Այլեւայլ : Տօնածառը` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Խորհրդանիշը
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Առագոտ

Այլեւայլ : Տօնածառը` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Խորհրդանիշը

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

17 Aralık 2018  

Տօնածառը` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Խորհրդանիշը




Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան անբաժան խորհրդանիշն է տօնածառը, որ երկար ճամբայ կտրած է մինչեւ մեզի հասնիլը:

Գերմանիոյ կը վերագրենք տօնածառի զարդարման աւանդութեան սկիզբը (16-րդ դար), երբ հաւատաւոր քրիստոնեաները զարդարուած ծառեր կը բերեն իրենց տուները: Ոմանք տօնածառը կը պատրաստէին փայտէ եւ կը զարդարէին մշտադալար բոյսերով ու նաեւ` մոմերով: Աստիճանաբար տօնածառի աւանդութիւնը տարածուեցաւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:

Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիին ամուսինը` իշխան Ալպերթը տօնածառը աւելի նորաձեւ դարձուց` 1841 թ. անգլիական առաջին տօնածառը Ուինսորի պալատին մէջ զարդարելով մոմերով, տուրմերով, միրգերով եւ կրկնեփներով: Անշուշտ շուտով անգլիացի մեծահարուստներ հետեւեցան անոր օրինակին:

Քիչ-քիչ տօնածառի գաղափարը տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն. բացի տուներէն` տօնածառեր զետեղուեցան հրապարակներու վրայ, եկեղեցիներու բակերու, պարտէզներու մէջ, պետական շէնքերու մուտքերուն եւ այլն…

Մշտադալար Եղեւնին

Անցեալին, մարդիկ ծառերը կը զարդարէին` հաւատալով, որ անոնք օժտուած են բարի ուժերով, եւ անոնց մէջ կ՛ապրին բարի ոգիներ:

Ծառերէն նուէրներ կախելով` մարդիկ կը ջանային գոհացնել բարի ոգիները: Ծառերը զարդարող խնձորները կը խորհրդանշէին` պտղաբերութիւն, ընկոյզը` աստուածային նախախնամութեան անիմանալիութիւն, հաւկիթները` զարգացող կեանք, ներդաշնակութիւն եւ լիակատար բարեկեցութիւն:

Եղեւինը զարդարելու սովորութիւնը յառաջացած է աւելի քան 2000 տարի առաջ: Մշտադալար եղեւինը առանձնայատուկ տեղ գրաւած է բոլոր ծառերուն մէջ: Անիկա խորհրդանշած է կեանքը եւ կեանքի վերածնունդը` մութէն ու խաւարէն:

Շատեր կը կարծեն, որ մշտադալար եղեւինը դրախտին մէջ աճող անմահութեան ծառն է, վառուող լոյսերն ու մոմերը` մարդկային հոգիները, իսկ զարդարանքները` խորհրդանշական նուիրատուութիւնները:

Հին ատեն տօնածառերը կը զարդարուէին փերիներու եւ բարի ոգիներու պատկերներով, իսկ եղջիւրներն ու զանգակները կ՛օգտագործուէին չար ուժերը վանելու համար:

Տօնածառի Յարդարանքը`
Տարբեր Երկիրներու Մէջ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ հինէն ի վեր հայերը եղեւինի փոխարէն` ամանորին բնութեան պարգեւներով կը զարդարէին ձիթապտուղի կամ խնկենիի ծառը:

Նոր տարուան երեկոյեան անոնք ձիթենիի համեմատաբար հաստ ճիւղը կը խրէին նախապէս թխուած մեծ հացի կամ բաղարջի մէջ եւ զայն կը համարէին Կաղանդի ծառ:

Տան անդամները նախ ընկուզեղէնով կը զարդարէին ճիւղը, այնուհետեւ տանտէրը զայն եկեղեցի կը տանէր, քահանային օրհնել կու տար, յետոյ կը բերէր տուն եւ կ՛ամրացնէր գերանին:

Տօնածառի խաղալիքները հասկերէ, ընկոյզներէ (թիւով` եօթը) պատրաստուած զարդեր էին, որոնց վրայ կը կախէին չարխափաններ, ինչպէս նաեւ` մարդակերպ եւ կենդանակերպ թխուածքներ:

Նոր տարուան ծառը նաեւ կը զարդարէին խնձորով, որ կը խորհրդանշէր պտղաբերութիւն, ցորենի հասկերով` որպէս առատութեան նշան, ինչպէս նաեւ` լուբիայի պատիճներով, որոնք աւանդաբար կը խորհրդանշէին ընտանիքին ամրութիւնը:

Տօնածառը կը պատրաստուէր փայտեայ խաչի վրայ, որ կը խորհրդանշէր տիեզերական չորս ուղղութիւնները:

Ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի կարծիքով, ամանորի ծառը զարդարելու համար պէտք է օգտագործել տարբեր խորհրդանշական իրեր` արական եւ իգական սեռի կապուած տիկնիկներ, հացահատիկ, նուռ, միրգեր, մետաղադրամներ, փուշեր` ուղղուած չար աչքի դէմ, փոքրիկ քսակներ` որպէս առատութեան ու լիութեան խորհրդանիշ`

– ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ տօնածառը կը զարդարէին հրեշտակներով, սիրամարգերով եւ այլ թռչուններով:

– ՇՈՒԷՏԻ ՄԷՋ տօնածառը կը զարդարէին վառ գոյներով ներկուած փայտեայ խաղալիքներով:

– ԴԱՆԻՈՅ ՄԷՋ տօնածառէն կը կախէին փոքրիկ դրօշակներ, զանգակներ, աստղեր, ձիւնի փաթիլներ եւ սրտիկներ:

– ԼԻԹՈՒԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ծառէն կը կախէն ծղօտէ թռչնավանդակներ, աստղեր եւ այլն…

– ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ քրիստոնեաները փոքրիկ հովահարներ եւ թուղթէ լապտերներ կը կախէին իրենց տօնածառերէն:

– ՉԵԽԻՈՅ ՄԷՋ տօնածառը կը զարդարէին հաւկիթի ներկուած կեղեւէն պատրաստուած զարդերով:

– ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՄԷՋ տօնածառը կը զարդարէին սարդերով եւ սարդոստայնով` որպէս յաջողութեան խորհրդանիշ:


ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ շուտով պիտի օժտուի նոր տօնածառով մը: Արդարեւ, երկու օրէն Հանրապետութեան հրապարակի նոր տօնածառը արդէն կազմ ու պատրաստ կ՛ըլլայ դիմաւորելու համար Նոր տարին: Նոր տօնածառին բարձրութիւնը 37 մեթր է:

Քաղաքապետարանի աղբիւրներու համաձայն, տօնածառը, որ պատրաստուած է բարձրորակ արհեստական եղեւինի ճիւղերէ, պիտի զարդարուի 1500 խաղալիքներով եւ շուրջ 200 քիլոմեթր երկարութեամբ լուսատու շղթաներով: Այս տօնածառը արժած է շուրջ 146 հազար տոլար:

Նշենք, որ նախկին տօնածառը զետեղուած էր 2005 թուականին, եւ շատերու փափաքն էր, որ անիկա փոխարինուի նորով մը: Ստորեւ նկարներուն վրայ կը տեսնենք 2005 թուականին զետեղուած եւ ամբողջ 13 տարիներ ծառայած նախկին տօնածառը, ինչպէս նաեւ 1950-ական թուականներուն հրապարակը, զարդարած թերեւս անշուք, սակայն այնքան խորհրդաւոր տօնածառը…

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+