Այլեւայլ : Պահեցողութիւնը Եւ Մենք
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Կամաւօտ

Այլեւայլ : Պահեցողութիւնը Եւ Մենք

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

05 Nisan 2019  

Պահեցողութիւնը Եւ Մենք




Մար­դիկ եր­բեմն կը կար­ծեն, թէ պահ­քը սոսկ կեն­դա­նա­կան սնուն­դէ հրա­ժա­րիլն է, սա­կայն, իրա­կա­նու­թեան մէջ, ան նախ եւ առաջ հո­գե­կան ու բա­րո­յա­կան բազ­մա­տե­սակ մո­լու­թիւն­նե­րէ հե­ռա­նալ եւ առա­քի­նի կեանք մը ապ­րիլն է:

Պահ­քի ժա­մա­նակ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ պէտք է հե­ռու մնայ եւ հրա­ժա­րի հե­տեւ­եալ­նե­րէն.


Ա. Հրա­ժա­րիլ կեն­դա­նա­կան ծա­գում ու­նե­ցող բո­լոր տե­սա­կի ու­տե­լիք­նե­րէ (մսե­ղէն, կաթ­նե­ղէն, ձկ­նե­ղէն, հաւ­կիթ), որով­հե­տեւ բու­սա­կան կե­րա­կուր­ներ ու­տե­լով մենք կը թե­թեւց­նենք մեր մարմ­նա­կան ցան­կու­թիւն­նե­րը: Կը յի­շենք, որ մենք մարմ­նա­ւոր էակ ըլ­լա­լու կողքին, հո­գե­ւոր էակ­ներ ենք եւ մարդ արա­րա­ծը պէտք է մտա­ծէ նա­եւ հո­գե­ւոր սնուն­դին մա­սին:
Պէտք է ար­ձա­նագ­րել պահ­քի օգ­տա­կա­րու­թիւնը բժշ­կա­կան տե­սան­կիւ­նէն եւս, մաս­նա­ւո­րա­բար Մեծ Պահ­քի ըն­թաց­քին, որով­հե­տեւ գար­նան առանց կեն­դա­նա­կան ճար­պի սնունդ ստա­նա­լը դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կ’ու­նե­նայ մար­դու մար­մի­նին վրայ:


Բ. Հրա­ժա­րիլ մո­լու­թիւն­նե­րէ (ծխա­խոտ, ոգե­լից խմիչք, թղ­թա­խաղ, որկ­րա­մո­լու­թիւն եւ այլն): Ան­շուշտ մո­լու­թիւն­նե­րէ ձեր­բա­զա­տե­լու հա­մար պէտք չէ սպա­սել Մեծ Պահ­քին: Ար­դա­րեւ, ինք­նազր­կումի՝ եւ առա­ւե­լա­բար կամ­քի զօ­րաց­ման սքան­չե­լի առիթ է Մեծ Պահ­քը, որով­հե­տեւ այդ տե­սա­կի պա­հե­ցո­ղու­թիւնը աւե­լի ըն­դու­նե­լի է Աստ­ուծոյ եւ օգ­տա­կար` մար­դուն:


Գ. Հե­ռու մնալ ստա­խօ­սու­թե­նէ, հայ­հո­յան­քէ, շա­տա­խօ­սու­թե­նէ եւ ամէն տե­սակ լեզ­ուա­կան արատ­նե­րէ, որոնք դէմ են մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ կը պղ­ծեն մար­դը, որով­հե­տեւ «Բեր­նէն մտա­ծը չէ որ կը պղ­ծէ մար­դը, այլ ինչ որ դուրս կ’ելլէ բեր­նէն ՝այն է որ կը պղ­ծէ մար­դը» (Մտ. 15.11):


Դ. Հրա­ժա­րիլ գան­գատ­նե­րէ, տր­տունջ­քէ, նա­խան­ձէ եւ հպար­տու­թե­նէ (այ­սինքն պահ­քը պէտք չէ դառ­նայ հպար­տա­նա­լու մի­ջոց): Պէտք է հե­ռա­նալ վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րէ, որոնք կը խան­գա­րեն մեր եւ մեր շր­ջա­պա­տին խա­ղա­ղու­թիւնը:


Ե. Վա­նել եսա­սի­րու­թիւնն ու եսա­կեդ­րոն կեանք վա­րե­լը: Մար­դոց հետ բար­եա­ցա­կամ վար­ուիլ եւ զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով ար­տա­յայ­տել այդ մէկը եր­բեմն նոյ­նիսկ մենք զմեզ զր­կե­լով մեր փոքր իրա­ւունք­նե­րէն:


Ի՞ՆՉ ԲԱ­ՆԸ ԽՐԱ­ԽՈՒ­ՍԵԼ ՊԱՀ­ՔԻ ԸՆ­ԹԱՑ­ՔԻՆ
Մեծ Պահ­քի ըն­թաց­քին իւ­րա­քան­չիւր ճշ­մա­րիտ քրիս­տոն­եայ պէտք է, որ կա­տա­րէ հե­տեւ­եալ­նե­րը.


Ա. Առա­ջի­նը յա­րա­տեւ աղօթքն ու Սուրբ Գիր­քի ըն­թեր­ցա­նու­թիւնն է, որոնց զու­գա­հեռ պէտք է յի­շել նա­եւ զղ­ջումն ու ապաշ­խա­րու­թիւնը:


Բ. Ջա­նալ բա­րիք գոր­ծել, այ­սինքն՝ օգ­նել եւ օժան­դա­կել օրի­նակ, հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, կր­թա­կան, կրօ­նա­կան եւ այլ բա­րե­սի­րա­կան միու­թիւն­նե­րու:


Գ. Նիւ­թա­կան եւ հո­գե­ւոր օժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րել աղ­քատ ու հաշ­ման­դամ մար­դոց՝ թե­թեւց­նե­լով անոնց դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը:


Դ. Եթէ ի վի­ճա­կի չենք նիւ­թա­կան օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու, կր­նանք մեր ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րել ազ­նիւ նպա­տակ­նե­րու եւ գոր­ծե­րու իրա­կա­նաց­ման՝ այ­ցե­լե­լով վա­տա­ռողջ մար­դոց, որ­բա­նոց­ներ եւ ծե­րա­նոց­ներ, ան­կեղծ ու մարդ­կա­յնօրէն բաժ­նեկ­ցե­լու անոնց հո­գե­կան ծանր վի­ճա­կին:


Ե. Պահ­քը պէտք է, որ առիթ դառ­նայ ինք­նա­վեր­լուծ­ման, ինք­նա­ճա­նա­չո­ղու­թեան, որով­հե­տեւ պահ­քի սխ­րան­քը մար­դուն ներ­սու­զումն է այն­պի­սի հոգեկան մթ­նո­լոր­տի մէջ, որ անոր կ’օգ­նէ ձեռք բե­րելու ինք­նա­ճա­նա­չու­մի կա­րո­ղու­թիւն եւ գնա­հա­տել սե­փա­կան հո­գե­վի­ճա­կը:


Զ. Պահ­քի ըն­թաց­քին կա­րե­ւոր է հո­գե­ւոր շնորհ­նե­րու, յատ­կա­պէս եղ­բայ­րա­սի­րու­թեան շեշ­տադ­րու­մը: Եզ­նիկ Կող­բա­ցին կ’ըսէ.

«Մարդ կր­նայ կեն­դանիի միս չու­տել, սա­կայն անընդ­հատ իր եղ­բօր մի­սը ծա­մել»:

Վեր­ջա­պէս պէտք է մե­զի յս­տակ ըլ­լայ, որ պա­հե­ցո­ղու­թիւնը իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար ան­հա­տա­կան հարց է: Ինքնանպատակ չէ, այլ կը միտի պահպանել մարդուս հոգեւոր ու մտաւոր առողջութիւնը:


Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան


Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+