Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը
Այսօրուան մեր հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հաւատացելոց պատարագի յաջորդ ենթաբաժանումներուն և Ս. Հոգւոյն վերակոչման (Epiclesis) բաժնին:
Երգ առ Հայրն
Սուրբ Պատարագի ամենասուրբ պահուն, յիշատակելէ ետք Քրիստոսի հաստատած խորհուրդը, դպիրները յաջորդաբար կ'երգեն «Ամէն. Հայր երկնաւոր», «Որդի Աստուծոյ» և «Հոգի Աստուծոյ»: Այս երեք երգերը ԺԴ. դարու սկիզբը մուտք գործած են հայկական Պատարագին մէջ: Այնուհետեւ պատարագիչը մաղզման սկիհին վրայ դնելով՝ ծածուկ կ'աղօթէ. «Եւ զսոյն միշտ Իւր յիշատակ առնել», յիշատակելով այս ընթացքին Քրիստոսի փրկագործ տնօրինութիւնները: Արդարեւ, Սբ. Խորհուրդին մենք լոկ սպասաւորներ ենք, քանի որ խորհուրդը կատարողները մենք չենք, այլ ինչպէս երանելի Յովհան կ'ըսէ՝ մենք միայն սպասաւորի աստիճան ունինք, իսկ սրբագործողն ու կենսատու դարձնողը միայն Քրիստոս է: Լամբրոնացին այս ծածուկ աղօթքի մեկնութեան մէջ առաւել շեշտը կը դնէ Քրիստոսի զոհաբերութեան միջոցաւ եղած հաշտութեան վրայ, որ կնքուեցաւ Հօր և մարդկանց միջեւ: Եթէ Աստուծոյ գառը մէկ անգամ աշխարհի մեղքերը վրան առաւ, զանոնք իր արեամբն սրբելու համար, ամէն օր մեր յանցանքները վրան կ'առնէ խորանին վրայ քաւելու համար: Այնուհետեւ քահանան սուրբ խորհուրդը սակաւ ինչ բարձրացնելով սեղանէն, կը մատուցանէ առ Հայր ըսելով ի ձայն «Եւ զՔոյս ի Քոյոց Քեզ մատուցանեմք»:
Երգ Գոհաբանութեան
Նոյն ժամանակ դպիրները կ'երգեն «Յամենայնի օրհնեալ ես» երգը, որ կը շարունակուի մինչեւ «Ս. Հոգիին կոչումը»:
Աղօթք Սպասաւորութեան (Մերձեցման)
Մինչ դպիրները կ'երգեն, քահանան սուրբ խորհուրդը կը դնէ սեղանին վրայ, և բազկատարած կ'աղօթէ. «ԶՔեզ արդարեւ Տէր Աստուած մեր գովեմք»:
Ս. Հոգւոյն վերակոչումը (Epiclesis)
Պատարագի այս բաժինը Հոգեկոչում (Epiclesis) կը կոչենք, որովհետեւ այս պահուն Յիսուսի սրբագործուած մարմնի և արեան ընծաներուն վրայ՝ Ս. Հոգին կը վերակոչենք: Ս. Բարսեղ Հայրապետ Վերակոչման աղօթքին համար կ'ըսէ, թէ ան Առաքեալներէն բերանացի մեզի հասած է. և թէ ան թէպէտ անգիր է, սակայն մեծ զօրութիւն ունի:
