Ծիսական գիտելիքներ : Կիրակի 17 Մայիս 2020 - Զ. Կիրակի Յինանց (Յովհաննէս Ժ. 1-10) - Յիսուս Դուռն է երկնքի արքայութեան
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Փայլածու

Ծիսական գիտելիքներ : Կիրակի 17 Մայիս 2020 - Զ. Կիրակի Յինանց (Յովհաննէս Ժ. 1-10) - Յիսուս Դուռն է երկնքի արքայութեան

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

16 Mayıs 2020  

Կիրակի 17 Մայիս 2020 - Զ. Կիրակի Յինանց (Յովհաննէս Ժ. 1-10) - Յիսուս Դուռն է երկնքի արքայութեան



Հրապուրիչ ձայներ շատ կան աշխարհի վրայ, որոնց միակ նպատակն է մեզ հրապուրել եւ ապա դէպի կորուստ առաջնորդել. Եթէ մեր ականջները սեղմ կերպով չփակենք այդ ձայներուն դիմաց, եթէ մեր ձեռքերն ու ոտքերը չի կապենք, կրնանք շուտով սայթաքիլ չարի բոլոր հրապոյրներուն առջեւ։Յիսուս ինքզինք կը նմանեցնէ ոչխարներու փարախի դրան. այս նմանութեամբ ան կ՛ուզէ ցոյց տալ թէ ինք կը հովուէ քրիստոնեայ ժողովուրդը եւ միեւնոյն ատեն կը տածէ անոնց վրայ իր բարերար իշխանութիւնն ու հովանաւորութիւնը. Դուռը, արեւելեան երկիրներու մէջ` կը խորհրդանշէ իշխանութիւնը. Բարձրագոյն դուռը նշան է բարձ-րագոյն իշխանութեան։ Իսկ ոչխարներու փարախի խոնարհ դուռը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի հոգեւոր իշխանութիւնը իր հաւատացեալներուն վրայ։

Քրիստոս յատուկ սէր ու գուրգուրանք կը տածէ մեզմէ ամէն մէկու հանդէպ. ան կը ճանչնայ մեզմէ իւրաքանչիւրը անձնապէս եւ զայն կը կանչէ իր անունով, ինչպէս որ կ՛ըսէ այս առակին մէջ։ Երբ մէկը դուրսէն դիտէ ոչխարներու հօտ մը, որեւէ զանազանութիւն չի կրնար դնել անոնց միջեւ, իրեն աչքին բոլոր ոչխարներն ալ նոյնն են. Սակայն հովիւ մը, որ ականատես եղած է իւրաքանչիւր ոչխարի ծննդեան, զայն խնամած ու մեծցուցած է տարիներու ընթացքին, եւ հաւանաբար անոր անուն մըն ալ տուած է, զանազանելու համար միւսներէն, անշուշտ թէ կրնայ որոշել իւրաքանչիւր ոչխար եւ զայն իր անունով կանչել, որովհետեւ զանոնք կը ճանչնայ առանձնապէս։ Նոյնպէս ալ Քրիստոս, որ ստեղծած է մեզ, մեր մկրտութեան օրը մեզի անուն տուած է, մեր ծնողքին միջոցաւ, մեր ամէն մէկ քայլին հետեւած է, մանաւանդ մեր հոգեւոր կեանքի մէջ մեր յառաջդիմութեան ընդմէջէն, անշուշտ թէ յատուկ սէր ու գուրգուրանք կը տածէ մեզի հանդէպ եւ մեզ կը պահպանէ բոլոր չար փորձանքներէն։

Արդ ամէն քրիստոնեայ որ կը հետեւի Քրիստոսի կոչին եւ յանձն կ՛առնէ անոր տուած պատգամին հնազանդիլ, կը նմանի այն ոչխարին որ կը լսէ իր հովիւին ձայնը, կը ճանչնայ զայն եւ քայլ առ քայլ կը հետեւի անոր։ Օտարին ետեւէն չ՛երթար, որովհետեւ անոնց ձայնը անծանօթ է իրեն։ Լիուլի վստահութիւն ունի իր տիրոջ վրայ, որ զինք կը կերակրէ, կը խնամէ ու կը պահպանէ։

Օտարը այս առակին մէջ ուրիշ մը չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ մարդկութեան երդուեալ թշնամին, այսինքն չարի իշխանը, սատանան: Ան մեզի կը մօտենայ ոչ թէ ուղղակիօրէն, այլ գաղտագողի, նման անտառի գազաններուն, մեզ կը փորձէ ուրիշներու միջնոր-դութեամբ, նոյնիսկ մեզի որպէս բարեկամ ձեւանալով: Ասոր համար շատ աւելի զգոյշ ըլլալու ենք, յստակ զանազանութիւն մը դնելով Տիրոջ ձայնին եւ փորձիչ սատանայի ձայնին միջեւ: Ուստի հարկաւոր է չհեռանալ Յիսուսէն, մեր հովիւէն ու անոր ձայնը մտիկ ընենք Սուրբ Գրքի ընթերցումով եւ աղօթքով, ջանալով միշտ միացած մնալ իր հետ, ընդունելով զինք որպէս մեր հովիւը եւ տէրը:

Հրապուրիչ ձայներ շատ կան աշխարհի վրայ, որոնց միակ նպատակն է մեզ հրապուրել եւ ապա դէպի կորուստ առաջնորդել. Եթէ մեր ականջները սեղմ կերպով չփակենք այդ ձայներուն դիմաց, եթէ մեր ձեռքերն ու ոտքերը չի կապենք, կրնանք շուտով սայթաքիլ չարի բոլոր հրապոյրներուն առջեւ։

Մեզ առաջնորդող ձայնը պէտք է մի միայն մեր Տիրոջ Յիսուսի կոչն ըլլայ, որովհետեւ ան միայն կրնայ մեզ տանիլ ճշմարտապէս դէպի փրկութիւնը մեր անձին. Իր ձայնին միայն մտիկ ընելով, մենք կրնանք ապահով ըլլալ թէ պիտի հասնինք անվտանգ կերպով այն յաւիտենական երջանկութեան որուն սահմանուած ենք, մուտք գործելով այն նեղ ու խոնարհ դռնէն, որ մեզ կը տանի դէպի փրկութիւն. Ամէն։

+