Զմմառի Խորհրդաւորութեան Ներքոյ
Զմմառի խաղաղ մենաստանը հեռու է Լիբանանի այսօրուայ անցուդարձերուն կեդրոնէն:
Մինչ Պէյրութի կեդրոնը հերթական բողոքի ցոյցերը տեղի կ՚ունենան՝ աւելի թէժացնելով Լիբանանի այսօրուայ ճգնաժամային վիճակը, Պէյրութէն 36 քմ. հիւսիս-արեւելք, Միջերկրական ծովուն մակարդակէն 930 մեթր բարձրութեան վրայ, դարերու փորձութիւնը դիմագրաւած 270-ամեայ Զմառռու պատմական վանքին մէջ կարեւոր հոգեւոր իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ: Անցեալ շաբթուան սկիզբէն ի վեր հոն գումարուած է ընտրական սիւնհոդոս: Փակ պայմաններու տակ պիտի ընտրուի երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին յաջորդը՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 21-րդ կաթողիկոս-պատրիարքը: Զմմառի՝ «Վերափոխման Ս. Աստուածածին» մայրավանքը՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական կղերական միաբանութեան այս աթոռանիստը, միշտ պահած է խորհրդաւորութիւնը եւ առանձնապէս լուրեր չեն հասնիր Զմմառի դարաւոր վանքէն: Միայն կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Սիւնոդին կը մասնակցին հայ 14 կաթողիկէ եպիսկոպոսներէն 12-ը. Հարաւային Ամերիկայէն քորոնաժահրին ստեղծած դժուարութիւններուն պատճառով Լիբանան չեն ժամանած երկու եպիսկոպոս: Ըստ կանոնակարգին, բոլոր եպիսկոպոսները պատրիարքի թեկնածու են:
Այս կարեւորագոյն իրադարձութեան՝ պատրիարքի ընտրութեան առթիւ կը ներկայացնենք շուրջ երեք դարու պատմութիւն ունեցող Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոսները եւ անոնց կեանքէն նշանակալից դրուագներ՝ քաղուած հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կայքէջերէն եւ տեղեկագրերէն:
Իբրեւ տեղեկանք, յիշեցնենք, որ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կը պատկանի Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներուն, այսպիսով կ՚ենթարկուի Հռոմի Պապի առաջնորդութեան։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրումին գաղափարը յառաջացած է 12-րդ դարու վերջաւորութեան, Կիլիկեան Հայաստանի տարածքէն դէպի Սուրբ Հող ճամբորդող խաչակիրներու եւ տեղւոյն հոգեւորականութեան միջեւ կապերու հաստատումէն։ Պաշտօնապէս եկեղեցին սկիզբ առած է իբրեւ ինքնավար հոգեւորական հանրութիւն՝ 1742 թուականին, երբ Հռոմի Պենետիկտոս ԺԴ. Պապը Աբրահամ Արծիւեանը կը նշանակէ Կիլիկեան Հայաստանի պատրիարք, որ կը դառնայ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջին պատրիարքը։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի զանազան թեմեր՝ Լատին Ամերիկա, Պուէնոս Այրէս, Հայաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Յունաստան, Իրաք, Իրան, Երուսաղէմ եւ Յորդանան, Լիբանան, Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Գամիշլի, Քեսապ, Թուրքիոյ մէջ՝ Պոլիս։ Եկեղեցիներ կան՝ Աւստրլիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Շուէտի, Ուքրայնոյ մէջ։
