Այլեւայլ : Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածինի եւ Խաղողօրհնէք
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածինի եւ Խաղողօրհնէք

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

08 Ağustos 2019  

Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածինի եւ Խաղողօրհնէք



Վերափոխման տօնը Ս. Մարիամ Աստուածածնին երկինք փոխադրուելու յիշատակն է։ Ս. Կոյս Մարիամ Քրիստոսի խաչելութեան ժամանակ կը յանձնուի Յովհաննէս առաքեալի խնամքին՝ համաձայն Տիրոջ պատուէրին. «Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։ Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին.- «Ահաւասիկ մայրդ»։ Աւետարանիչը կը շարունակէ ըսելով. «Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ» (Յհ 19.27)։ Ս. Աստուածածինը շուրջ 15 տարի կը վայելէ Յովհաննէս սիրոյ առաքեալին խնամատարութիւնը, որմէ ետք խաղաղ եւ հանգիստ վիճակով կը կնքէ իր մահկանացուն։ Առաքեալներն ու առաջին քրիստոնեաները մեծ հանդիսաւորութեամբ թափօր կը կազմեն եւ խոր յարգանք ընծայելով յուղարկաւորութիւն կը կատարեն։ Սրբազան աւանդութիւնը, որ լրացուցիչ բաժինն է առաքեալներու քարոզութեան, կը պատմէ թէ Ս. Կոյսին թաղումէն վերջ, երեք օրեր անդադար կը լսուին հրեշտակային երգեր անոր գերեզմանին վրայ։ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալ ներկայ չէր թաղման։ Երբ կ’իմանայ պատահածին մասին, կը հասնի Երուսաղէմ եւ բուռն փափաք կը յայտնէ առաքեալներուն վերջին անգամ տեսնելու համար Տիրամայրը։ Առաքեալները ստիպուած, անոր փափաքին գոհացում տալ կ’ուզեն, կը բանան կնքուած գերեզմանը, եւ ի՜նչ զարմանք, չկար Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնին մարմինը։ Ուստի կը հետեւցնեն թէ ան երկինք փոխադրուած է։ Պատահական չէին հրեշտակային ձայները, որոնք վերափոխման լուրը հաղորդող երկնային նշաններ էին։

Վերափոխումը խորհուրդ է, մտքով անբացատրելի, բայց Քրիստոսի տնօրինումով եւ խոստումով բացայայտուած ճշմարտութիւն է եւ տօնելի յիշատակութիւն։ Ուստի, «ննջում» բառով կը բացատրուի Աստուածամօր երկրաւոր կեանքի վախճանը, եւ ոչ թէ «մահ» բառով։

Աստուածամայրը երկինք փոխադրուեցաւ եւ եկեղեցւոյ կողմէ օրհնաբեր տօն հաստատուեցաւ։ Վերափոխման տօնը Ս. Աստուածածնին նկատմամբ որդիական սէր, մեծարանք եւ երկիւղած յարգանք ցուցաբերելու բարեպատեհ առիթ է։ Ս. Կոյսին ապրելակերպէն հնազանդութիւն, հաւատարմութիւն եւ համբերութիւն կը սորվինք, այդպիսով տօնին օրհնութիւնները կը ստանանք եւ մեր քրիստոնեայ կոչումին տէր կ’ըլլանք։ Վերափոխման տօնին Հայ Առաքելական եկեղեցին խաղողօրհնէք կը կատարէ Խաղողի օրհնութեան ընդմէջէն հայ եկեղեցին կ’օրհնէ բոլոր այգեստանները, որպէսզի. «անփորձանք պահուին պատուհասներէն՝ կարկուտէն, սառնամանիքէն, խորշակահար հողմերէն…»։ Խաղողօրհնէքը պարզապէս եղանակի յարմարութեան համար տեղի կ’ունենայ Վերափոխման տօնին:Այդ զուգադիպութիւնը պատահական չէ, այլ՝ յարմարագոյն եւ վայելուչ վեւն է հանդիսաւորապէս կատարելու բերքի օրհնութեան արարողութիւնը: Խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը կ’ընդգրկէ շարական, Հին եւ Նոր Կտակարանէն ընթերցումներ, Աւետարանէն հատուած, եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիին գրի առած աղօթքը, ապա «Օրհնեսցի Պահպանեսցի» մաղթանքը (եղանակով), ի վերջոյ «Պահպանիչ» աղօթքը։

Խորքին մէջ, խաղողի կամ բերքի օրհնութիւնը Սուրբ Գրային արմատներ ունի։ Հին Ուխտին մէջ ընդհանրացած էր այս սովորութիւնը։ Եբրայեցիներ հողին առաջին բերքը (երախայրիքը) կը հաւաքէին կողովներու մէջ կամ ափսէներու վրայ եւ կը յանձնէին քահանային։ Բ. Օրինացին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Արդ, ո՛վ Տէր, ինծի տուած երկրիդ պտուղներուն երախայրիները քեզի բերի։ Զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ դնելով Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկրպագութիւն ըրէ» (Բ. Օր 26.1-11)։

Երախայրիքը՝ առաջին պտուղը տաճարին ընծայելը Աստուծոյ երախտագիտութիւն յայտնելու արտայայտութիւն է։ Հայաստանի մէջ, նախաքրիստոնէական շրջանին այս սովորութիւնը տարածուած էր, սակայն հեթանոսական ձեւով ըմբռնուած։ Մեծ հաւանութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ խաղողի կամ բերքի օրհնութիւնը միացուց Վերափոխման տօնին, որպէսզի ճշմարիտ Աստուծոյ ծանօթութեան վրայ հիմնուած ըլլայ բերքի օրհնութիւնը, ծառայէ հոգեւոր ապրումներու ներշնչման եւ բարեպաշտական զգացումներու խորացման։ Գալով Հին Ուխտին, առաջին անգամ խաղողի այգի տնկողը Նոյն է։ Ան «առաջին երկրագործն է։ Այգի տնկեց» (Ծնն 9.20), իսկ բերք հաւաքողներու պարագային Աստուած կը պատուիրէ որ հունձքի ժամանակ մնացած խաղողի ողկոյզները ձգեն. «Այգիին մէջ մնացած ողկոյզները մի՛ քաղէք, զանոնք աղքատին ու օտարականին համար թողուցէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը» (Ղեւ 19.10)։

Խաղողը Նոր Ուխտի լոյսին տակ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Քրիստոս ինքզինք նմանցուց խաղողի որթատունկի եւ իր հետեւորդները ճիւղերու, երբ ըսաւ. «Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը։ Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել» (Յհ 15.5)։

Խաղողին շնորհիւ գինի կը պատրաստուի։ Գինին կը գործածուի որպէս Ս.Պատարագի նիւթ։ Քրիստոս վերջին ընթրիքին գինիի բաժակը առաւ… Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ասիկա նոր ուխտի արիւնս է, որ շատերու համար կը հոսի» (Մր 14.23-24)։

Սրբապատկերներու եւ խորաններու օծման ընթացքին գինի կը գործածուի: Ս. Պսակի խորհուրդի կատարման ժամանակ գինիի օրհնութեան աղօթքը կ’արտասանուի։ Հետեւաբար, խաղողը ընտիր պտուղ է, պատուական է, քաղցրահամ է, որով գինի կը պատրաստուի, ո՛չ հաճոյքի կամ արբեցութեան համար, այլ՝ սրբազան արարողութեանց օգտագործելու հոգեշահ նպատակով։ Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ ըսելով. «Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք» (Եփ 5.18)։ Խաղողի օրհնութեան հոգեխօս աղօթքին մէջ յիշուած է թէ գինին յիմարաբար գործածողները զանազան մոլութիւններու ենթակայ եղան։

Տեղին է նշել, թէ խաղողը կանուխ հասունցած շրջաններու մէջ, խաղողօրհնէքը կը կատարուի Վերափոխման տօնը կանխող Կիրակին (ինչպէս Հալէպ եւ այլ շրջաններ) եւ կամ Վարդավառի տօնին (բացառիկ պարագաներու)։

Խաղողօրհնէքը մեծ ժողովրդականութիւն վայելող աւանդութիւն է։ Ահա թէ ինչո՛ւ նուիրատուներ կամ ուխտաւորներ խաղող կ’ընծայեն եկեղեցւոյ խորան։

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով աղօթենք ըսելով՝

Տէր Յիսուս թող որ ըլլանք

Այգիիդ մէջ քաղցր խաղող

Լոյս տարածող, բարիք ցանող

Կամքդ ուզող, փառքդ երգող

Միշտ աղօթող, ջերմ ծառայող

Սրտանց գործող, սիրով շարժող

Կոյս Մարիամին զաւակ եղող

Չարին դէմ ալ պայքար մղող

Այսօր նաւակ, ծովեր ճեղքող

Վաղը խաղաղ եզերք հասնող։

+