Արդարեւ, Սուրբ Պատարագը Հոգւոյն Սրբոյ ամենամեծ գործն է: Եկեղեցին Քրիստոսի մարմնաւորութեան խորհուրդը կը վերագրէ Սրբոյ Հոգւոյն, երբ Բանն Աստուած սուրբ Կոյս Մարիամէն իր զօրութեամբը մարմին առաւ: Այս պատճառաւ է որ Եկեղեցին առաջին դարերէն սկսեալ՝ պատարագի ատեն գոյացափոխութեան հրաշքը Սրբոյ Հոգւոյն կը վերագրէ և միշտ Հոգւոյն Սրբոյ կոչումը կ'ըլլայ ըստ ինքեան սոյն հրաշքին կատարման համար: Սակայն Հոգւոյն Սրբոյ հուրը ոչ միայն նշխարքը մեզի համար կերակուր, այլ գլխաւորաբար մեզի համար զոհ կը պատրաստէ, որպէսզի անով կարենանք արժանաւոր կերպով փառաւորել զԱստուած և մեր փրկութեան համար Աստուծոյ մատուցանել: Աւելի՛ն, Հոգին Աստուած՝ մեզի երկնային հաց և ըմպելի ու աստուածային զոհ մը պատրաստելէն զատ, պատարագի ատեն մեզի համար կը բարեխօսէ «ի հեծութիւնս անմռունչս» (Հռոմ. Ը. 26):
Աղօթք Վերակոչման
Մինչ դպիրները «Որդի Աստուծոյ, որ պատարագեալ» կ'երգեն, քահանան ծածուկ կ'աղօթէ և կը խնդրէ Հայր Աստուծոյ՝ որ Իր մշտնջենաւորակից և էակից Ս. Հոգին առաքէ հացին և գինիին վրայ: Այսուհանդերձ, ինչպէս որ Սուրբ Հոգին փրկագործութենէն ետք՝ կ'իջնէ Հօրմէ և Որդիէ ուղարկուած, այսպէս ալ ամէն անգամ որ Վերնատան Պատարագը կը մատուցուի, Առաքելական կարգաւորութեամբ՝ խորանին վրայ մարդացեալն Աստուած այնչափ կը խոնարհի որ նշխարքի ամենափոքրիկ մասնիկին մէջ ներկայ կ'ըլլայ խորհդականապէս. հաւատքի աչքերուն առջեւ՝ և ո՛չ մարմնի: Սուրբ Հոգին խորհրդաբար էջք կը կատարէ «ի մէզ և յառաջի եդեալ ընծայս». այսինքն՝ ընծաներուն վրայ ինչպէս նաեւ ի դասս քահանայից, սարկաւագաց և ներկայ հաւատացեալներուն վրայ, որոնք Ս. Խորհուրդի սպասաւորներն են: Այս պահուն, նախասարկաւագը քահանային առընթեր կանգնած մեծ երկիւղով կը խնկարկէ ընծաները:
Անցեալին, ցաւալի վէճեր եղած են յոյն և լատին եկեղեցիներու միջեւ՝ սրբագործումին վերաբերեալ: Նոյնիսկ եթէ տարբեր հայեցակէտով կը մեկնուի այդ նուիրական եղելութեան պահը. Լատիններուն համար՝ ուշադրութիւնը կը տրուի Քրիստոսի նուիրաբերման արարքին, ուր պատարագիչը Քրիստոսի անունով կը սրբագործէ: Իսկ Արեւելքցիներուս համար՝ քահանան յիշատակելէ ետք Քրիստոսի հաստատած խորհուրդը, խոնարհաբար կը հայցէ Ս. Հոգիէն, որ նուիրագործէ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը յօգուտ՝ զոհին մասնակցողներուն: Երկու մասերը, փոխանակ հակազդելու իրար, պէտք է ընդհակառակն զիրար լրացնեն: Այս ըլլալով ինչպէս ըսինք պատարագին էական մասը, Եկեղեցիները Արեւմուտք թէ Արեւելք, իրենց իւրայատուկ տաղանդին և զգայնութեան համեմատ, շարահիւսած են պաշտամունքի կազմաւորումը, այնպիսի տարբերակներով որոնք չեն խախտեր ծէսի ընդհանուր կառոյցը: Ս. Հոգւոյն վերակոչումին անմիջապէս կը յաջորդէ յիշատակութիւնք և խնդրանք: