Այլեւայլ : Վարդավառի Խորհուրդի Մասին
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Այլեւայլ : Վարդավառի Խորհուրդի Մասին

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

28 Temmuz 2019  

Վարդավառի Խորհուրդի Մասին



Քրիստոս այլակերպեցաւ, որպէսզի ցոյց տայ իր աշակերտներուն անոնց խոստացուած արքայութիւնն ու փառքը: Հանեց զանոնք լերան գագաթը եւ ցոյց տուաւ, թէ Ինք ինչպէս պիտի գայ վերջին օրը` աստուածութեան փառքով ու մարմնով եւ ըսելու համար, թէ Ինք ո՛չ Եղիան է, ո՛չ Մովսէսը, ո՛չ ալ մարգարէներէն մին:

Վարդավառը մեր տոհմիկ եւ ազգային աւանդութեան մէկ երեսը կը ներկայացնէ: Հայու հեթանոսական կրօնէն եւ ծէսերէն հնագոյն յիշատակ մըն է ան, որ չէ ջնջուած մեր ժողովուրդի յիշողութենէն, ընդհակառակը, միաձուլուած է Աւետարանի ամէնէն գեղեցիկ եւ սքանչելի դէպքերէն մէկուն` Այլակերպութեան հետ:

Մեր պատմութեան փայլուն մէկ շրջանին, երբ Հայաստանի զինուորական եւ վարչական զինուժն ու աւագանին հանդէս կու գային իրենց պերճանքին ու հզօրութեան մեծավայելչութեամբ, Բագրեւանդ գաւառի մէջ, հայոց թագաւորը` իր այրուձիով, Այրարատեան չորս բիւր գումարտակներով, իշխաններով, սեպուհներով,աւագ կրօնական պաշտօնեաներով եւ ճորտերով: Ազնուականներու եւ ռամիկներու բազմութիւնը կը հասնէր միլիոններու (Ալիշան-Յուշիկք)…: Անահիտի եւ Աստղիկի մեհեաններուն զոհեր կը մատուցուէին տօնախմբութիւններու ընկերակցութեամբ: Հեթանոս Հայաստանի մէջ Անահիտ դիցուհին անառակութեան մայր չէր: Ան մայր էր (ամենայն զգաստութեանց), որ ժամանակին հեթանոսական ըմբռնումով կը մարմնաւորէր աստուածային բոլոր յատկութիւններն ու պայմանները, հետեւաբար արժանի էր պաշտամունքի: Նոյնիսկ հեթանոս աշխարհի մէջ տիրող գաղափարն էր մայրութեան գաղափարը, որ կնոջ մէջ իբրեւ աստուածային նկարագիր կը խորհրդանշէր բեղմնաւոր կեանքը:

Վարդավառին ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուէին դէպի նշանաւոր լեռներու սրբատեղիներ եւ ջուրերու ակունքներ, որոնցմէ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետը այդ սրբատեղիներէն ամէնէն նշանաւորներէն էր:

Խնձոր չէին ճաշակեր մինչեւ Վարդավառ……………………………………

Հրեաներուն համար ցնծութեան եւ զուարճութեան օրեր էին Տաղաւարահարաց եօթն օրերը, տերեւազարդ տաղաւարներու տակ կը բնակէին, ամէն օր զոհեր կը մատուցէին, վէմէն բխած ջուրին յիշատակը կը կատարուէր, ուրախութեան հանդէսներ տեղի կ՛ունենային եւ նոր աւարտած կամ տրորուած այգեկութքի գինին իր պարգեւած խնդութեամբ կը պսակէր հանդէսները: Իսկ վերջին օրը թափօրով Սելովի աւազան կ՛երթային, քահանան սափորով ջուրը հանդէսով կը բերէր եւ ցնծութեան երգերու եւ նուագարաններու ընկերակցութեամբ, ջուրը տաճարի յատակին եւ բագինին վրայ կը սրսկուէր` Մովսէսի գաւազանով վէմէն բխած ջուրը պատկերացնելով. ժողովուրդը կր գոչէր Եսայիի խօսքերով. «Եւ առէք ջուր ուրախութեան յաղբերացն փրկութեան…» (Եսայի 12.3)

Պօղոս առաքեալ հետագային կոչ կ՛ընէ կռապաշտութենէ հեռու մնալ, այսպէս. «Բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ըմպելիքը խմեցին, որովհետեւ խմեցին հոգեւոր ժայռէ մը,որ իրենց հետ կ՛երթար. եւ այդ ժայռը Քրիստոս ինքն էր: Բայց անոնց մեծագոյն մասը հաճելի չեղաւ Աստուծոյ, ուստի անոնց դիակները անապատին մէջ տարտղնուեցան: Այս բաները պատահեցան` իբրեւ օրինակ մեզի, որպէսզի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին. եւ ոչ ալ կուռքեր պաշտենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պաշտեցին. Սուրբ Գիրքի վկայութեան համաձայն, որ կ՛ըսէ. «Ժողովուրդը նստաւ, կերաւ ու խմեց եւ ելաւ պարեց կուռքին առջեւ». (Ա.Կրն.10.4-7):

Իսկ Քրիստոս բարձրաձայն կ՛աղաղակէ, «Ով որ ճշմարիտ ջուրին ծարաւի է, իմ վարդապետութեանս ջուրէն խմէ. ով որ զիս կը լսէ եւ իմ խօսքերուս կը հաւատայ, անոր ներսէն կենդանութեան ջուրի գետեր կը բխին, ինչպէս Մովսէսի ձեռքով վէմին մէջէն ջուրեր վազեցին» (Մ. Ա. Օրմանեան):

Խորենացիի մեկնութեամբ, «Վարդավառի խորհուրդի մասին» ճառին մէջ կ՛իմանանք, որ աստուածային միջամտութեամբ բոլոր ֆիզիքական զեխութիւններն ու սանձարձակութիւնները Այլակերպութեան (կերպարանքի փոփոխութիւն) խորհուրդով կը վերածուին եւ կը փոխակերպուին հոգեւոր աննիւթական վայելքներու եւ պարգեւներու բաշխման հետ:

Այս գիրը կամ օրէնքը փոխուեցաւ` հոգիի շնորհքներու,առօրեայ լուացումները` հոգեւոր լուացումներու,(ստուերի)տաղաւարը`ճշմարտութեան առագաստի:

Կը փոխադրուինք Գալիլիոյ Թաբօր լեռը,այժմ` (Ժեպել Էլ-Թուր), ուր Աստուածորդին իր աշակերտներուն, հանդերձեալ կեանքէն դրուագ մը կը փորձէ ցոյց տալ, լուսեղէն փառքով կը ճառագայթէ, Պայծառակերպուելով եւ իմացական ու ֆիզիքական ամէն գեղեցկութիւն փոխակերպելով հոգեղէնի, գեղեցկութեան եւ յաղթանակի` կը սպաննէ մեղք կոչուած թշնամին իր անմեղ եւ սուրբ հոգիի ճառագայթումով: Յիսուս իր աշակերտներէն միայն երեքը կ՛առնէ` իր գիշերային հսկումն ու աղօթքը կատարելու. Սիմոն Պետրոս եւ Զեբեդեան եղբայրները` Յակովբոս եւ Յովհաննէս: Այն աշակերտները,որ աւելի ուշիմ էին եւ ազնիւ: Պետրոսը միւսներէն աւելի կը սիրէր զինք, Յովհաննէսը Յիսուսի սիրելի աշակերտն էր, իսկ Յակովբոսը հետագային յանձն առաւ ըմպել Յիսուսի չարչարանքներուն բաժակէն: Յիսուս ըսաւ` «Ով զիս տեսաւ, տեսաւ Հօրը»: Ցոյց տալով, որ այդ տեսքով կը միաւորուի եւ կը հաւասարի Հօրը հետ, ուր մարմինը կը չէզոքանայ իր նիւթական եւ զգացական բաժիններէն` միանալով աստուածային աննիւթական գոյութեան հետ, խոստանալով մեր բնութիւնը եւս զգեստաւորել լուսեղէն պատմուճանով: Քրիստոսի մարդկային դէմքը պայծառանալով` կը փարատէ անգիտութեան եւ կռապաշտութեան խաւարը, Ան ցոյց կու տայ, թէ Ինքն է հալածողը տգիտութիւնն ու անաստուածութիւնը: Հեթանոսական բոլոր պերճանքները, որոնք փառքի խաբկանք մըն էին, կը նսեմանան Իր աստուածակերտ ճաճանչող դիմագիծերուն եւ էութեան առջեւ:

Երբ Ան աղօթքի մէջ էր, յանկարծ իր երեսին տեսքը փոխուեցաւ, լուսափայլ եւ վեհ կերպարանք մը ստացաւ: Ճառագայթներ կը ցոլային իր դէմքէն` արեւէն դուրս գալու նման` «Լուսաւորեցան երեսք նորա իբրեւ զարեգակն»: Իսկ հագուստները լուսաւոր փայլուն ճերմակութեամբ մը սպիտակեցան` «Սպիտակ իբրեւ զլոյս»: Եղիան եւ Մովսէսը Իրեն հետ երեւցան, որոնք կը զրուցէին Յիսուսի հետ, եւ որոնց խօսակցութեան նիւթը Յիսուսի կեանքի մնացեալ մասն ու չարչարանքներն էին: Երեք առաքեալները իրենց մրափէն արթնցան եւ տեսան անոնց փառքը` սքանչանալով եւ զարհուրելով, մինչ ամպ մը հովանի կ՛ըլլայ անոնց, իսկ Պետրոս կ՛առաջարկէ Յիսուսի, Եղիայի եւ Մովսէսի համար մէկական վրան շինել, որ այնտեղ մնան: Ձայն մը կը լսուի, որ կ՛ըսէ. «Այս է իմ սիրելի որդիս…»:

Յիսուս զանոնք ոտքի կը հանէ ` իրենց վախերէն ձերբազատելով…

Հայերը կը սիրեն այս անմեկնելի լոյսի պատմութիւնը եւ կը միացնեն Վարդավառին կամ հայկական հին ամանորի տօնին հետ:

Ըստ լեզուաբաններու, Վարդավառ բառը պարսկական ծագում ունի, կը նշանակէ ջուր «վարդ», սրսկել-ցանել.

Պայծառակերպութեան տօնը Հայոց եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մին է: Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ Վարդավառի մասին հետեւեալը. «Եւ ինչպէս Վարդը բացուելով կը յայտնուի ու կ՛երեւի, այնպէս ալ Տէրն ալ այսօր պայծառակերպուելով` կը յայտնէ իր Աստուածութիւնը»: Հին ժամանակ Վարդավառը կը տօնէին ջրային խաղերով, սիրահարներ աղաւնիներ կը թռցնէին ժողովրդական երգերով ու պարերով, եւ վարդեր կը նուիրէին մարդիկ իրարու:

Վարդավառը նաեւ կը յիշատակուի Ջրհեղեղը յիշատակելու համար. կը զուգադիպի Նոյեան տապանին` Արարատ լերան վրայ կանգ առած օրուան` 7-րդ ամսուն 15-րդ օրուան հետ: Ըստ աւանդութեան, Նոյ իր թոռներուն կը պատուիրէ տարին անգամ մը յիշատակել ջուրերուն երկրէն քաշուելու օրը:


ՏԱՂ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ

ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ

Գոհար Վարդը շղարշուած
Արփիական վեհ վարսերէն
Հուսկ վերեւը կը ծաւալէր, վարսերէն վեր
Ծաղկածիծաղ ծովն երկնային
Եւ այդ ծովէն համատարած
Կը պղպջար գոյնն երփնափողփող ծաղիկին
Իսկ ճիւղերուն հուրհրատին հասած էին
Պտուղները քրքումնաթիւր:
Հուրհրատող սիրասնունդ
Հովանիին խառն ու առատ տերեւներուն
Սօսափող, հրաշալի
Աստուածատուր տաւիղին պէս Դաւիթի:
Վարդաստանը շող կ՛արձակէր հազարերան.
Ծիծաղածուփ ծաղիկներու երփնախաղով.
Սօսն ու տոսախն սփռեր էին այնտեղ բոսոր
Դալարագեղ ոստերն իրենց:
Նոճիներն ու արոսենին նորաբողբոջ
Կը շրջէին հեւքով յուշիկ
Գգուելով վարդ ու շուշան.
Կը շողշողար շուշանն մէջ հովիտին
Կը շողշողար դէմն արեգակին:
Հիւսիսային հովն հեզասահ
Կը հովահարէր գիր շուշանը.
Հարաւային զով լեռներու
Օդը կը շողար ջինջ շուշանին:
Շուշանը կը լեցուէր շաղով
Շող շաղով շաղ մարգարիտով.
Արեգնափայլ ոսկի ամպէն
Շաղ կը ջրէր ծաղկունքն ամբողջ:
Երեւեցան հետզհետէ
Աստղերն առկայծ դարձդարձիկ
Լուսինն առին իրենց մէջ
Ու երկինքի բիլ կամարին համատարած
Հոծ խումբերով շուրջանակին ճառագեցին:
Փառք հօր, որդիին եւ սուրբ հոգիին
Այժմ եւ միշտ յաւիտեանս յաւիտենից:

(Թրգմն. Մ. Պ.)

Բնութեան պաշտամունքի գեղեցկութեան եւ գովերգութեան ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնները կը տեսնենք Նարեկացիի «Վարդավառի տաղ»-ին մէջ:

Իսկ Խորենացի կ՛ըսէ. «Լուսաւոր եւ պայծառ է խորհուրդը այս տօնին եւ տիեզերական ցնծութեան աւետիս կը հնչեցնէ ամբողջ երկինքով մէկ: …Կ՛արթննան մեր մէջ ցնծութեան երգեր»:

Խորենացի իր «Վարդավառի խորհուրդ»-ին մէջ ոչ միայն կը պատկերացնէ այլակերպութեան լերան նկարագրութիւնը, թէ ի՛նչ պատահեցաւ. երբ Յիսուս իր աստուածային պատկերով ներկայացաւ աշակերտներուն, ապա կը ներկայացնէ նաեւ եկեղեցւոյ միութիւնը Աստուծոյ ներկայութեան հետ: Երբ երկնագումար դասերը կը միանան երկրաւոր խումբերուն հետ, տեղի կ՛ունենայ հրաշքը: Ոչ միայն մեր բանականութիւնը եւ հրեշտակները կը փառաւորեն զԱստուած, այլեւ ամբողջ տիեզերքը, նոյնիսկ անշունչներն ու անշարժները կը զուարճացնեն միտքն ու զգայնութիւնները:

Խորենացի կ՛ըսէ. «Նոր Սիոնի վրայ հրեշտակներու դասերու օրհնութիւնները քաղցրանուագ կը հնչեն` պայծառահրաշ լոյսով պարուրուած»: Երկինքն ու երկիրը ամբողջութեամբ կը նորոգուին եւ լեռները կը ցնծան Տիրոջ առջեւ: Ոչ միայն անէծքները կը մերժուին օրհնութիւններով, եւ տարրերը կը նորոգուին, այլ բնութիւնը փառքով կը պսակուի: Երկինքը վերէն պայծառ զգեստներ կը հագցնէ շարժող լուսաւորներուն` վճիտ ու մաքուր լոյս սփռելով աշխարհի վրայ:

Հաւատքի բարձրացած խորանը, երկնքի նման կամարաձեւ շրջապատելով, հաւատացեալները, անստուեր լոյսի անապական ճառագայթը կը փայլեցնէ մեր բանական բնութեան հոգեւոր աշխարհին մէջ:

Պայծառալոյս արեւը կը հեռացնէ հիւսիսի ցուրտը, ջերմութիւն կը տարածէ երկինքով մէկ: Իսկ հաւատքի պտուղ Աստուածածինը իրեն հետ վառած մեծաջահ սուրբերը երրորդութեան լոյսի հոգեւոր աստղերուն տիեզերքով մէկ կը շրջափայլի որպէս հրաշապայծառ ճառագայթ: Ամպերը սպասարկելով Տէրունական հրամանին` կը յագեցնեն տիեզերքը` «Ամպը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ ներկայութիւնը»:

Խորենացի այլակերպութեան պատկերին ընդմէջէն կ՛ուզէ ներկայացնել, թէ ինչպէ՛ս Աստուած իր գիտութեան ողորմութեան անձրեւները կը տեղացնէ մեր բնութեան վրայ: Ինչպէ՛ս մարդ եւ Աստուած կը միանան իրարու` մարդը դարձնելով ստեղծագործ:

Մարդը օժտուած է այնպիսի ձգտումներով եւ կարողութիւններով, որոնք կրնան զինք կատարելագործել եւ փառաւորել:

Երբ ամբողջութեամբ դառնանք լոյս, ոգեղէն ներկայութեան կամ էութեան հաղորդակից կը դառնանք:

Ծաղկաւէտ լեռները կը ցնծան Աստուծոյ ներկայութեան մէջ: Անոնք, որոնք կը բարձրանան հաւատքի լեռը, ոսկեճաճանչ իմաստութեան ծաղիկներով կը պսակուին: Աստուածագիտութեան բուրմունքը անուշահոտութեամբ կը լեցնէ երկնախոհներու միտքը` քաղելով անմահութեան պտուղներ:

Խորենացի կ՛ըսէ, որ այս օրը Մովսէսի կողմէ անուանուեցաւ առաջին օր, երբ սկզբնածինը ցրուեց խաւարը: Այս նաեւ Տաղաւարայարաց տօնն է, որ Մովսէս օրինադրեց իր ժողովուրդի ելքը: Արմաւենիի ճիւղերով իր ժողովուրդին Սինա լեռ երթալու ընթացքն է` որպէս գոհութիւն, որ կրցան հասնիլ դէպի Աւետեաց Երկիր: Մենք եւս երբ կը լքենք մեր իմանալի Եգիպտոսը` «մարմինը ողողող ախտերու տիղմը», Աւետարանի լոյսին հրափայլ սիւնով առաջնորդուելու, հովանի հոգիի ամպով աստուածագիտութեան հոգեւոր լեռը կը բարձրանանք, ուր կը գտնուի Ամենակալը, եւ ամէն նիւթական կը բոցակիզուի իր մէջ կրակով:

Աստուած մարմնով եկած տեսան եւ անոր հետ անմահացան, կ՛ըսէ Խորենացի:

Եօթը օրեր արմաւենիի ճիւղեր, կանաչ ոստեր բռնած, կը տօնենք Վարդավառը` աշխարհին պատկանող կեանքի բոլոր հոլովումները արտաքսելով մեզմէ, աճելով հոգիով եւ առաքինութիւններով հասնելու դէպի հրեշտակային բարձունք, դէպի Սիոն քաղաք, դէպի լոյսի խորան, ուր խնդութեամբ կը հնչեն ձայները տօնախմբուածներուն: Թաբօր լեռը վերածուած է նոր Սինայի, ներկայ են հրեշտակներու զօրքերը, սերովբէներու բիւրաւոր բանակներ, հրափայլ թեւերով կը պարփակեն արքայական աթոռը: Եկեղեցւոյ սիւները միացած են անշէջ լոյսին հետ: Երկինք կը ցնծայ, երկիր անմահութեան պտուղ կը բուսցնէ, կեանքի լոյսը կը ծագի, տիեզերքը քունէն կ՛արթննայ:

Խորենացի Վարդավառի օրուան հետ կը միացնէ Վերնատան մէջ առաքեալներուն վրայ հոգիին շնորհքներուն էջքը, երբ բազմազան լեզուներով ձայներ կը հնչեն: Նաեւ նոյն օրուան կը զուգադիպի Սինայի մէջ աստուածագիծ օրէնքի գիրը Մովսէսին տրուելուն: Այս նոյն օրը նաեւ եկեղեցւոյ խորանը կը կանգնեցուի Երուսաղէմի մէջ վերափոխելով Ահարոնեան պաշտամունքը Քրիստոսի քահանայութեան նորոգութեան եւ գիրը` հոգիի շնորհքներով:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ այս օրուան կը զուգադիպեցնէ նաեւ Նոյի տապանէն էջքը դէպի Արարատ լեռ:

Երկնաւորներ այս տօնին օրը տիեզերքը իրենց մէջ կը բաժնեն իշխաններ ըլլալու երկնքի ներքեւ եւ աւար առնելու: Բոլորը կը ձայնակցին ըսելու` ելէք աւար առնելու, պարգեւներ բաշխելու եւ տալու մարդոց որդիներուն:

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
+