Այլեւայլ : Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

17 Ağustos 2018  

Որո՞նք Են Այն Հինգ Սխալները




Անուշահոտի ընտրութեան եւ գործածութեան հետ կապուած կան 5 սխալներ, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ, եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա մեր ճաշակին եւ մեր մորթին համապատասխան ըլլայ, երկար դիմանայ եւ ժամանակէն առաջ չհիննայ ու չծանրանայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անուշահոտի մասնագէտ Լեսլի Կոթիէի 5 զգուշացումները:

Առանց Փորձելու Գնելը
Շատեր համացանցէն կարծիքներ քաղելով կամ վաճառող երիտասարդուհիին կարծիքին վստահելով եւ կամ բարեկամուհիի մը վրայէն հոտը առնելով` կուրօրէն անուշահոտ կը գնեն: Ծանուցումները իրենց կարգին շփոթի կը մատնեն…
Այս փորձութիւններէն հեռու մնալով` պէտք է անպայման անուշահոտը փորձել` նախքան գնելը:

Սխալ Ձեւով Փորձելը
Անուշահոտը փորձելէն անմիջապէս ետք կարելի չէ զայն գնել: Պէտք է սպասել, որ ժամանակ անցնի, երկու-երեք ժամ, ինչո՞ւ չէ, ամբողջ օր մը, հետեւելու համար անոր բոյրի հոլովոյթին: Երբեք սխալ չէ, եւ ոչ ալ ամօթ` անուշահոտ փորձելը եւ յաջորդ օրը գնելը եւ թերեւս` հրաժարիլը:

Սխալ Ձեւով Պահելը
Այո՛, անուշահոտը պէտք է պահել լոյսէն եւ տաքէն հեռու: Յատկապէս կարելի չէ անուշահոտին սրուակը զետեղել բաղնիքի հայելիին առջեւ: Բաղնիքը այն տեղն է, ուր լոգանքի եւ շոգիի պատճառով ջերմաստիճանի մեծ ելեւէջներ կը պատահին: Նոյնպէս ալ կարելի չէ անուշահոտին սրուակը զետեղել շպարի սեղանին վրայ, ուր արեւին ճառագայթները մնայուն կը թափանցեն: Յարմարագոյնը պիտի ըլլայ սրուակը պահել պահարանին եւ կամ գզրոցին մէջ:

Մեծ Չափի Սրուակ Գնելը
Անուշահոտ գնելու ատեն նախապատուութիւնը տալ փոքր չափի սրուակներուն, նոյնիսկ եթէ մեծ սրուակին գինը աւելի յարմար է: Փոքր սրուակով անուշահոտ գնելը ունի իր առաւելութիւնները, նախ` չի հիննար ու ծանրանար, իսկ բոյրէն ձանձրանալու պարագային, անիկա որոշ ժամանակ մը ետք կը սպառի, եւ նորը ընտրելու առիթ կը ստեղծուի:

Չափազանցելը
Երբ անուշահոտ մը երկար ժամանակի վրայ գործածուի, զայն կրողը հոտին կը վարժուի եւ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ բոյրը կորսնցուցած է իր ազդեցութիւնը:
Պէտք չէ չարաշահել անուշահոտին գործածութիւնը եւ անհանգստացնել շրջապատը:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+