Ծիսական գիտելիքներ : ​Ս Վլաս Հայրապետին Տօնը
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Առաւօտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Ս Վլաս Հայրապետին Տօնը

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

03 Şubat 2021  

​Ս Վլաս Հայրապետին Տօնը



Կը պատմուի թէ Ս. Վլաս եպիսկոպոս, իր չարչարանքներուն ընթացքին կոկորդին մէջ կախուած ձուկի փուշէն մահացած պատանի մը կ՛առողջացնէ եւ կը ճանչցուի որպէս կոկորդի ցաւեր բժշկող սուրբ:3 փետրուարին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Վլաս Հայրապետին Տօնը։ Ան եղած էր Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս։

Սեբաստիոյ առաջնորդ՝ Վլաս եպիսկոպոսը, իր կեանքի օրինակով եւ ունեցած զարգացումով բոլորին կողմէ յարգուած եւ սիրուած անձ մը եղած է : Ան հետեւած է փիլիսոփայութեան եւ բժշկութեան, զորս ի սպառ դրած է քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու համար:

Ան Սեբաստիոյ առաջնորդ կ’ընտրուի եկեղեցւոյ հալածանքի բուռն ժամանակներուն: Կը հրահանգէ հաւատացեալներու որ հետեւին իրեն եւ լեռները բարձրանան, ազատուելու համար հալածանքներէն: Սակայն զինք հալածողները կը գտնեն զինք լեռներուն մէջ եւ Սեբաստիա իջեցնելով կը չարչարեն եւ հաւատքի ուրացում կը պահանջեն իրմէ: Ան կը մերժէ ուրանալ իր ճշմարիտ հաւատք եւ մինչեւ վերջ կը դիմանայ չարչարանքներուն: Ի վերջոյ կը գլխատուի եւ արժան կ’ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութեան ապրելու:

Կը պատմուի թէ Ս. Վլաս եպիսկոպոս, իր չարչարանքներուն ընթացքին կոկորդին մէջ կախուած ձուկի փուշէն մահացած պատանի մը կ՛առողջացնէ եւ կը ճանչցուի որպէս կոկորդի ցաւեր բժշկող սուրբ:

Ս. Վլաս, ամենէն ժողովրդական սուրբերէն մին եղած է Միջին դարուն։ Ս. Վլասի տօնը Յոյները կը յիշատակեն 11 փետրուարին, Լատինները՝ 3 փետրուարին իսկ հայ եկեղեցին՝ութօրէքի կամ Վարդավառի յաջորդող առաջին սրբոց օրը, նայած թէ Զատիկը ուշ թէ կանուխ կու գայ։



+