրոն է ուխտագնացութեան բոլոր աշխարհէն եկած ուխտաւորներէ։
Հինգշաբթի 30 Սեպտեմբերին` տօնն է երկու հայ իշխաններու` Սահակի եւ Համազասպի։ Ասոնք որդիներն էին Գագիկ Արծրունի զօրավարին։ Ապստամբելով արաբներու դէմ, դուրս քշեցին անոնց բանակը Հայաստանէն 775 թուին։ 10 տարի ետք արաբները դարձեալ արշաւելով Հայաստանի վրայ, երկու իշխանները բռնուեցան եւ Խազմ ոստիկանին կողմէ նահատակուեցան, 786 թուականին։
Շաբաթ` 2 Հոկտեմբեր, տօնն է Քրիստոսի 72 աշակերտներուն։ Անոնք հետեւորդներն եղան առաքեալներուն, անոնց օգնելով Քրիստոսի պատգամի տարածման գործին մէջ։
Կիրակի 3 Հոկտեմբերը՝ Դ.կիրակին է զկնի Խաչի