Այսպիսով, Աբրահամ Արծիւեան կը նկատուի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջին պատրիարքը։
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ
ԱԲՐԱՀԱՄ ՊԵՏՐՈՍ Ա. ԱՐԾԻՒԵԱՆ (1740-1749)
Ծնած է 1679-ին, Այնթապ: Կը ձեռնադրուի Սիսի հայ առաքելական հայոց կաթողիկոսութեան միաբան, ապա Տրապիզոնի եպիսկոպոս՝ Սիսի Պետրոս կաթողիկոսի ձեռամբ։ 31 տարեկանին, 1710-ին, կը դառնայ Բերիոյ թեմի (Հալէպի) առաջնորդ, լաւ քարոզիչ եւ բեմասաց։
Քարոզելով կաթոլիկ հաւատքը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէն հալածուելով, իբրեւ հերձուածող կ՚ապաստանի Լիբանան՝ անջատուելով Սիսի կաթողիկոսական աթոռէն։ Եղած է հիմնադիրը Լիբանանի Սուրբ Փրկիչ վանքի միաբանութեան, ապա Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ըլլալով առաջին կաթողիկոս-պատրիարքը 1742-էն մինչեւ վախճանումը՝ 1749-ը։ 1979-ին Լիբանանի մէջ թողարկուած է 50 մմ. տրամագիծով յուշամետայլ-յուշադրամ, նուիրուած Աբրահամ Արք. Արծիւեանի ծննդեան 300-ամեակին։
ՅԱԿՈԲ ՊԵՏՐՈՍ Բ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ (1749-1753)
Յակոբ Յովսէփեան հալէպցի երիտասարդը տասը տարի Քատիշայի Ս. Անտոն վանքին մէջ կրօնաւորական կեանք վարելէ ետք, իր ծննդավայրը կը վերադառնայ եւ Հալէպի առաջնորդ Արծիւեանի ձեռքով վարդապետ կը ձեռնադրուի 1720-ին:
1722-ին, երբ հալածանքները Արծիւեան Եպիսկոպոսը աքսորի կը դատապարտեն, Յակոբ Վարդապետ ու մի քանի ընկերներ իրենց ինչքերը կը վաճառեն ու գոյացած գումարին մէկ մասով Քրէյմի (Լիբանան) ագարակը կը գնեն՝ հոն հայկական վանք մը շինելու համար, իսկ միւս մասով՝ Աբրահամ Եպիսկոպոսը Արուատ կղզիէն կ՚ազատեն ու Քրէյմ կը բերեն:
1735-ին, Հալէպ վերադառնալով որպէս տեղապահ, Յակոբ Վարդապետ կը յաջողի փաշային ձեռքով եկեղեցի մը ունենալ եւ Արծիւեանն ալ Հալէպ վերադարձնել 1739 թուականին: Հալէպ հասած Արծիւեան Յակոբ Վարդապետը եւ ուրիշ երկու վարդապետներ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ անոնց ձեռքով պատրիարք կ՚օծուի, 26 նոյեմբեր 1740-ին:
Յակոբ Եպիսկոպոս, ժամանակ մը Հալէպի իր թեմը հովուելէ ետք, կը հարկադրուի ապաստանիլ Քրէյմ, Արծիւեանին մօտ: 35 տարիներ Արծիւեանին որպէս օգնական ծառայելէ ետք, անոր վախճանումէն ետք, անոր յաջորդը կ՚ընտրուի 14 հոկտեմբեր 1740-ին:
Իր չորս տարիներու պատրիարքութեան կարճատեւ շրջանը կը յատկացնէ Զմմառի վանքը կառուցելու եւ Պատրիարքութեան Աթոռը Քրէյմէն հոն փոխադրելու (1749-ին) աշխատանքին, ինչպէս հրահանգած էր հիմնադիր պատրիարք հայրը, որուն կենդանութեան օրով իսկ վանքին շինութեան ձեռնարկուած էր:
Այսպիսով, Յակոբ Բ. Աբրահամ Արծիւեանի հետ հիմնադիրը եղաւ թէ՛ Անտոնեան միաբանութեան եւ թէ Քրէյմի վանքին:
ՄԻՔԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ Գ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ (1753-1780)
