Այլեւայլ : ​Մայիսը` Հայ Մայրերու Ամիսը
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : ​Մայիսը` Հայ Մայրերու Ամիսը

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

21 Mayıs 2021  

​Մայիսը` Հայ Մայրերու Ամիսը



Շատ մը երկիրներու մէջ Մայրերու օրը կը նշեն մայիս ամսուան ընթացքին: Մենք` լիբանանահայերս եւս մայիսը ընտրած ենք այս գեղեցիկ եւ իմաստալից օրը նշելու համար. սակայն եկէք` ծանօթանանք, թէ աշխարհի չորս ծագերուն տարբեր ժողովուրդներ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կը նշեն Մայրերու օրը:

– Հայաստանի մէջ ապրիլ 7-ը Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր է: Ամէն տարի նոյն օրը Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի աւետման օրը: Իսկ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ եւ ամէնուր մեծ շուքով կը նշուի այս օրը:

– Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր Ոսկեմայր: Անահիտ դիցուհին պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան եւ ռազմի աստուածուհին էր: Զայն կոչած են` «Ոսկեմայր», «Սնուցող մայր», «Մեծ տիկին», «Ոսկեմատն»: Քրիստոնէութեան շրջանին Անահիտի պաշտամունքը վերածուեցաւ Մարիամ Աստուածածնի պաշտամունքին:

– Մայրերու հանդէպ առաջին պաշտամունքները ծագում առած են Հին Յունաստանէն: Գարնան մեծ շուքով կը պատուէին Ռէան` Զեւսի մայրը: Աւելի ուշ հռոմէացիք Ռէանի փոխարինեցին Սիպէլով, որ ճանչցուած էր որպէս մեծ դիցուհի եւ աստուածներու մայր:

– Արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը Մայրերու տօնը կը նշէ մարտին: Եւրոպան, Քանատան, Աւստրալիան, Հարաւային Ամերիկան` մայիսին, Արժանթինը` հոկտեմբերին, Մոնկոլիան` յունիսին եւ այլն…

– Եգիպտոսը մայրերու տօնը կը նշէ Լիբանանի նման` մարտ 21-ին: Օրին նախագահ Կամալ Ապտել Նասեր ծիծաղելի համարած է Մայրերու տօն ճշդելու առաջարկը, բայց յետոյ տեղի տուած է: Այսպէս, 1956-ին մարտ 21-ը Եգիպտոսի մէջ հռչակուած է Մայրերու օր:

– Եթովպիոյ մէջ Մայրերու տօնի ճշգրիտ թուական չկայ. եթովպիացիք կը սպասեն, որ անձրեւները դադրին… Այսպէս, հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին, երբ երկինքը պայծառանայ, ընտանեկան բացօթեայ խրախճանքներ կը կազմակերպուին: Եռօրեայ այդ խրախճանքը կը կոչուի «Անթրոշթ»:

– 1872-ին Ճուլիա Ուարտ Հաու Մայրերու տօնի գաղափարը յղացաւ Մ. Նահանգներու մէջ: 1907-ին Աննա Ճարվիս անունով այլ ամերիկուհի մը վերակենդանացուց գաղափարը, եւ այդ օրերուն ճերմակ մեխակը դարձաւ Մայրերու տօնի խորհրդանիշ:

– 1914-ին նախագահ Ուիլսըն մայիսի 2-րդ շաբաթը հռչակեց Մայրերու տօնի թուական:

– Գերմանիոյ մէջ Մայրերու տօնին մայրերը չեն աշխատիր, զաւակները կ՛ընեն ամէն բան: Մայրերը նախ օրը կը սկսին ճոխ նախաճաշով, ապա ընտանեկան պտոյտներ կը կազմակերպուին… Շատեր ալ տուրմ կամ ծաղիկ կը նուիրեն իրենց մայրերուն:

– Արդէն 15-րդ դարէն անգլիացիք «Մատըրինկ սանտէյ» անունով տօն ունէին: Այդ օրը ուրիշներու տունը ծառայող մայրերուն կ՛արտօնէին տուն երթալ եւ ընտանիքին հետ անցընել օրը:

– Տակաւին մինչեւ վերջերս լիբանանահայեր տարբեր բնոյթի ձեռնարկներով` դասախօսութիւն, բացօթեայ պտոյտ, նախաճաշ… կը նշէինք Մայրերու օրը: Այդ ձեռնարկները ճոխացուած կ՛ըլլային գեղարուեստական յայտագիրներով եւ վիճակահանութեամբ: Մաղթենք, որ այդ ձեռնարկները վերականգնին, թէկուզ` աւելի համեստ տարբերակներով:


+