Ծիսական գիտելիքներ : Խաչվերացը
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Խաչվերացը

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

13 Eylül 2020  

Խաչվերացը



Ազատագրուած խաչափայտը առաջին անգամ թափօրով մուտք գործեց Հայոց Կարին քաղաքը, ինչի հետեւանքով Կարնոյ դաշտի հարաւարեւելեան կողմը բարձրացող լեռներու մեծ գագաթը Խաչափայտ կոչուեցաւ։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնըԽաչվերացը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինն է։ Տաղաւար տօն հասկացողութիւնը իւրայատուկ է միայն հայ ժողովուրդին։ Անոր յառաջացման ակունքներուն կանգնած է Հայաստան աշխարհի աշխարհագրական կառուցուածքը, քանզի Հայաստանը հանդիսանալով տարածաշրջանի բարձրաւանդակը, բաղկացած է բազմաթիւ լեռներէ եւ լեռնաշղթաներէ, որոնց միջեւ յառաջացած հովիտները պատճառ հանդիսացած են, որ Հայաստանի ազգաբնակչութեան մեծամասնութիւնը իր պատեանին մէջ պարփակուած, իրարմէ անջատ, ինքնամփոփ կեանք մը վարէ։

Տօնական այս հինգ տաղաւար օրերը լաւագոյն առիթներն էին հայերուն լեռներ բարձրանալով վրաններ լարելու եւ տաղաւարներ կազմելով միմեանց հետ հաղորդակցուելու եւ տարին գէթ հինգ անգամ ազգը մէկտեղելու։

Հաւաքը կը համեմուէր տօնի յատուկ ազգագրական երգ ու պարով, վիճակ քաշելով, ազգային խաղերով եւ այլազան միջոցառումներով։ Սոյն տօները կը նշուէին Կիրակի օրերը, իսկ անոր յաջորդած Երկուշաբթին՝ օր մեռելոց էր։ Ի սկզբանէ հայերը իրենց ուրախ եւ տխուր առիթներուն մշտապէս յիշած եւ յարգած են իրենցմէ առյաւէտ հեռացած իրենց հարազատներուն յիշատակը։ Այսպիսով յառաջացած է տաղաւար ըմբռնումը եւ տաղաւար տօն հասկացողութիւնը։

Ինչ կը վերաբերի Խաչվերացի տօնի յառաջացման պատմութեանը, ապա ան սկիզբ առաւ Հեղինէ թագուհիի կողմէ Քրիստոսի խաչափայտի յայտնաբերմամբ, Հերակլ կայսրի ջանքերով պարսկական գերեվարութենէն ազատագրմամբ, ապա սրբազան քահանայապետի կողմէ Երուսաղէմի Գողգոթա լեռ բարձրացմամբ եւ ժողովուրդին օրհնմամբ յառաջացաւ Խաչվերացի տօնի անուանումը եւ վերջապէս Գողգոթա լերան վրայ կառուցուած Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղադրմամբ։

Իսկ տօնին հայերուս առընչութիւնը կապուած է պարսիկներու դէմ Հերակլ կայսրի յանուն Խաչափայտի ազատագրման՝ մղած առաջին մարտին հայ զօրավար Մժեժ Գնունիի մասնակցութիւնն է։ Ճիշտ է, որ այդ ճակատամարտին Հերակլը մեծ պարտութիւն կրեց, սակայն աստուածային տեսիլք մը զինք կրկին մղեց յարձակման, որուն արդիւնքը դրական եղաւ եւ խաչափայտը ազատագրուեցաւ գերութենէն։

Ազատագրուած խաչափայտը առաջին անգամ թափօրով մուտք գործեց Հայոց Կարին քաղաքը, ինչի հետեւանքով Կարնոյ դաշտի հարաւարեւելեան կողմը բարձրացող լեռներու մեծ գագաթը Խաչափայտ կոչուեցաւ։ Աւանդութեան համաձայն պարսիկները խաչը յանձնելէն ետք, կը փորձեն կրկին զայն վերցնել, սակայն հայերը խաչափայտը ձգելով սարահարթի վրայ ետ կը մղեն պարսիկներու յարձակումը, իսկ երբ ետ կը դառնան խաչափայտը առնելու կը հանդիպին աներեւակայելի հրաշքի մը՝ Խաչի տեղադրուած վայրին սառնորակ վճիտ աղբիւր մը կը բխէր։ Ի տես այս անբացատրելի հրաշքին, սոյն լեռներու ստորոտին կը կառուցուի “Խաչկայ” վանքը, որ հետագային ուխտավայրի կը վերածուի։

Նախաքրիստոնէական շրջանին հայերը առընչուած են խաչի գաղափարին հետ։ Այն օգտագործած են ուղիղ եւ կեռ խաչի տեսքով՝ որպէս խորհրդանիշ կեանքի եւ յաւերժութեան։ Իսկ քրիստոնէութեան ընդունումով այն սրբագործուեցաւ եւ դարձաւ մեր էութեան մասնիկը եւ մեր գոյութեան իմաստը՝ Խաչքարի տեսքով։

Քարի վրայ փորագրութիւնը ինքնանպատակ չէր, այլ ունէր իր արդարացի պատճառը, քանզի հեթանոս հայը իր դիցերու պաշտամունքը կը կատարէր արձաններու միջոցով, որոնք քանդակուած էին քարերու վրայ։

Հայկական տուֆի վրայ փորագրուած խաչքարի իւրաքանչիւր նախշ ունի իր իմաստն ու նշանակութիւնը, եւ որ կը ներկայացնէ հայոց պատմութենէն որոշ դրուագներ։

Աշխարհի չորս ուղղութիւնները իմաստաւորող խաչի հորիզոնական դիրքը ընդհանուր առած կը խորհրդանշէ երկնքի արքայութիւնը, որու աջ կողմը Տիրոջ բարիքները՝ հանդէպ ժողովուրդին, իսկ ձախ կողմը Տիրոջ բարեգթութիւնը եւ ներողամտութիւնը մեղաւորներու մեզանչմանը ի տես։

Ուղղահայեացը Քրիստոսի էջքն է երկինքէն դէպի գեհեն, մեղաւորներուն փրկելու եւ ջախջախելու սատանային իշխանութիւնը։ Նաեւ Սուրբ հոգիին երեւումը եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Խաչը զբաղեցուցած կ՚ըլլայ քարի կեդրոնին երկու առ չորս բաժինը, վերեւը կը քանդակուի Սուրբերու դիմանկարներ, իսկ ներքեւը յաւերժութեան անիւը, զոր կը խորհրդանշէ Արեւը՝ լոյսը, զոր բոլոր գոյութիւն ունեցող բաներու սկիզբն է։ Իրմով կը սկսի եւ իրեն կը վերադառնայ։ Ան նաեւ մշտնջենականութեան խորհրդանիշն է, քանզի կը սկսի կէտէ մը եւ կը վերադառնայ միեւնոյն կէտին, այսինքն ո՛չ սկիզբ կայ եւ ո՛չ ալ վերջ, անվերջ պտտող կեանքի անիւն է։

Խաչքարերը ճարտարապետական լուծումներով քանդակուած են, անոնք կը բովանդակեն կենդանական աշխարհէն առնուած պատկերներ, ինչպէս՝ Արծիւն ու Առիւծը, որոնք երկնքի եւ երկրի արքաներն են, զոր կը պահպանեն Հայաստան աշխարհը եւ կը խորհրդանշեն ոյժ եւ զօրութիւն։ Ինչպէս եւ բուսական աշխարհէն առնուած միրգեր, ինչպէս՝ խաղող, ծիրան, նուռ, որոնք հայկական լեռնաշխարհի նշանաւոր պտուղներն են, որոնք հեթանոս Հայաստանէն անցած են քրիստոնէական կրօնին, բոլորիս յայտնի հայկական ամանորի առաջին բերքը հանդիսացող խաղողը, որ վերափոխման օրուան համապատասխանեցուելով կ՚օրհնուի։

Ծիրանը զոր անխառն հայկական պտուղէ, եւ Հայաստանէն տարածուած է աշխարհով մէկ, կոչուելով Apricot. Հայաստանէն եկած պտուղ։ Պեղումներու ընթացքին բացայայտուած է, որ ծիրանը հայկական լեռնաշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցած է դեռեւս Քրիստոսէ առաջ 4-րդ հազարամեակին։

Ըստ աւանդութեան՝ առաջին ծիրանի թուփը Նոյ նահապետը տնկած է Արարատեան դաշտավայրի բարեբեր հողին վրայ։ Իսկ նուռը կը խորհրդանշէ՝ բախտ, ծաղկում եւ առատութիւն։

Հայ ժողովրդի մշակոյթի խորհրդանիշ նուռը, երկրագունդի օրինաչափութեան խորհուրդն ունի, որովհետեւ կը պարփակէ 365 հատիկ եւ որը կը նշանակէ տարուան օրերը։

Խաչքարը ունի քօղարկուած իմաստներ եւս, որոնցմէ կարեւորագոյնը՝ եթէ քարին ձախ թեւը ջնջենք, ապա դուրս կու գայ Է տառը, զոր հայոց այբուբենի 7-րդ տառն է։ Ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ թիւ եօթն ունի յատուկ իմաստ եւ նշանակութիւն, քանզի Աստուած 7-րդ օրը ամբողջացուց աշխարհի ստեղծումը, հետեւաբար ան կատարելութեան խորհրդանիշն է։

Եւ վերջապէս Է տառը հայկական քրիստոնէական մշակոյթին մէջ իր ուրոյն տեղն ունի, ներառեալ վերոյիշեալ նշանակութեան Սուրբ Գիրքին մէջ յիշատակուած Է տառը կը խորհրդանշէ Էութիւնը՝ հետեւաբար եւ զԱստուած։

Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան



+