Ծիսական գիտելիքներ : Խաչվերաց Տօն «Դուն պիտի յաղթես այս պատերազմը»:
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Առաւօտ

Ծիսական գիտելիքներ : Խաչվերաց Տօն «Դուն պիտի յաղթես այս պատերազմը»:

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

12 Eylül 2021  

Խաչվերաց Տօն «Դուն պիտի յաղթես այս պատերազմը»:



Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:Խաչվերաց տաղաւարը խաչի նուիրուած տօներէն ամենակարեւորն է, որ կը յիշատակուի աւանդական բոլոր եկեղեցիներու կողմէ:

614 թուականին պարսիկ Խոսրով Բ. Թագաւորը կը յարձակի Երուսաղէմի վրայ, քաղաքը կ'աւերէ, ժողովուրդը սրէ կ'անցնէ եւ որպէս անարգանք քրիստոնեաներուն, Ս. Խաչափայտը կը գերեվարէ եւ Պարսկաստան կը տանի:

Սակայն աստուածընկալ խաչափայտը, Պարսկաստանի մէջ մեծ փառքի կ'արժանանայ: Տեղաբնակները Տիրոջ խաչին հետ երկիւղածութեամբ կը վարուէին, զայն նկատելով աստուածային ներկայութեան նշան մը: Խաչափայտին գոյութիւնը այդ երկրին մէջ, կը մղէր տեղւոյն բնակիչները, որ դիմեն քրիստոնեաներու, լսելու համար Խաչի փրկութեան պատմութիւնը եւ այդպիսով շատեր քրիստոնէութիւնը ընդունեցին:

628-ին Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսրը հսկայ բանակի գլուխը անցած կը յարձակի պարսկաստանի վրայ վերադարձնելու համար փրկարար արիւնով սրսկուած փայտը: Առաջին հերթին ան մեծ պարտութիւն կը կրէ: Այս պարտութենէ յետոյ քուրձ հագած մոխիրի վրայ նստելով երեք օր շարունակ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ կ'աղօթէ: Չորրորդ օրը տեսիլքով մը կը յայտնուի իրէն, որ պատերազմը պիտի յաղթէ՝ «Դուն պիտի յաղթես այս պատերազմը, որովհետեւ քու առաքելութիւնդ արդար է» կը հնչէ Աստուծոյ ձայնը: Եւ իսկապէս կրկին կը պատերազմի Խոսրովի դէմ, պատերազմը կը յաղթէ, Խոսրով կը սպաննուի եւ բանակը կը ձրուի:

Այսպիսով կ'ազատագրուի աստուածընկալ Ս. Խաչը:

Փառաշուք թափօրով խաչափայտին ուխտագնացութիւն դէպի իր նախկին վայրը կը սկսի: Ս. Խաչափայտի ճանապարհորդութիւնը Փոքր Ասիայէն պիտի անցնէր փոխադրուելու համար Երուսաղէմ: Բնականաբար պատմական Հայաստանը այս քարտէզին մէջ կը գտնուէր: Ըստ աւանդութեան, երբ թափօրը կ'անցնէր Կարինէն, հոն քաղաքին լեռներու ստորոտը կը զետեղուի, ուրկէ սառնորակ վճիտ աղբիւր մը կը բխի:

Երէք տարիներ Կ. Պոլիս մնալէն ետք, կայսրը կառքի մէջ ծնկադրած իր ձեռքով բարձր բռնած Տիրոջ Խաչափայտը զայն Երուսաղէմ կը տանի: Ս. քաղաքը հասնելէ ետք, Գողգոթայի գագաթը կը հանէ զայն եւ Ս. Յարութիւն վերանորոգուած տաճարին վրայ բարձրացնէ, որպէսզի բոլորի կողմէ տեսնուի: Այս է յիշատակը Ս. Խաչի բարձրացումին՝ Խաչվերացի:

Մարգարէները խաչը հեռուէն տեսան եւ քարոզեցին. առաքեալները խաչով ահաւոր դեւեր հալածեցին.սուրբ վկաներ անօրէն բռնաւորներուն խաչով յաղթեցին. անապատաբնակ մենակեացներ խաչով պահպանուեցան եւ քահանաները խորհուրդներ խաչով կատարեցի եւ կը կատարեն:

Ս. Յովհան Ոսկեբերան կը գրէ՝ «Փառաւորենք Տիրոջ ազնիւ ու կենարար Խաչը, քանզի Խաչը մեր փրկութեան նշանն է. Խաչը քրիստոնեաներու յոյսն է. Խաչը եկեղեցւոյ հիմքն է. Խաչը սատանայի պարտութիւնն է. Խաչը որբերուն հայր է. Խաչը ամբարիշտներուն դատաւորն է. Խաչը հիւանդներուն բժիշկն է. Խաչը օրուայ զէնքն ու գիշերուայ պահպանիչը. Խաչը ծարաւներուն աղբիւրն է. Խաչը խաւարի մէջ նստածներուն լոյսն է եւ գերուածներուն ազատագրումը. Խաչը անօրէնի տապալումն է»: Ամէն:


+