Այլեւայլ : ​Տօներ-Աւանդութիւններ. Ծաղկազարդ
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Զօրացեալ

Այլեւայլ : ​Տօներ-Աւանդութիւններ. Ծաղկազարդ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

13 Nisan 2019  

​Տօներ-Աւանդութիւններ. Ծաղկազարդ




Տօներ-Աւանդութիւններ. Ծաղկազարդ

Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ` Մեծ պահքի նախավերջին կիրակին:

Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ոստերով: Բայց տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական ծագում եւ նուիրուած էր գարնան զարթօնքէն, յարութիւն առնող բնութեան:

Ծաղկազարդը նաեւ կոչուած է Ծառզարդար, որ դարձեալ նուիրուած էր գարնանամուտին: Մարդիկ այդ առիթով իրենց տուներն ու բակերը կը զարդարէին ուռենիի կամ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով` պահպանելու համար փոթորիկներէն եւ բուքէն, յետոյ զանոնք կ՛այրէին եւ մոխիրը կու տային հովին` փորձանքներէ հեռու մնալու հաւատքով: Ժողովուրդը այդ օրհնուած ճիւղերուն մէջ կը տեսնէր խորհրդաւոր ուժ, որուն օգնութեամբ պիտի կարենար դիմակայել բնութեան աղէտները:

Անցեալին եկեղեցիներուն մօտակայ ծառերը կը զարդարէին գունաւոր ժապաւէններով եւ պտուղներով այս սովորութիւնն ալ պտղաբերութեան գաղափարին հետ կապուած էր:

Մինչեւ օրս ալ Ծաղկազարդը մանուկներու եւ երիտասարդներու տօն է: Այդ օրը բոլորը կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, փոքրերը զարդարուն մոմերով կ՛ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին

Ծաղկազարդի յետմիջօրէին կը կատարուի դռնբացէքի արարողութիւնը, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններուն վարագոյրները` խորհրդանշելով Տիրոջ երկրորդ գալուստը, աշխարհի վախճանը եւ Վերջին դատաստանը:

Դռնբացէքի արարողութիւնը խօսակցութեան, հարց ու պատասխանի ձեւ ունի. դռնբացէք կը կոչուի, քանի որ անմիջականօրէն կապ ունի դրան հետ: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն երկինքի արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը Աստուծմէ կը խնդրէ, որ արքայութիւն մտնել արտօնէ:

Ծաղկազարդին յաջորդող երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ տեւող շրջանը կը կոչուի Աւագ կամ Մեծ շաբաթ: Այդ օրերուն եկեղեցին կը յիշէ` Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնն ու թաղումը: Իսկ յաջորդ կիրակի արդէն Զատիկ է` Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը:

+