Հալէպցի: Նախորդին պէս նաեւ անդամ Անտոնեան միաբանութեան: Հալածանքները իր արտաքին գործունէութիւնները սահմանափակած ըլլալով, ան նուիրուեցաւ իր Աթոռին ներքին պայծառութեան: Իր օրով, Զմմառի վանքը տակաւին եկեղեցի չունէր: Մեծագոյն հանդիսութիւնները (ձեռնադրութիւն, եպիսկոպոսական ժողով, թաղում) տեղի կ՚ունենային Քրէյմի Ամենափրկչեան եկեղեցիին մէջ:
Ան յաջողեցաւ բարձրացնել վանական եկեղեցին (1761-1771), որուն աւելցուց ուրիշ կառուցումներ, եւ 1776-ին Զմմառի վանքը իր շրջակայ լեռներուն վրայ անվիճելիօրէն մեծագոյն կառոյցը նկատուեցաւ:
Միքայէլ Գ. Գասպարեանի օրով արդէն իսկ զգացուեցաւ Պատրիարքութեան Աթոռին միաբաններ ունենալու պահանջքը: Արդարեւ՝ հայկական սովորութեամբ՝ ամէն պատրիարքութիւն պէտք էր ունենար իր Աթոռին միաբանները, որոնք կը կազմէին անոր շարժուն բանակը: Արծիւեան Պատրիարքը, որ հիմնած էր Անտոնեան միաբանութիւնը, յուսացած էր զայն իր Աթոռին կապել: Սակայն Անտոնեանները որոշած էին Պատրիարքական Աթոռէն անկախ ըլլալ, նախընտրելով Աթոռին պատրիարքներ տալ, քան թէ անոնց պատկանիլ:
ԲԱՐՍԵՂ ՊԵՏՐՈՍ Դ. ԱՒԳԱՏԵԱՆ (1780-1788)
Հալէպցի ու նմանապէս Անտոնեան միաբանութենէն: Անոր յառաջացած տարիքին պատրիարք ընտրուիլը յարգանքի տուրք մըն էր անոր երիցութեան ու աջակցութեան իր նախորդ երեք պատրիարքներուն մատուցած 40 տարիներու, որոնցմէ 30-ը Զմմառի վանքին մէջ: Ըստ վկայութիւններու, ան փայլեցաւ իր խոհեմութեամբ, փորձառութեամբ ու սրբութեամբ:
Բարսեղ Դ. Աւգատեանին վերագրուած է պատրիարքական «Դաշինք»ին բանաձեւումը: Անիկա պատուոյ սահմանադրութիւն էր, բաղկացած 10 յօդուածներէ, որոնք կը սահմանէին պատրիարքին ու իր եպիսկոպոսներուն միջեւ գործակցութեան պայմանները, Աթոռին մնայուն արեւելումները: Հոն, օրինակի համար, հրահանգուած է Պատրիարքական Աթոռը միշտ Արեւելքի մէջ պահել եւ հոգի ի բռին աշխատիլ հիմնելու կղերանոց մը, ուր պիտի պահպանուի հիմնադիրներուն ոգին:
ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ե. ՔԻՒԲԵԼԵԱՆ (1788-1812)
Քիլիսցի: Անտոնեան միաբանութենէն: «Այր սքանչելի եւ ըստ սրտին Աստուծոյ», կը վկայեն իր պատմագիրները:
Գրիգոր Ե. Քիւբելեանի օրով, պատրիարքական թեմերուն մէջ կ՚աշխատէր քիչ մը ամէն կարգի կղերական, կրօնաւոր, միսիոնար, վարդապետ, ամուսնացած քահանայ: Բոլորը տոգորուած էին հովուական եռանդով, սակայն չունէին նուիրապետական խիստ կապեր, ոչ ալ միաձեւ դաստիարակութիւն: Հասունցած էր ժամը՝ կէս դարէ ի վեր գոյութիւն ունեցող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ձեւի բերելու: Պէտք էր պատրիարքական կղերանոց մը հաստատել: Ու ասիկա եղաւ Գրիգոր Ե. Քիւբելեանի մեծապէս կազմակերպչական գործունէութիւնը: Ծրագիրը մեծղի ու ծախսոտ էր, եւ գլուխ եկաւ նախախնամութեամբ:
Մատրաս բնակող երկու հայ կաթողիկէ գոհարավաճառներ՝ Միքայէլ Յովհաննէսի Բաբումեանին ու Եդուարդ ՌաՖայէլի Ղարամեանցին բարերարութեան շնորհիւ, Գրիգոր Ե. Քիւբելեան յաջողեցաւ աթոռի կղերանոցը կառուցել, 1797-1810 թուականներուն: Ան մշակեց նաեւ դպրեվանքի ներքին կանոնագիրքը, դասացուցակը եւ բարեպաշտական հրահանգները:
Իր օրով, 52-ի բարձրացաւ վանական հասարակութեան թիւը, որոնց մէջ 4 եպիսկոպոս, 4 վարդապետ, 10 քահանայ եւ նորընծաներուն ու աշխատաւոր եղբայրներու բազմութիւնը:
ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Զ. ՃԵՐԱՆԵԱՆ (1812-1840)
Քիլիսցի: Անտոնեան միաբանութենէն: Զարգացած անձնաւորութիւն մը, աստուածաբան, իրաւագէտ, տիրապետած է արաբերէնի, թրքերէնի, լատիներէնի, իտալերէնի եւ բնական է նաեւ հայերէնի: Մեծ քարոզիչ, եռանդուն հովիւ, սուրբի համբաւ շահած հոգեւորական: Իր ողջութեան եւ իր մահէն ետք գործած հրաշքներուն համբաւը տարածուեցաւ ժողովուրդին մօտ: Իր մահէն երկու տարի ետք, անոր դամբանը բացուելով, մարմինը գտնուեցաւ անապական վիճակի մէջ:
Իր կեանքը դառնացուցին երկու ծանր եղելութիւններ:
Առաջինը, 1828-1830 տարիներու ահաւոր հալածանքները, որոնք փորձեցին վերջ դնել հայ կաթողիկէութեան, սկսելով Պոլիսէն ու տարածուելով գաւառները: Բոլոր կողմերէն խոյս տուած շուրջ 26 հայ կաթողիկէ քահանաներ վանք ապաստանեցան ու գրկաբաց ընդունուեցան Հայրապետին կողմէ, բայց ծանր կշռեցին վանքին տնտեսական կացութեան վրայ: Վանքը հարկադրուեցաւ դպրեվանքի աշակերտութիւնը տուն ճամբել ու դպրեվանքը փակ պահել տարի մը:
Եւրոպական միջամտութեան շնորհիւ, հալածանքները դադրեցան եւ սուլթան Մահմուտ Բ.-ի 1830-ի հրովարտակով, հայ կաթողիկէները ազատ միլլէթ ճանչցուեցան: Գրիգոր Զ. կարծեց, թէ Պոլսոյ եւ իր շրջանի հայ կաթողիկէ նորանկախ թեմերն ու հաւատացեալները իր իշխանութեան տակ պիտի կեդրոնանային: Սակայն Հռոմ նախընտրեց առժամաբար հետեւիլ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ի զօրու եղող Պոլսոյ եւ Սսոյ Աթոռներուն իրաւասութիւններուն զանազանումին:
Գրիգոր Զ. Ճերենեանի կեանքի երկրորդ դառնութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին տառապանքը եղաւ: Եգիպտոսի Իպրահիմ փաշայի զօրքերը Քեսրուան մտան: Պատրիարքը, գէթ Քեսրուանը ազատելու համար, դիմեց Իպրահիմ փաշայի զինակից ու իր բարեկամ էմիր Պեշիր Բ.-ին, անոր պաշտպանութիւնը խնդրելով Քեսրուանի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն համար: Պէյրութը եւ Թրիփոլին ռմբակոծուեցան, օսմանեան զօրքերը Ճիւնի ցամաքահանում կատարեցին ու հետապնդելու համար Իպրահիմի զօրքերը, երկիրը քարուքանդ ըրին (1840), արիւն խլելով Հայրապետին սրտէն եւ զայն մահուան դուռը հասցնելով:
ՅԱԿՈԲ ՊԵՏՐՈՍ Է. ՀՈԼԱՍԵԱՆ (1841-1843)
Անկիւրացի: Անտոնեան միաբանութենէն: Պատրիարքութեան ամենակարճ շրջանը վարեց, մէկ տարի ու եօթը ամիս, զորս անցուց տառապագին վիճակի մէջ: Ան իր կեանքին մեծագոյն մասը անցուց որպէս նախորդ պատրիարքներուն տեղապահ, պատրիարքութեան մատակարար ու խոհեմ խորհրդատու:
Ան եղաւ նաեւ էմիր Պեշիր Բ.-ի խորհրդականը: Արդարեւ, էմիր Պեշիր. Բ. ամուսնանալով ոչ-քրիստոնեայ չէրքէզուհիի մը հետ, զայն քրիստոնէական կրօնին ու մկրտութեան պատրաստելու համար՝ դիմեց Գրիգոր Զ. սրբակեաց Պատրիարքին, որ իր տեղապահ Յակոբ Եպիսկոպոսը նշանակեց այդ առաքելութեան:
Այս հայ հոգեւորականին մասին խօսելով, էմիր Պեշիր Բ. կ՚ըսէր.
-Ան տէրութեանս սիւնն է:
Ծանօթ է, որ էմիր Պեշիր իր արժէքաւոր առարկաներէն մաս մը Զմմառի վանքը պահեստի կը դնէր, ամէն անգամ որ դէպքերը հարկադրէին զինք իր հողերէն հեռանալու:
ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ը. ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ (1843-1866)
Հալածանքներու տարիները կարծէք հակառակ արդիւնք տուին եւ Գրիգոր Ը.-ի պատրիարքութիւնը վերածնունդի, բարգաւաճումի ու մանաւանդ կազմակերպման շրջան մը եղաւ: Իր պատրիարքութեան շրջանին ձեռք ձգուած կրօնական ազատութեան շնորհիւ ան նորանոր թեմեր բացաւ, 15 եկեղեցիներ կառուցեց, բազմաթիւ մատուռներ, ի վերջոյ 15 եպիսկոպոս ձեռնադրեց: Դպրեվանքի ուսման մակարդակը բարձրացուց, կանոնագիրքը վերամշակեց, գրքոյկներ հրատարակեց, թարգմանութիւններ կատարեց, վանքին գրադարանը ճոխացուց:
1855-ին, Զմմառի մէջ գումարեց Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան առաջին Ազգային Սիւնհոդոսը, որուն ընթացքին եկեղեցական, կանոնական, վարչական, հովուական ու ծիսական բարենորոգումներ կատարեց:
Բարեկամական յարաբերութիւններ մշակեց երկրին եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանաւորներուն հետ: Լիբանանի հայազգի կուսակալ Տաուտ Արթին փաշային հետ իր բարեկամութիւնը հանրածանօթ էր:
«Լիբանանցի» այս ութը պատրիարքները 150 տարի, առանց պետական ճանաչումի, հոսանքի մը դէմ թիավարելով, իրենց առաքելութիւնը կատարեցին ամենադժուար պայմաններու մէջ, բանտի ու մահուան սպառնալիքի տակ: Միաբան վարդապետները, մերթ ջաղացպանի, ուղտապանի, կամ շրջուն փերեզակի ծպտումին տակ, տուն-տուն շրջեցան, ոստիկանութիւնը խաղի բերին ու իրենց ժողովուրդը աւետարանեցին:
Պատմագիրները կը վկայեն, թէ տակաւին շատ բաներ կրնային իրագործել անոնք, եթէ այդ 150 տարիները ազատութեան մէջ անցուցած ըլլային:
Անոնց գործունէութեան վկան է ֆրանսացի de Damas, որ այս տողերը կը գրէր 1888-ին. «Տասը տարուան մէջ, Զմմառի միաբանները Աստուծոյ թագաւորութիւնը տարածեցին Սուրիա, Միջագետք, Կիլիկիա եւ մասամբ Փոքր Ասիա: Պատի՛ւ իրենց: Անոնք ցոյց տուին, թէ ինչ կրնայ գործել լաւ պատրաստուած կղեր մը»:
Գրիգոր Ը. Տէր Աստուածատուրեանով վերջ կը գտնէ «լիբանանցի» Պատրիարքներուն շարքը ու Աթոռը Պոլիս կը փոխադրուի: