Առողջապահական. Շաքար Պարունակող 10 «Անմեղ» Ուտելիքներ
Առողջութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (OMS) կը յանձնարարէ օրական 50 կրամէն աւելի շաքար չսպառել: 50 կրամ շաքարը համապատասխան է 10 կտոր շաքարի: Դժբախտաբար շատեր օրական 100 կրամ շաքարի սահմանները կ՛անցնին: Պատճառը` քաղցրեղէնի հանդէպ անդիմադրելի տկարութիւնը, բայց նաեւ «անմեղ» նկատուող ուտելիքները, որոնք թէեւ շաքարով հարուստ են, սակայն հակառակ տպաւորութիւնը ձգած են բոլորին մօտ…
Հետեւաբար առաջին հերթին պէտք է զգուշանալ եւ չափաւորել «անմեղ» ուտելիքներու սպառումը:
Չոր Պտուղները
Ծիրան, չամիչ, սալոր, թուզ… ուժ հայթայթող եւ անօթութիւնը «սանձող» այս պտուղները մեծ քանակութեամբ շաքար կը պարունակեն, մինչդեռ թարմ վիճակի մէջ համեմատութիւնը նոյնը չէ: Թելադրելի է, որ անոնց սպառումը փոքրիկ ափի մը սահմանը չանցնի:
«Սուշի»-ն
Ամերիկացի սննդագէտ Ռաշէլ Պէլըրի կարծիքով, «Սուշի»-ին եւ «համպըրկըր»-ին ջերմուժի քանակը գրեթէ նոյնն է: Նոյնիսկ եթէ թերահաւատութեամբ մօտենանք այս հաստատումին, չենք կրնար ժխտել, որ «սուշի»-ի համեղ, գունեղ եւ ախորժաբեր պատառիկներուն ընկերակցող թացանները շաքարի բոյն են: Ամէն անգամ որ պատառիկը կը թաթխենք թացանին մէջ, բրինձը կը ծծէ զայն եւ կարեւոր քանակութեամբ շաքար կը մտնէ մեր մարմնին մէջ թէ՛ ճերմակ բրինձին, եւ թէ՛ քաղցր թացանին ճամբով:
Մածունը
Սովորութիւն դարձած է գնումի ատեն ընտրել 0 առ հարիւր իւղ պարունակող կաթնեղէնները: Բայց 0 առ հարիւրը կը վերաբերի իւղի պարունակութեան, եւ ոչ թէ շաքարի: Իսկ գաղտնիք չէ, որ ուտելիքներուն իւղի քանակի պակսեցման դիմաց, սովորաբար, շաքարի քանակն է, որ կ՛աւելնայ: Բացի մածունէն, նոյնն է շաքարի քանակն է, որ կ՛աւելնայ: Բացի մածունէն, նոյնն է պարագան «լայթ» մայոնէզներուն, պանրեղէնին, եւ այլն… հետեւաբար, գնումի ատեն պէտք է ուշադիր կարդալ սննդական արժէքի պիտակը:
Հացահատիկի Ցպիկները
Շատեր հացահատիկի այս ցպիկներէն մէկ-երկու հատ կը նետեն իրենց պայուսակին մէջ` անօթութիւնը յագցնելու համար: Մինչդեռ ասոնք 0.4-էն մինչեւ 20 կրամ շաքար կրնան պարունակել: Այս պարագային եւս պէտք է ուշադիր կարդալ պիտակը եւ հրաժարիլ 5.5 կրամ շաքար պարունակողէն տարբեր տեսականին: 5.5 կրամ շաքարը համազօր է շուրջ մէկ կտոր շաքարի:
Պահածոյ Բանջարեղէնները
Բանջարեղէնները բոլոր տեսակի սննդականոններու լաւագոյն ուտելիքներն են, սակայն պէտք է ճիշդ ընտրութիւն կատարել: Պահածոյացուած բանջարեղէններուն համը պահպանելու համար յաւելեալ շաքար կ՛աւելցուի: Թելադրելի է հրաժարիլ պահածոյացուած ոլոռնէն, ստեպղինէն, լուբիայէն եւ այլն…
Բրինձով Շօթերը
Որպէս անօթութիւնը սանձող` բրինձով շոթերը եւս մեծ ընդունելութիւն գտած են. մինչդեռ անոնք կը պարունակեն նոյնքան շաքար, որքան «փէն տը մի»-ն (ֆրանսական քառակուսի հացը): Հետեւաբար պէտք է չափաւորել անոնց սպառումը:
Խեչափառի Ցպիկները
Անվնաս համարուած խեչափառի ցպիկները (քրապ սթիքս), այդքան ալ անմեղ ուտելիքներ չեն: Արուեստական ձեւով պատրաստուած խեչափառի ցպիկներուն մէջ կան շաքարով հարուստ պահպանիչներ:
Տաշուած Ստեպղինը
Շատեր կը մտածեն, որ տաշուած ստեպղինի աղցան մը կրնայ փոխարինել ճաշի ժում մը` հայթայթելով այլազան կենսանիւթեր եւ հանքայիններ: Ասիկա ճիշդ է այն պարագային, երբ տունը տաշուած եւ պատրաստուած է, առանց շաքարով հարուստ թացան կամ պահպանիչ օգտագործելու: Մինչդեռ պատրաստի վաճառուող տեսակները յաւելեալ շաքար մը պարունակեն:
Պաղ Թէյերը
Տունը պատրաստուած թէյը, այո՛, օժտուած է թէյին բոլոր լաւ յատկութիւններով, մինչդեռ շուկայէն գնուածները մեծ քանակութեամբ սոտա եւ բնականաբար շաքար կը պարունակեն:
Հացահատիկները
Կաթին հետ ուտուող հացահատիկներու տեսականին կը շլացնէ մեծերն ու փոքրերը: Ասոնք ո՛չ միայն վնասակար են մարմին այլ նաեւ` ակռաներուն, քանի որ մեծ քանակութեամբ շաքար կը պարունակեն: Գնելու ժամանակ պէտք չէ խաբուիլ անոնց տեսքէն, այլ պէտք է ուշադիր կարդալ պիտակը: