Ծիծեռնակաբերդ
Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ գտնուող եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրը դարձած է հայ ժողովուրդին ամէնէն հարազատ վայրերէն մէկը, ուր ամէն տարի ապրիլ 24-ին հազարաւոր մարդիկը կը հաւաքուին` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1915-ի զոհուած 1,5 միլիոն նահատակներուն:
Բլուրը, որուն վրայ կանգնած է յուշահամալիրը Ծիծեռնակաբերդ կը կոչուի, քանի որ, ըստ աւանդութեան, հոն գտնուող ծիծեռնակները կ՛օգնէին սիրոյ աստուածուհի Աստղիկին եւ պատերազմի աստուած Վահագնին` իրարու հետ հաղորդակցելու:
Յուշարձանը կառուցուած է 1964-1967` քանդակագործ Վան Խաչատրեանի, ճարտարապետներ Արթուր Թարխանեանի եւ Սաշուր Քալաշեանի ներկայացուցած նախագիծով: Իսկ հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 1967-ի նոյեմբեր 29-ին:
Յուշահամալիրին կառուցման մասնակցած են նաեւ ուսանողներ եւ աշակերտներ. անոնցմէ շատեր մինչեւ իսկ օրերով հոն գիշերած են:
Վան Խաչատուրեանը առիթով մը յայտնած է. «Սկզբում նպատակ կար Տէր Զօրի անապատի նմանութիւնը ստանալ: Առաջակել էինք յուշարձանի ամբողջ տարածքը ծածկել մազութով, որպէսզի հետագայում բուսականութիւն չաճէր, այնուհետեւ լցնել Ծիծեռնակաբերդի բլրին թափուած ժանգոտ քարաբեկորները` շեշտելու Տէր Զօրի անապատի ամայութիւնն ու սարսուռը:
Գլխաւոր տարրը` Խաչը, որոշել էինք փորել գետնի մէջ: Պատերն ամբողջութեամբ խաչքարեր էին լինելու: Մարդիկ աստիճաններով պէտք էր իջնէին խաչին մօտ` մոմեր ձեռքերնին: Հիմնական գաղափարը խաչուած ազգն էր»:
Յուշահամալիրը բաղկացած է 3 հիմնական կառոյցներէ` Յաւերժութեան տաճար, «Վերածնող Հայաստան» յուշասիւն եւ Յուշապատ:
Յաւերժութեան տաճարը բաղկացած է 12 սիւներէ: Յուշարձանին կեդրոնը կը վառի անմար կրակը, որ պահպանելը բարդ էր 1990-ական թուականներուն, քանի որ լոյս եւ վառելանիւթ չկար: Բայց եւ այնպէս «Կազ ու լոյս չունեցող Հայաստանում կրակն անմար պահուեց»:
1995-ին յուշահամալիրին մէջ բացուեցաւ ստորգետնեայ թանգարան:
2010-էն ի վեր ապրիլ 24-էն ետք հաւաքուած ծաղիկներուն թերթիկները կ՛անջատուին ցօղուններէն: Ցօղուններով պարարտանիւթ կը պատրաստուի յուշահամալիրի յարակից հողին համար, իսկ թերթիկներէն` վերամշակուած թուղթ, զոր կ՛օգտագործուի յուշահամալիրի թանգարանին մէջ: